Հանրագիտարանային բնոյթի հատոր մըն է նորերս լոյսին եկած սոյն պատկառելի աշխատութիւնը: Հայագէտ, պրպտող Ասատուր Փաշայեանի երկար ու ձիգ տարիներու աշխատանքին արգասիքն է այս հաստափոր մատեանը (683 էջ), որ յիրաւի կրնանք ծանրակշիռ ներդրում մը համարել հայագիտութեան ոլորտէն ներս: Հեղինակը ջանադիր հետեւողականութեամբ, օտարազգի հայագէտներու անուն առ անուն հաւաքելով, կազմած է այս գիրքը: Գիրքին Մուտքը, հեղինակին կողմէ գրուած, ուսանելի ակնարկ մըն է հայագիտութեան պատմութեան՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Հարուստ տուեալներով յագեցած այս ներածական խօսքը ընթերցողին կը պարզէ, թէ ի՛նչպէս եւ ո՛ւր սկսաւ հայագիտութիւնը, ի՛նչպէս զարգացաւ եւ ինչպիսի՛ փուլերէ անցաւ ան՝ հասնելու համար բարձր մակարդակներու: Օտարազգի քանի՜-քանի՜ հարիւր երախտաւորներ անուրանալի եւ շնորհակալ ներդրում ունեցած են հայագիտութեան տարբեր մարզերէ ներս՝ ըլլան անոնք պատմութեան, բանասիրութեան, լեզուաբանութեան, հնագիտութեան, ճարտարապետութեան, ձեռագրագիտութեան եւ այլն:
Հայերէնի ուսումնասիրութեան օտար լեզուով գրուած առաջին գործին հեղինակն է իտալացի լեզուաբան, արեւելագէտ Ամբրոսիոս Թեսեոս: Գիրքը լատիներէնով լոյս տեսած է 1539-ին, Իտալիոյ Պադուա քաղաքը: Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան ուսումնասիրման գործը կը սկսի 1621-ին, Իտալիոյ Միլան քաղաքին մէջ, ուր լոյս կը տեսնէ «Բառգիրք հայ-լատին» գիրքը. հեղինակն էր հայագէտ Ֆրանչիսկօ Ռիվոլա: Ան նաեւ հրատարակած է «Հայկական քերականութիւն» գործը (1624): Հայկական բանասիրութեան ուսումնասիրման հիմքը կը դրուի 1711-ին՝ Ամսթերտամի մէջ, երբ գերմանացի արեւելագէտ, հայագէտ Եոախիմ Շրյոտեր լոյսին կ’ընծայէ «Արամեան լեզուի գանձ» գիրքը: Ապա, Ա. Փաշայեան հետաքրքրական հարց մը կու տայ՝ ի՞նչ կը հասկնանք հայագիտութիւն ըսելով եւ կը պատասխանէ՝ «Հայագիտութիւնը գիտութիւնների համակարգ է, որն ուսումնասիրում է հայ ժողովրդի պատմութիւնը, լեզուն, գրականութիւնը, հայ ժողովրդի հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթը եւ առհասարակ կենսագործունէութեան բոլոր կողմերը:
Որպէս գիտական ուղղութիւն այն սկզբնաւորուել է նոր դարաշրջանի արշալոյսին՝ 18-րդ դարի սկզբներին, մեծ եւ հարուստ ժառանգութեան հիմքի վրայ»: Որմէ ետք կը կարդանք այն մեծանուն օտար պատմիչներուն անունները, որոնք անդրադարձած են Հայաստանին ու հայութեան, ինչպէս Հերոդոտոս, Քսենեփոն, Պոլիբիոս, Պլուտարքոս, Տակիտոս, Ապպիանոս, ալ-Մասուտի, Զենոբ Գլակ, Միքայէլ Ասորին, Աբրահամ Ղրամատիկոս եւ ուրիշներ: Հեղինակը կեդրոնացած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան վրայ, նշելով որ ֆրանսացի արեւելագէտ-հայագէտ Մատյուրեն Վերսիեր դը լա Կրոզի իրաւացիօրէն զայն կոչած է «Թագուհի թարգմանութեանց» եւ շատեր անկէ թարգմանած են իրենց լեզուներուն: Ան ընդգծելի հաստատում մը կը կատարէ՝ «Մեր մօտաւոր հաշւումներով, մինչեւ այսօր հայ ժողովրդի գիր ու գրականութեան, պատմական ճակատագրի, թարգմանական եւ այլ յարակից հարցերով զբաղուած եւ զբաղուող օտարազգիների թիւը անցնում է հազարից»: Այնուհետեւ, ուշադրութիւն կը դարձնէ Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան զարգացման վրայ եւ կը հաստատէ՝ «նրա զարգացման հիմնական երկու օջախները 18-19-րդ դարերում եղել են Ֆրանսիան եւ Գերմանիան»: Անցնելով հայոց մօտ հայագիտութեան զարգացման, բնականաբար ան առաջնային տեղ տուած է Մխիթարեան միաբանութեան վիթխարի ժառանգութեան (Վենետիկ եւ Վիեննա), յիշատակելով անունները Մխիթար Սեբաստացի աբբահօր, Միքայէլ Չամչեանի, Յակովբոս Տաշեանի, Գաբրիէլ Մենեւիշեանի, Արսէն Այտընեանի, Մինաս Բժշկեանի, Գարեգին Զարբհանալեանի, Մանուէլ Քաջունիի, Գաբրիէլ Նահապետեանի, Վարդան Հացունիի, Յարութիւն եւ Մկրտիչ Աւգերեաններու, Արսէն Ղազիկեանի: Իսկ եւրոպացիներէն՝ Անտուան Մեյէ, Հայնրիխ Հիւբշման, Վիկտոր Լանգլուա, Ժոզէֆ Մարկվարտ, Էտուար Դյուլորիէ եւ շատ ուրիշներ:
Հայագիտութեան աշխարհագրական տարածութիւնը ընդարձակ է՝ ընդգրկելով բազմաթիւ քաղաքներու նշանաւոր համալսարաններ, ամպիոններ, գիտական կեդրոններ. կը կարդանք երկար ցուցակը անցեալէն այսօր հայագիտութեամբ զբաղած եւ զբաղող օճախներու՝ ըլլան համալսարաններ թէ գիտական կաճառներ.- Մոսկուա, Սէն Փեթերսպուրկ, Դաղստան, Լվով, Խարքով, Թիֆլիս, Գալիֆորնիա (Լոս Անճելըս), Գոլոմպիա (Նիւ Եորք), Հարուըրտ, Միչիկըն, Լոնտոն, Օքսֆորտ, Քէմպրիճ, Վիեննա, Պրիւսէլ, Լուվեն, Սան Փաուլօ, Սոֆիա, Պերլին, Ենա, Լայպցիկ, Հալլէ, Դանիա, Վենետիկ, Հռոմ, Միլան, Պոլոնիա, Սպահան, Թեհրան, Վարշավա, Կրակով, Պէյրութ, Անթիլիաս, Զմմառ, Գահիրէ, Մոնթրէալ, Նետերլանտներ, Հաագա, Լէյտըն, Աթէնք, Սալոնիկ, Պուտափէշթ, Օսլօ, Ժընեւ, Փրակա, Պուխարեստ, Փարիզ, Սթրասպուրկ եւ այլն: Ըստ հեղինակին, Հայաստանի մէջ հայագիտութեան առաջին կեդրոնը եղած է Վաղարշապատը: Անդրադառնալով հայագիտական պարբերական մամուլին, ան կը թուէ պատկառելի անուններ, արտերկրի մէջ՝ ինչպէս՝ «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, «Էմինեան ազգագրական ժողովածուն», Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք, «Գեղարդ» տարեգիրք, Երուսաղէմի «Սիոն» ամսաթերթը, «Արձագանգ», «Մշակ», «Շողակաթ» թերթերը. ֆրանսերէն եւ անգլերէն պարբերականներ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ Սբ. Էջմիածնի «Արարատ»ը, «Ազգագրական Հանդէս»ը, աւելի ուշ՝ 1958-էն ցայսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի «Պատմաբանասիրական Հանդէս»ը եւ այլն: Կ’իմանանք նաեւ հայագէտներու ազգային պատկերը, ինչ որ հետաքրքրաշարժ է անշուշտ, «Ներկայացուած հայագէտների եւ գիտական, կրօնական, մշակութային ու հասարակական գործիչների քանակային պատկերն այսպիսին է (հերթականութիւնը՝ ըստ տուեալ երկրի հայագէտների քանակի)՝ ֆրանսիացի, գերմանացի, ռուս, իտալացի, վրացի, լեհ, հրեայ, անգլիացի, ուքրաինացի, ռումին, պելկիացի, յոյն, չեխ, պարսիկ, արաբ, նետերլանտցի, զուիցերիացի, հունգարացի, դանիացի, սպանացի, մոլտովացի, լատվիացի, լիտվացի, նորվեկացի, իռլանտացի, թուրք, քիւրտ, պուլկարացի, ասորի, հնդիկ, ճափոնցի, օս եւ այլն»: Կը կարդանք անունները այն հայ բանասէրներուն կամ հայագէտներուն, որոնք անդրադարձած են եւրոպացի հայագէտներու կամ անոնց գործերուն, ինչպէս՝ Ստեփանոս Նազարեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Միքայէլ Միանսարեանց, Հ. Գարեգին Զարբհանալեան, Կարապետ Եզեան (Եզով), Սուքիաս Պարոնեան, Արամ Բաբայեան, Յակոբ Սիրունի, Յակոբ Անասեան, Լեւոն Մելիքսէթ-Բէկ, Պարոյր Մուրատեան, Տիգրան Կարապետեան, Միքայէլ Զաւարեան, Վրէժ քհնյ. Ներսիսեան, Գոհար Ազնաւուրեան, Գէորգ Աբգարեան, Գուրգէն Յովնան, Ռոպերթ Խաչատրեան, Էտուարտ Յակոբեան, Հայկազ Յովհաննիսեան, Արմենակ Սալմասեան, Կարապետ Կոստանեան, Հ. Պետրոս Ֆերհաթեան, Գրիգոր Ասթարճեան, Խաչիկ Դաշտենց, Կամսար Գրիգորեան, Պէլլա Բարսեղեան, Ռաֆայէլ Համբարձումեան, Արծուի Բախչինեան, Արմէն Այվազեան, Աշոտ Հայրունի, Աելիտա Դոլուխանեան, Կարէն Եուզպաշեան, Անահիտ Պէքարեան, Ստ. Մալխասեան եւ ուրիշներ: Ակնարկ կայ նաեւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած հայագիտական գիտաժողովներու, միջազգային համաժողովներու, որոնք նպաստած են հայագիտութեան տարածման եւ խորացման:
Օտարազգի հայագէտներու կենսագրական տուեալները, հայագիտութեան իրենց բերած նպաստը, գործերը եւ քաղուած աղբիւրները ներկայացուած են հանրագիտարաններու օրինակով՝ այբբենական կարգով՝ Այբէն Ֆէ (էջ 25-660): Մանրազնինօրէն թերթելով այս արժէքաւոր գործին էջերը եւ հոն արձանագրուած անուն-յօդուածները, պիտի նկատենք որ հեղինակը իր տեսադաշտին ունեցած է բաւականին լայն տրամաչափ մը՝ հոն պարփակելով թարգմանիչներ, դրամագէտներ, հայոց բժշկագիտութեամբ զբաղողներ, իրաւագէտներ, ազգագրագէտներ եւ այլն: Այսպէս՝ Ա տառն ունի 28 անուն-յօդուած, Բ-ը՝ 59, Գ-ը՝ 40, Դ-ն՝ 29, Ե-ը՝ 2, Զ-ն՝ 9, Է-ն՝ 4, Թ-ն՝ 16, Ժ-ն՝ 3, Ի-ն՝ 5, Լ-ն՝ 32, Խ-ն՝ 5, Կ-ն՝ 47, Հ-ն՝ 15, Ձ-ն՝ 1, Ղ-ը՝ 2, Մ-ն՝ 55, Յ-ն՝ 10, Ն-ն՝ 17, Շ-ն՝ 25, Ո-ն՝ 8, Չ-ն՝ 10, Պ-ն՝ 28, Ջ-ն՝ 3, Ռ-ն՝ 29, Ս-ն՝ 29, Վ-ն՝ 23, Տ-ն՝ 18, Ց-ն՝ 3, Փ-ը՝ 1, Ք-ն՝ 12, Օ-ն՝ 8, Ֆ-ն՝ 16:
Գիրքին լոյս ընծայումը իրականութիւն դարձած է հասարակական ծանօթ գործիչ, բանասէր, ամերիկահայ մտաւորական Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու շնորհակալ մեկենասութեամբ: Սա իրենց մատենաշարին 87-րդ հատորն է: Հատորը բարեխղճօրէն խմբագրած է Գէորգ Եազըճեանը: Գիրքը լոյս տեսած է 2024-ին, Երեւան, ՎՄՎ-Պրինտ հրատարակչութենէն:
Տեղին է հաստատել, որ այս հատորը խիստ շահեկան ուղեցոյց-աղբիւր է յատկապէս հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներու, բանասէրներու, պատմաբաններու, լեզուաբաններու համար:
Իրօք, ծափահարելի աշխատութիւն մը արդարեւ: Սակայն, նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ հայագէտներուն լուսանկարները եւս զետեղուէին հատորին մէջ. գէթ նշանաւորներունը անոնցմէ:

