Սփիւռքահայ գրականութեան Բ. սերունդի ամէնէն փայլուն արձակագիրներէն մին է, անկասկած, Յակոբ Կարապենց (1925-1994), որ իր կեանքին մեծագոյն բաժինը ապրած ըլլալով Ամերիկա ու ստեղծագործած ըլլալով հո՛ն՝ հաստատապէս մաս կազմեց ամերիկահայ գրականութեան։ Այս առումով ալ, իր անունը կը դնենք Համաստեղի, Բենիամին Նուրիկեանի, Վահէ-Հայկի կամ Արամ Հայկազի նման վաստակաւոր դէմքերու շարքին, իբրեւ անոնց կրտսեր մէկ հետեւորդը, այդ երէց գրագէտներէն 25-30 տարի փոքր։
Բայց անմիջապէս հարկ է ճշդել, թէ այս «հետեւորդ»-ութիւնը բացարձակ չէ, այլ մասնակի է, որովհետեւ Կարապենց ո՛չ իր ծննդավայրով, ո՛չ լեզուով, ո՛չ ալ իր մշակած գրականութեան միջուկով ու նպատակով կը նոյնանար վերեւի անուններուն հետ։ Այդ համբուրելի անուններն ու Կարապենցը իրարու կամրջող, զանոնք գրական նոյն ընտանիքին անդամ դարձնող երկու կէտ կար միայն. աշխարհագրական միջավայրը՝ Ամերիկան, ուր կ՛ապրէին անոնք, եւ հայատառ գրականութիւնը, որուն սպասարկելու հաճոյքն ու բաւականութիւնը կ՛ապրէին բոլորն ալ…։
Պիտի յիշենք, որ Համաստեղ ու միւս անունները, իրենց ծնունդով, կու գային ուղղակի պատմական Արեւմտահայաստանի հողերէն։ Մինչդեռ Կարապենց Թաւրիզէն էր (Իրան)։ Համաստեղ եւ միւսները, առաւելաբար, փորձեցին վերապրեցնել իրենց կորսուած գիւղն ու հայրենի օճախը (կարօտի գրականութիւն), կամ սեւեռել այդ բնօրաններէն Նոր Աշխարհ գաղթած Ա. սերունդի հայորդիներու տագնապները, մինչդեռ Կարապենց ընդհանրապէս իրեն նիւթ դարձուց բո՛ւն իսկ ամերիկածին ամերիկահայն ու բնիկ ամերիկացին՝ իրենց առօրեայ շփումին մէջ։ Համաստեղ եւ միւսները գրեցին արեւմտահայերէնով, իսկ Կարապենց՝ արեւելահայերէնով, որ պարսկահայու իր հարազատ բարբառն էր…։
Յակոբ Կարապենց ամերիկահայ բովանդակ գրականութեան մէջ երեւոյթ մըն էր։ Ինքնուրոյն դիմագծութեամբ գրագէտ մը։ Բարձրորակ, նորարար ու արդիապաշտ գրիչ մը, գեղահիւս ոճի վարպետ մը, որ ամէնէն բարդ պատկերներն ու զգացական վիճակները արտակարգօրէն ճկուն բառերով ու դարձուածքներով նկարագրելու, վրձինելու շնորհն ունէր։ Նայուածքը պայծառ էր միշտ, ճաշակը՝ նուրբ, տէրն էր ընթերցողը կախարդելու ու զայն գիրքին մթնոլորտին մէջ ներքաշելու գաղտնիքին։ Ստեղծագործական իր աշխարհը ընդարձակ էր, բազմերանգ, հայադրոշմ ու համամարդկային միաժամանակ։
Մինչեւ այսօր շատեր կը զարմանան, որ այս գրողը,– ո՜վ գիտէ գաղափարախօսական ինչ ազդակներու տակ,– խուսափեցաւ անգլերէն գրելէ (սահուն եւ անսխալ կը գրէր այդ լեզուով) ու նախընտրեց փոքրաթիւ ընթերցողներ ունենալու գնո՛վ իսկ ստեղծագործել լոկ հայերէնով…։ Ամերիկեան տարածուն մամուլին փոխարէն՝ խարիսխ նետեց հայ համեստ մամուլի էջերուն ու իր կենդանարար շունչը հո՛ն սփռեց, մինչեւ իսկ չանսալով իր բարեկամ Ուիլիըմ Սարոյեանի թելադրանքներուն՝ անգլերէն գրելու…։
Կարապենց քաղաքացի-բնակիչն էր Ամերիկայի մեծ ոստաններուն։ Բայց այդ քաղաքները չէին շլացուցած զինք։ Զորօրինակ, Նիւ Եորքը իր երկնահաս բարձրաբերձ շէնքերով ի՞նչ կը ներկայացնէր իրեն համար։ Ահա՛ պատասխանը՝ իր իսկ գրչով։ Կարդացէ՛ք ուշադիր եւ բառ առ բառ.
–– Նիւ Եորքը ցոփակեաց դիցուհո՛ւ պէս պահպանում է իր երիտասարդութիւնը։ Նիւ Եորքը մի վայրկեան է մարդկութեան հազարամեակների մէջ։ Անառակ, համարձակ ու վայրենի։ Այնինչ Աթէնքը, Հռոմն ու Աղեքսանդրիան կառուցել են մտքի եւ հոգու դարաւոր փայլտակումներով, Նիւ Եորքը փորձել է գլուխ հանել մէկ օրուայ մէջ։ Եւ որովհետեւ մտածելու բարդ ձեւերին ծանօթ չէ, ուժ է տուել իր բազուկին։ Տարագիրների, փախստականների ու զանազան բախտախնդիրների ամբոխը ուսը տուել է ժայռին եւ քարը քարին վրայ դնելով հասել երկինք, պատռել ամպերի կուրծքը եւ հռչակել իր ազատութիւնը» («Կարթագէնի դուստրը», էջ 161)։
Ոսկի տառերով դաջուած ճշմարտութիւն մը…։
*
Տասնամեակներ առաջ, 80-ական թուականներուն, իսկական յայտնութիւն մը եղած էր ինծի Կարապենցի հիւթեղ արձակը, որմէ ընդարձակ նմոյշներ ընթերցելու առիթ կ՛ունենայի Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագրի էջերէն։ «Բագին» շատ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ կը հիւրընկալէր Կարապենցի գրութիւնները, եւ զգալի էր որ պրն. Սնապեան՝ ամսագրին գրականագէտ խմբագիրը, հիացում ունէր ամերիկահայ իր այս հաւատարիմ աշխատակիցին նկատմամբ, քանի որ միշտ պատուոյ տեղ կու տար անոր։
Սա պահուն ճշգրտօրէն կը յիշեմ այն առաջին պատմուածքը, որ կարդացած էի Կարապենցէն ու խորապէս տպաւորուած, սիրա՛ծ։ Կա՛մ «Բագին»-ի ընթացիկ թիւերէն մէկուն մէջ էր ատիկա, կա՛մ ալ՝ աւելի հին շրջանի հաւաքածոներուն, որոնց կը դիմէի պարբերաբար, դեռ Ճեմարանի տարիներէս, պեղելու, պրպտելու, անցեալի արժէքները յայտնաբերելու նպատակով։ Կարծեմ «Ուշացած Ալբատրոսը» կը կոչուէր ան եւ նիւեորքաբնակ հայուհիի մը ու Վիեթնամի պատերազմին ամերիկեան բանակին ծառայած ու ծանրօրէն վիրաւորուած ամերիկացի ճենթլմենի մը սիրոյ կապին պատմութիւնն էր…։ «Ալբատրոս»-ը անձնական առագաստանաւու մը անունն էր, ու երկու սիրահարները լման օր մը պիտի անցընէին միասին, անոր վրայ, Նիւ Եորքի նաւահանգիստէն բացուելով դէպի Ատլանտեանի խորերը, միաժամանակ բանալով իրենց սիրտերը իրարու…։
Յետոյ պիտի կարդայի «Լոդիս»-ը, որ ամերիկացի տաղանդաւոր փոքրիկ աղջնակի մը եւ անոր ծնողներուն մասին էր ու կ՛աւարտէր Լոդիսին (աղջկան անունն է) ողբերգական ու անակնկալ մահով…։
Նոյն այդ տարիներուն է որ, օր մըն ալ, Յակոբ Կարապենց իր կենդանի ձայնը հասցուց ինծի… «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին ճամբով։ The voice of America-ն հայերէն ամէնօրեայ սփռումներ ունէր այդ շրջանին ու ես, կարճ ալիքի վրայով, գրեթէ տեւաբար կ՛ունկնդրէի Ուաշինկթընէն հասնող այդ ձայնասփռումները, որոնք առհասարակ արեւելահայերէնով էին։ Կարապենց մերթ ընդ մերթ զեկուցումներ կամ մեկնաբանութիւններ կը կարդար հոնկէ, քանի որ,– ինչպէս պիտի հաստատէի աւելի ուշ,– այդ ռատիօկայանի հայերէն բաժնի խմբագիրներէն մին եղեր էր ինք, լման 25 տարի, 1954-1979։ Կարապենցի այդ կենդանի ձայնը մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ է կարծէք։ Այդ ձայնը իր ու իմ միջեւ «իրական» միա՛կ շփումը մնաց…։
Բայց, բարեբախտաբար, կային իր գիրքերը, որոնցմէ ոմանք, սա կամ նա ճամբով, կը հասնէին ինծի։ «Ադամի գիրքը» մէկն էր անոնցմէ։ Գեղարուեստական վայելք էր Կարապենց ընթերցելը։

