Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին զարգացումները քննարկեց իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Մաքրոն ապա մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յիշեցուց, թէ Ռուսիա սկսած է պատերազմը, մինչ Քիեւ համաձայնած է գտնել լուծում՝ ամերիկացի նախագահին առաջարկած ծրագրին հիման վրայ: Մաքրոնի խօսքով, 26 պետութիւն պատրաստակամութիւն յայտնած է ցամաքային, օդային եւ ծովային ուժեր տեղակայելու Ուքրանիոյ մէջ՝ օգնելու համար ուքրանացիներուն եւ մտային հանգստութիւն շնորհելու Քիեւին: Զելենսքի իր կարգին յայտնեց, թէ այդ պետութիւններուն խորհրդարանները պէտք է իրենց համաձայնութիւնը տան ուքրանացիներուն ապահովական ծրագրեր յատկացնելու առաջարկի գործադրութեան: Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց գագաթաժողով գումարելու իր ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնակիցներուն հետ՝ քննարկելու համար լուծումի հնարաւորութիւնները:

