Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց Կազա քաղաքին մէջ «դժոխքի դարպասներուն բացումը» եւ թիրախաւորումի ենթակայ առաջին շէնքի բնակիչներուն հեռանալու հրահանգներ արձակեց: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ առաջին յարձակումը գործած է շէնքի մը վրայ, որ կը գործածուէր Համասի կողմէ: Ըստ բանակին, յառաջիկայ օրերուն յարձակումներու պիտի ենթարկուին այն կառոյցները, որոնք վերածուած են զինուորական նպատակներու ծառայող կեդրոններուն: «Համասի աշխուժութիւն նկատեցինք Կազա քաղաքին մէջ՝ մանաւանդ բարձրայարկ շէնքերուն վրայ», յայտարարեց իսրայէլեան բանակը:
Համաս շարժումի զինեալ թեւը՝ Ազզատտին Քասսամ հրապարակեց տեսագրութիւններ, ուր կ’երեւին Կազայի մէջ գերեվարուած իսրայէլացիներէն երկուքը: Անոնցմէ մէկուն մէջ, իսրայէլացի գերին կը յայտնուի Կազա քաղաքի կործանուած շէնքերուն միջեւ ինքնաշարժով շրջագայութեան ընթացքին եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ կ’ուղղէ չգործադրելու Կազան վերստին գրաւելու իր ծրագիրը: Համաս հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց Կազայի վրայ նոր յարձակումներ ձեռնարկելու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ըստ շարժումին, աւելի քան 700 օր երկարած իսրայէլեան գործողութիւնն ու անոր դիմաց աշխարհին լռութիւնը ամօթ մըն է մարդկութեան ճակատին, «որովհետեւ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները համազօր են հաւաքական ոճրագործութեան եւ ցեղային զտումի»:
Իսկ ՄԱԿ-ի ԵՈՒՆԻՍԷՖ գործակալութիւնը ահազանգեց, թէ մանկութիւնը չի կրնար ողջ մնալ Կազա քաղաքին մէջ, նկատի առնելով իսրայէլեան գործողութիւնները եւ համատարած սովը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին յայտնեց, թէ Կազայի պատերազմը վաղն իսկ կրնայ աւարտիլ, եթէ Համաս դադրեցնէ առճակատումը եւ ազատ արձակէ գերիները:

