Առնուազն վեց մարդ մահացաւ եւ քանի մը ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ երկու պաղեստինցի երիտասարդներ երէկ առաւօտեան կրակ բացին Երուսաղէմի հանրակառքերու խճողուած կայարաններէն մէկուն մէջ: Ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան, պաղեստինցիները Ռամոթի խաչմերուկ ժամանեցին ինքնաշարժով եւ անկէ կրակ արձակեցին կայարանին մէջ հանրակառք սպասողներուն վրայ: Մահացաւ 25-79 տարեկան հինգ տղամարդ եւ 60 տարեկան կին մը: Կայարանին մէջ գտնուող ոստիկան մը եւ քաղաքացի մը հակադարձելով սպաննեցին երկու պաղեստինցիները՝ 20 եւ 21 տարեկան երիտասարդներ, որոնք ժամանած էին Այսրյորդանանէն, միջադէպի բեմավայրէն շուրջ 10 քիլոմեթր հեռու գտնուող երկու գիւղերէ:
Պաղեստինեան նախագահութիւնը եւս դատապարտեց իսրայէլացի եւ պաղեստինցի քաղաքացիներու թիրախաւորումը, կոչ ուղղելով զերծ մնալու բոլոր տեսակի բռնարարքներէն եւ ահաբեկչութենէն, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց աղբիւրը: Իսկ Համաս շարժումը տեղի ունեցածը համարեց պաղեստինցիներուն նկատմամբ գործուող ցեղասպանութեան բնական հակադարձութիւն մը, առանց ստանձնելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Այս արարքը Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան ծանրագոյն յարձակումն էր 2023-էն ի վեր:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ծանրօրէն հարուածեցին Կազա քաղաքին բարձրայարկ շարք մը շէնքեր, բնակիչներուն փախուստի դիմելու կոչ ուղղելէ կարճ ժամանակ ետք: Իսրայէլ կը պնդէ, թէ կործանուած շէնքերը կամ անոնց շրջակայքը ահաբեկչական յարձակումներու նպատակով կը գործածուին Համաս շարժումին կողմէ: Մարդկային իրաւունքներու պաղեստինեան կեդրոնը յայտարարեց, թէ իր գրասենեակը կը գտնուի ռմբակոծուած շէնքերէն մէկուն մէջ, մարդասիրական շարք մը այլ գրասենեակներու կողքին:

Համաս շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնեց սկսելու գերիներու ազատ արձակումի բանակցութիւններ, պայմանաւ որ Իսրայէլ յստակօրէն յայտարարէ պատերազմին աւարտը եւ Կազայէն ամբողջական նահանջը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին նաեւ հարաւային Ռամոն օդակայանի տարածքին մէջ անօդաչու սարքի մը պայթումին մասին: Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութիւնը նախապէս յայտարարած էր իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ անօդաչու սարքեր արձակելու մասին, որպէս զօրակցութիւն պաղեստինցիներուն:

