Եւրոմիութիւնը ողջունած է Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահին ներկայութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Կառոյցին համոզմամբ՝ այդ նշանակալի յառաջընթաց էր տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ:
«Այժմ կարեւոր է, որ պայմանաւորուածութիւնները ժամանակին իրականացուին, Խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի եւ վաւերացուի: Այդ կարեւոր եւ վճռական քայլ է դէպի երկկողմ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորում՝ հիմնուած երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու փոխադարձ ճանաչման վրայ՝ Ալմա-աթայի հռչակագրին համապատասխան»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի ընդհանուր խաղաղ զարգացման վրայ:
«ԵՄ-ն լիովին կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարիներ շարունակ աշխատած է է երկու կողմին եւ միջազգային գործընկերներուն հետ՝ կայուն խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար»,- նշած են Եւրոմիութենէն:
Յայտարարութեան միացած են Ալպանիան, Վրաստանը, Իսլանտան, Մոլտովան, Նորվեկիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Սան Մարինօն, Սերպիան, Ուքրանիան, Մեծ Բրիտանիան եւ այլ երկիրներ:

