Հայաստանը չի տեսնում որեւէ պատճառ, թէ ինչու Թուրքիան պէտք է յապաղի սահմաններու բացման եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հարցով։
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը։
«Ես չեմ տեսնում պատճառ, թէ ինչու պիտի Թուրքիան յապաղի այս հարցում, յամենայն դէպս, հայկական կողմից որեւէ յապաղման խնդիր չկայ։ Մենք պատրաստ ենք հէնց վաղը ունենալ բաց սահմաններ եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Ի դէպ, բաւականին վերջերս Փաքիստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցինք, եւ դա նոյնպէս շատ նշանակալի իրադարձութիւն է։ Յոյս ունեմ՝ Թուրքիայի հետ նոյնպէս նման քայլի կը գնանք»,- ընդգծեց Ռուբինյեան։
Անոր խօսքով՝ քաղաքական կամքի առկայութեան պարագային շատ արագ հնարաւոր է իրականացնել գործընթացը։
«Մեր կողմից այդ կամքը միանշանակ կայ, եւ համոզուած եմ, որ կարճ ժամանակում հնարաւոր է հասնել մեծ արդիւնքների»,- յաւելեց Ռուբինեան։
Ան նշեց, որ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ առանց նախապայմաններու։
«Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ գործընթացը ընթանում է առանց նախապայմանների։ Մենք էլ մեր կողմից որեւէ նախապայման չունենք եւ կարծում ենք, որ շատ արագ հնարաւոր է ունենալ բաց սահման եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Այդ ուղղութեամբ աշխատելու ենք»,- եզրափակեց Ռուբինեան։

