Լիբանանի քաղաքական կեանքին եւ միջկրօնական յարաբերութեանց ակնառու դէմքերէն Իմամ Մուսա Սատրի առեւանգման 47-րդ ոգեկոչման արարողութեանց ծիրէն ներս, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական համագումար` կազմակերպութեամբ «Շէյխ Մուհամմատ Եագուպի անուան զարգացման ու համագործակցութեան հիմնարկ»ին:
Շուրջ 100 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարին ներկայ էին Լիբանանի բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերուն ներկայացուցիչները, քաղաքական գործիչներ եւ համայնքները ներկայացնող երիտասարդներ: Համագումարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց եւ անոր խօսքը արտասանեց Կաթողիկոսարանի միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու հոգեշնորհ Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, իսկ հայ համայնքի երիտասարդութիւնը ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) միջեկեղեցական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արշաւ Ճրճրեան:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ, յիշելով իմամ Մուսա Սատրին ներկայութեամբ իր մասնակցած միջկրօնական ժողովը, ըսաւ, որ ան իր անձնական կեանքին եւ ունեցած յարաբերութիւններուն ճամբով մեծապէս տպաւորած է լիբանանեան հասարակութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտած քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը: Նորին Սուրբ Օծութիւնը Մուսա Սատրի կեանքին ու գործունէութեան անդրադառնալով՝ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
ա) Մուսա Սատրի համար քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը մտաւորական մակարդակի վրայ տեսակէտերու փոխանակում չէ միայն, այլեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւն է։
բ) Մուսա Սատրի համար երկխօսութիւնը անպայմանօրէն համաձայնութիւն չէ, այլ տեսակէտերու փոխանակում ու հարցերու յստակացում է, որ պէտք է կատարուի փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտին մէջ:
գ) Մուսա Սատրի համար քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնները որպէս միաստուածեան կրօններ, հասարակաց արժէքներու վրայ հիմնուած են: Այդ արժէքները, բարոյական թէ աստուածաբանական, պէտք է աւելի ամրանան եւ հաւատարիմ մնան այդ արժէքներուն:
դ) Մուսա Սատրի համար Լիբանանը երկխօսութեան ու գոյակցութեան գեղեցիկ օրինակ է. պէտք է զայն պահել ամուր, որովհետեւ գոյակցութիւնը Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կազմէ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ Մուսա Սատր միջկրօնական յարաբերութեանց դպրոց մըն է, որուն պէտք է հետեւին թէ՛ քրիստոնեաներ եւ թէ՛ իսլամներ:

