Քաթարի մէջ իսրայէլեան հարուածը արժանացաւ արաբական եւ միջազգային դատապարտումի: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն տեղի ունեցածը դասեց իսրայէլեան ոտնձգութիւններու երկար շարքին, զայն համարելով կայունութիւնը վերահաստատելու բոլոր ջանքերը ոտնակոխելու փորձ մը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնով խօսեցաւ իր քաթարցի պաշտօնակիցին հետ, պահանջելով արաբական ու միջազգային համախմբուածութիւն՝ վերջ տալու իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին նշեց, որ Քաթարի թիրախաւորումը խախտում է համայն արաբական աշխարհի գերիշխանութեան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Քաթարի գերիշխանութեան խախտում համարեց Տոհայի հարուածը, իսկ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, թէ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կարծիքով, Տոհայի թիրախաւորումը չի ծառայեր Իսրայէլին կամ ամերիկեան շահերուն: Ֆրանսայի նախագահը դատապարտելով անընդունելի համարեց Տոհայի թիրախաւորումը, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետը քննադատեց իսրայէլեան քայլը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալման դատապարտեց յարձակումը եւ զօրակցեցաւ Տոհայի որոշումներուն, Քաթարի տրամադրութեան տակ դնելով սէուտական կարողութիւնները: Ան նաեւ մաղթեց, որ կայունութիւն տիրէ Լիբանանի, Եմէնի եւ Սուտանի մէջ, միաժամանակ աջակցելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան: Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը դատապարտեց իսրայէլեան արարքը, ահազանգելով թէ ամբողջ տարածաշրջանին վիճակը պայթիւնավտանգ է:
Այլ գիծի վրայ, Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսուլա վոն սէր Լէյէն դատապարտեց Կազայի մէջ իսրայէլեան գործողութիւնները եւ պաղեստինցիները սովի մատնելու քաղաքականութիւնը, յայտարարելով որ Եւրոմիութիւնը պիտի առկախէ Թել Աւիւին նպաստի տրամադրումը եւ պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ իսրայէլացի ծայրայեղական նախարարներուն նկատմամբ:

