Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏ ՆԻՍՏ ԱՌԱՆՑ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻ

September 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

Հակառակ վերջին օրերուն տարածուած շարք մը տարաձայնութիւններուն եւ սպառնական կանխատեսումներուն, զէնքի մենաշնորհին հարցով գործադիր իշխանութեան որոշումները գործադրելու մասին լիբանանեան բանակին ծրագիրը ներկայացնող կառավարութեան երէկուայ նիստը անցաւ հանդարտ, թէեւ շիի յարանուանութիւնը ներկայացնող նախարարները ներկայ չէին նիստին ամբողջ ընթացքին, այլ դուրս եկան որպէս բողոքի արտայայտութիւն: Նիստին մէկ մասին ներկայ եղաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ՝ ներկայացնելու համար զինուորական հաստատութեան ծրագիրը, որ կը վերաբերի պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու եւ զինեալ կազմակերպութիւնները՝ ներառեալ Հըզպալլան, ապազինելու կառավարական որոշումը գործադրելու փուլերուն: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարները հետեւած են բանակի ծրագրին եւ ողջունած են զայն, սակայն նախընտրած են ծրագրին մանրամասնութիւնները եւ նախարարական քննարկումները պահել գաղտնի: «Բանակին հրամանատարութիւնը այս նիւթին մասին ամսական զեկոյցներ պիտի ներկայացնէ կառավարութեան», ըսաւ Մարքոս: Անոր համաձայն, կառավարութիւնը զէնքի մենաշնորհի եւ գերիշխանութեան ամրապնդումի ծրագրին մէջ զիջումներ չէ ներկայացուցած, այլ կը շարունակէ գործադրութիւնը, առանց ներքին ցնցումերու: «Բանակը պիտի գործադրէ իր ծրագիրը, ըստ առկայ հնարաւորութիւններուն: Բանակը իրաւունք ունի կայացնելու գործնական որոշումներ», ըսաւ տեղեկատուութեան նախարարը, շեշտելով որ Լիբանան կը պահանջէ 1701 բանաձեւին ամբողջական, ոչ-մասնատուած գործադրութիւնը

Պաապտայի պալատին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերստին դատապարտած է իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ դրուատած ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան երկարաձգումին ընկերակցած լիբանանեան աշխոյժ դիւանագիտութիւնը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստին ընթացքին զգուշացուցած է, որ Լիբանանի մէջ արտերկրեայ ներդրումներ պիտի չըլլան, եթէ չըլլայ  ապահովութիւն եւ հանդարտութիւն, աւելցնելով որ այդ մասին տեղեկացած է Ֆրանսա եւ Եգիպտոս կատարած այցելութիւններուն ընթացքին: Սալամ ահազանգած է, որ միջազգային ընտանիքին ճշմարտացիութիւնը վտանգուած է, ուստի պէտք է արագ շարժիլ եւ վերջ դնել իսրայէլեան ոճիրներուն: Տեղեկատուութեան նախարարին խօսքով, նախարարաց խորհուրդը միաձայն դատապարտած է իսրայէլեան շարունակական յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորեն լիբանանցի քաղաքացիները եւ քաղաքացիական կառոյցները, այդ ոտնձգութիւնները համարելով միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում եւ Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնալիք: Կառավարութիւնը շեշտեց, որ մինչ Լիբանան ամբողջութեամբ յանձնառու կը մնայ 2024-ի զինադադարի համաձայնութեան, Իսրայէլ իր շարունակական խախտումներով ցոյց կու տայ, թէ որեւէ մտադրութիւն չունի պահպանելու կայունութիւնը, այլ կը վտանգէ քաղաքացիներուն եւ խաղաղապահներուն ապահովութիւնը: Ուստի, կառավարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց երաշխաւորելու զինադադարի համաձայնութեան ամբողջական գործադրութիւնը՝ վերջ տալով իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն: Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի նկատմամբ, որպէսզի նահանջէ լիբանանեան բռնագրաւեալ դիրքերէն: Ան շեշտեց, թէ զէնքի մենաշնորհի որոշումը լիբանանեան գերիշխանական որոշում մըն է, ուստի արտաքին կողմերու միջամտութիւնները մերժելի են:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ «ՕՏԱՐԱԶԳԻ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԱՍԱՏՈՒՐ ՓԱՇԱՅԵԱՆ)

Next Post

ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ԴԺՈԽՔԻ ԴԱՐՊԱՍՆԵՐԸ

Next Post

ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ԴԺՈԽՔԻ ԴԱՐՊԱՍՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.