Հրապարակում՝ Ֆաթիհ Միսիր, 26 Մայիս 2025։
Աղբիւր՝ լրատուական կեդրոն։
Օրակարգ` Տեղական լրատուութիւններ։
Պապի Իզնիկ կատարած այցը, որ օրակարգի վրայ է, ստիպեց զիս վերստին անդրադառնալ թեմային։
Անցեալ յօդուածներուս մէջ արդէն անդրադարձած էի Թուրքիոյ համար Վատիկանի ունեցած կարեւորութեան։ Այսօր պիտի քննարկեմ այն շրջանակները, որոնք քուլիսային աշխատանքներ կը տանին Վատիկանի մէջ։
Բանու Աւարին՝ TRT-ի մէջ աշխատած ժամանած «Սահմաններու միջեւ» փաստավաւերագրական հաղորդաշարէն մէկուն մէջ (որուն պատճառով ան հեռացուեցաւ ալիքէն) անդրադարձած էր Վատիկանի ընտրութիւններուն, որոշումներուն, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, որոնք համացանցի մէջ կարելի է գտնել։
Սոյն հաղորդումներուն հետեւողները արդէն գիտեն, թէ Վատիկանը ինչպէս կը գործէ։ Բայց այսօրուայ իրավիճակը արդէն այլ է. նորընտիր պապը դեռ իր նոր ուղին գծած չէ, սակայն արդէն այժմէն կը տեսնենք թուրք գործիչներու շարքը՝ պապականութեան մօտ հանդիպում ստանալու համար։
Բացի այն վարկածէն, որ նոր պապը իբրեւ թէ կեսարացի է, սկսած են գործի լծուիլ նաեւ ներսի տեղական շարժիչ ուժերը, իսկ գորշ քահանայ Բարթելեմէոսն ու նմանները իրենց դերը կը կատարեն այս բեմահարթակին վրայ։

Հայ սփիւռքը եւ Վատիկանի յարաբերութիւնները
Մարտինցի կաթողիկէ հայ եպիսկոպոս՝ Իգնատիոս Շուքրալլահ Մալոյեանի մահէն տարիներ անց ալ ան չէր սրբադասուած, սակայն ահա 2025 թուականին վախճանած պապին կողմէ Սուրբ հռչակուեցաւ։ Այս ինքնին կասկածի տեղիք կու տայ։
Թուրք Ուղղափառ եկեղեցին չճանչցող պապականութիւնը չես գիտեր ինչպէս յունական գորշ քահանայ ճանչցած է որպէս տիեզերական պատրիարք, միայն այսքանով չբաւարարուելով` կը սրբադասէ մահացած հայ հոգեւորական մը։ Իսկ մենք, իբր հանդուրժողականութիւն ցուցաբերող, թոյլ կու տանք Իզնիկի մէջ պատարագ մատուցուի։ Աւելի՛ն, մշակոյթի նախարարը անձամբ կը մասնակցի Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւններուն։ Ի՞նչ յանձնառութեամբ, ի՞նչ մտադրութեամբ։ Ոմանք այս կը ներկայացնեն որպէս հոգեւոր զբօսաշրջութիւն, բայց իրականութեան մէջ մենք ականատես կը դառնանք Անատոլի մէջ խաղցուող խաղերուն։

Սուրբ Վլասի մասին գործատար ժողովը եւ հայ սփիւռքը
Սեբաստիոյ մէջ նոյն խաղը փորձեցին կրկնել։ Անցեալ տարի մասնակցեցաւ նաեւ գրող-հետազօտող Մեհմետ Ալի Օզը։ Այդ ժողովին անքակտելիօրէն դիմադրեցինք սփիւռքի կեղծիքներուն։ Սեբաստիոյ մէջ հնագիտական դաշտի մէջ խաղցուող բեմագրութիւնը բացայայտած էր Մեհմետ Ալի Օզը իր գիրքերով եւ յայտարարութիւններով։ Նաեւ այդ ժողովին մասնակցած էր Ցհաթ Յայճը փաշան։ Բայց չյաջողելով Սեբաստիոյ մէջ, այժմ Սփիւռքը ձեռնամուխ եղած է Կարսի, Էրզրումի, Կեսարիոյ, Պուրսայի, Մարտինի, Ատանայի եւ այլ նահանգներու մէջ տարբեր նախագիծերու որոնման։

