Աննախադէպ եւ մեծապէս անսպասելի քայլով մը, Իսրայէլի կառավարութիւնը նախանցեալ օր ընդարձակեց իր ոտնձգութիւններուն տրամագիծը եւ առաջին անգամ ըլլալով թիրախաւորեց աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկը համարուող Քաթարը՝ Համասի ղեկավարներ ահաբեկելու նպատակով: Յարձակումը տեղի ունեցաւ 8 Սեպտեմբերին, մինչ Համասի կարգ մը բարձրաստիճան պատասխանատուներ ժողով կը գումարէին մայրաքաղաք Տոհայի մէջ՝ քննարկելու համար Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու մասին ամերիկացի նախագահին վերջին առաջարկը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ օդուժը յարձակումը գործած է հետախուզական ծառայութիւններուն եւ բանակին միջեւ համագործակցութեան բերումով: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ յստակ տեղեկութիւններ չկան Համասի պատասխանատուներուն ճակատագրին մասին, իսկ պաղեստինեան շարժումը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց մահը գլխաւոր պատասխանատուներէն Խալիլ Հայէի զաւկին, գրասենեակի ղեկավարին ու չորս թիկնապահներու, ժխտելով թէ ոեւէ ղեկավար սպաննուած է Տոհայի մէջ: Քաթարի Ներքին գործերու նախարարութիւնն ալ յայտարարեց ապահովական ուժերէն ծառայողի մը մահը: Սպիտակ տունը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակը տեղեկացուցած էր, որ Իսրայէլ Համասը պիտի հարուածէ Տոհայի մէջ, իսկ նախագահ Թրամփ Քաթարին վստահեցուցած է, որ նման յարձակում երբեք պիտի չկրկնուի: Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հերքեց յարձակումին մասին ամերիկացիներէն տեղեկութիւն ստանալու մասին տարածուած լուրերը:
Որպէս առաջին հակադարձութիւն, Տոհա առկախեց Կազայի հարցով իր միջնորդի դերակատարութիւնը: Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը հեռաձայնային բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ ստացաւ պաշտօնակիցներէ՝ ներառեալ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւ շարք մը արաբ ղեկավարներ: Ան յայտնեց, թէ Տոհա անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն պիտի ձեռնարկէ՝ պաշտպանելու համար երկրին անվտանգութիւնը եւ պահպանելու գերիշխանութիւնը՝ հակադարձելով իսրայէլեան յարձակումին: Իսկ վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար Մոհամմատ պըն Ապտ Էլ-Ռահման յայտնեց, թէ իրենց պաշտպանութեան համակարգը չէր կրցած նկատել իսրայէլեան հրթիռները: Շեշտելով, որ Քաթար կը վերապահէ հակադարձութեան իրաւունքը, վարչապետը իր իսրայէլացի պաշտօնակիցը ամբաստանեց պետական ահաբեկչութեան մէջ եւ ահազանգեց, թէ Պենիամին Նեթանիահու տարածաշրջանը կը մղէ վիճակի մը, որ կարելի չէ բարեկարգել: Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետը համոզում յայտնեց, որ Տոհայի յարձակումը կրնայ բանալ Կազայի պատերազմին վերջ տալու դուռը: Ան հաւաստիացուց, որ Իսրայէլ անկախաբար գործած էր յարձակումը եւ կը կրէ անոր պատասխանատուութիւնը:
Իսկ երէկ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Համասէն պահանջեց ընդունիլ իսրայէլեան վերջին պայմանները, հակառակ պարագային սպառնալով կործանել Համասը եւ Կազան: Ան յայտնեց, թէ օդուժը Եմէնի մէջ հարուածած է մայրաքաղաք Սանաան ու այլ շրջաններ, խոստանալով «ահաբեկիչները հարուածել ամէն տեղ՝ ուրկէ վտանգ կը սպառնայ Իսրայէլին»: Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու բանբեր զօրավար Եահիա Սարիհ միւս կողմէ նշեց, թէ զսպած են իսրայէլեան հրթիռներն ու օդանաւերը, ձախողութեան մատնելով յարձակումին մեծամասնութիւնը: Իսկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հարուածը կեդրոնացած է Պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ: ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպանը Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին յայտնեց, թէ «ահաբեկիչները Կազայի, Լիբանանի, Քաթարի եւ որեւէ այլ վայրի մէջ պիտի չվայելեն անձեռնմխելիութիւն»: Իսրայէլեան Քնէյսէթին նախագահն ալ շեշտեց, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցածը պատգամ մըն էր ամբողջ Միջին Արեւելքին:

