Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ՀԱՅՈՒՆ ՀՈԳԻԻՆ ԿՐԱԿԸ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ (Նիկոսիա)

September 2, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ՀԱՅՈՒՆ ՀՈԳԻԻՆ ԿՐԱԿԸ

Վաչէ Կէօվճելեանը ծնած է Ատիս Ապեպա, Եթովպիա: Հայրը՝ եթովպիահայ, իսկ մայրը` լիբանանահայ: Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ աշակերտած է Պէյրութի Հայ աւետարանական գոլեճին, ապա գացած է Լոնտոն եւ վերադառնալով Պէյրութ` ուսումը շարունակած է Հայկազեան գոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան): Անկէ ետք ան անցած է Թորոնթօ, Գանատա, եւ ամուսնացած է մեքսիքացի կնոջ մը հետ: 1981-ին ան հաստատուած է Մեքսիքայի Փացքուարօ քաղաքը: Եւ չուշացան մտորումներս: Վաչէն կը ներկայացնէ սփիւռքահայու մը կեանքին իսկական տիպարը` իր տարբեր ճանապարհորդութիւններուն մէջէն:

Մեքսիքա,  Օգոստոս 2025:

«Հրա՛յր, ապահո՞վ է, որ Մեքսիքա ճամբորդես»:

Նման հարցումներ ու անոնց մէջ առկայ մտահոգութիւնները կը կիսէին իմ հարազատներս, բայց պատասխանս եղաւ. «Աշխարհի ո՞ր կողմը ապահով է այս օրերուն»:

Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրները ունին վայրագութեան եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան պիտակ: Այցելութեանս ընթացքին տեսայ ուրիշ երես մը, որ  գեղեցիկ է, ջերմ եւ հաղորդական: Տեսայ ու վայելեցի այս երկրին բնական գեղեցկութիւնը, ժողովուրդին հաղորդականութիւնը եւ սրտամօտիկ ջերմութիւնը: Այս մթնոլորտին մէջ կ՛ապրի նաեւ հայը: Այո՛, Մեքսիքայի մէջ ալ հայեր կան:

Միջին դարերէն սկսեալ փոքր թիւով հայեր հաստատուած են Մեքսիքա, բայց շատ աւելիով` Ցեղասպանութենէն ետք: Այսօր կ՛ապրի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երրորդ եւ չորրորդ հայ սերունդ մը, որուն վրայ աւելցած են վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանէն հաստատուած հայորդիներ:

Վաչէն գեղանկարիչ է: Ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լոս Անճելըս, Թորոնթօ եւ Փարիզ: Մեքսիքայի մէջ ալ կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ: «Արուեստը իմ կեանքն է,- ըսաւ Վաչէ,- ինծի համար շատ կարեւոր է հայ ըլլալը: Զաւակներս հայերէն կը խօսին, ինչպէս նաեւ եղբայրս եւ միւս հարազատներս»:

Վաչէին համար հայկական ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը ամուր կերպով զուգորդուած են: «Հայ եկեղեցին եւ մշակոյթը հոգիիս կրակն են», ըսաւ ան: «Հայկական ոճ ունիմ նկարչական գործերուս մէջ եւ ազդուած եմ Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի գործերէն: Կը սիրեմ զուարթ գոյները»:

Հերմինէ Տեմիրճեանը ծնած է Երեւան: 1999-ին եկած է Մեքսիքա: «Ուզեցի աշխարհը տեսնել», ըսաւ Հերմինէն: Ան ալ գեղանկարիչ է: Մականունը վերածած է «Տարիօ»ի, բայց այդ երբեք չի խանգարեր ազգային ինքնութեան նկատմամբ իր հպարտութեան: Հերմինէին համար իր արուեստն ու գեղանկարչական գործերը միշտ ալ հայը Մեքսիքայի հաւաքականութիւններուն ծանօթացնելու ջանքն է: Այս առաքելութիւնը Հերմինէն կը նկատէ իր ազգային «պարտքը»: «Ես իմ ազգային պարտքս է, որ կ՛ուզեմ տալ»:

Հերմինէին ազգային «պարտքը» իր գեղանկարչական գործերուն ցուցահանդէսներն են, որոնց ընդմէջէն ան կը ներկայանայ որպէս հայ մշակոյթի մէկ ժառանգորդը: Ան իր նկարներուն վաճառքի հասոյթը նուիրած է արցախեան պատերազմէն տուժածներուն: «Մեքսիքացի ժողովուրդն է, որ կը գնէ իմ նկարներս, քանի որ կը հաւատան իմ առաքելութեանս», ըսաւ Հերմինէ:

Հերմինէ ամուր կերպով կառչած է Հայաստանին: Ան նոյնքան մտահոգ հայն է: «Հայաստան ծով չունի: Այս կը նշանակէ, որ ռազմական ուժ պիտի կերտենք` իբրեւ մեր անվտանգութեան գրաւականը»:

Մեքսիքայի մէջ այսօր կ՛ապրին մօտաւորապէս 2000 հայեր: Յստակ թիւ չկայ, քանի որ հայութիւնը ինքզինք չէ կազմակերպած որպէս գաղութ: Հայ եկեղեցի եւ դպրոց չկայ, ոչ ալ մշակութային թէ այլ կեդրոն: Մեքսիքան ունի հսկայ տարածութիւն եւ հայերը տարածուած են տարբեր քաղաքներու մէջ: «Հայերը համախմբելը շատ դժուար է. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի դեսպանատուն, որ կը փորձէ հայերը համախմբել: Շատ չկրցանք յաջողիլ այս առումով», ըսաւ Հերմինէն, մեղմ ժպիտ մը դրոշմելով իր դէմքին:

Հերմինէն ունի երկու դուստր, որոնք հայ մեծցած են: Բայց կայ այլ մտահոգութիւն մը. «Մեքսիքա ծնած հայերու եւ հայաստանցի հայերու միջեւ շատ կապ չկայ,- ըսաւ Հերմինէ,- հին հայերը գրեթէ հայերէն չեն խօսիր: Եթէ Հայաստանէն եկող հայերը չըլլան, հայութիւնը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը Մեքսիքայի մէջ»:

Գարլոս Անթառամեանը ծնած է Մեքսիքա: Մեծ հայրը եկած է Խարբերդէն, իսկ մեծ մայրը` Պոլիսէն: Հայրը ծնած է Մեքսիքա, իսկ մայրը սպանացի-հնդիկի խառնուրդ է: «Հայրս շատ լուռ եւ մենակեաց մարդ էր: Ես հայերէնը տունը չսորվեցայ: Հետեւեցայ Վենետիկի ու Հունգարիոյ հայերէնի դասընթացքներուն եւ սորվեցայ հայերէն: 2003-ին ալ ութ ամիսով մնացի Հայաստան: Հայերէն կը կարդամ եւ կը գրեմ, բայց ուղղագրական սխալներ կ՛ընեմ», ըսաւ Գարլոս, մեղմ ժպիտ մը դէմքին: Կը խօսէի հայու մը հետ, որուն մէջէն կը ժայթքէր հայկական ինքնութիւնը: Եւ այդ ինքնութիւնը լեցուն է հպարտութեամբ:

Գարլոսի մասնագիտութիւնը մարդաբանութիւն է: Անոր մեծ հետաքրքրութիւնն է` փնտռել հայուն արմատները եւ պատմութիւնը, յատկապէս` Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներուն մէջ: Ան նաեւ գիրքերու հեղինակ է եւ հիմնած է իր փոքր հրատարակչատունը` «ԱԲԳ»:

«Ցեղասպանութիւնը հայուն համար ազգային ինքնութիւն է,- ըսաւ Գարլոս,- այն է, որ զիս մղեց հայկական ինքնութեան գիտակցութեան եւ աւելի ուժեղ հայ զգալու իրականութեան: Երբ կը շաղուիմ սփիւռքի մէջ հայկական շրջանակներու հետ, ինչպէս որ ըրի Այնճար եւ Պուրճ Համուտ, կրնամ ապրիլ հայուն հետ եւ զգալ հայկականութիւնը, նոյնիսկ երբ ես մեքսիքացի եմ: Ազգային կամքը եւ մեր պատմութիւնն է մեզ միացնող օղակը»:

Գարլոս հագած էր շապիկ մը, որուն վրայ կար Արցախի պատկերը: Այդ միայն շապիկ չէր Գարլոսին համար: Ան հայրենիք է եւ ինքնութիւն: Գարլոս հինգ անգամ այցելած է Արցախ: Ազգային ժողովի պատգամաւորական ընտրութիւններէն մէկուն մասնակցած է որպէս միջազգային դիտորդ: «Արցախի կորուստը շատ ցաւալի է», ըսաւ Գարլոս:

Գարլոսին նայելով` տեսայ, թէ ինչպէ՛ս Արցախը իր մտքին ու սրտին մէջ զօրաւոր կերպով ամրագրուած է: «Արցախի հայութիւնը եւ մենք` սփիւռքահայերս, նոյն ճակատագրին ենթարկուեցանք,- ըսաւ Գարլոս,- երկուքս ալ մեր հայրենի հողը եւ տունը կորսնցուցինք: Երկուքս մեր մեծ ծնողներու գերեզմանները ձգելով դուրս եկանք մեր պապենական հողերէն»:

Գարլոս նաեւ բաժնեկցեցաւ իր մտահոգութիւնը եւ դրաւ իր մարտահրաւէրը. «Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի լաւ վերաբերմունք պէտք է ցուցաբերէ արցախահայութեան կարգավիճակին նկատմամբ: Հայաստան Ատրպէյճանի հետ համահաւասար դիրքերէ պէտք է բանակցութիւններ վարէ»: Մեքսիքայէն հայկական կանչ մը` զգաստութեան, թէ հայուն արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ամէն բանէ վեր է:

Մեքսիքայի մէջ Հայաստանէն հաստատուած հայերու մէջ բաւական թիւով երաժիշտներ կան: Ասոր գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանէն երաժիշտներ Քուպա եւ Կեդրոնական Ամերիկայի այլ երկիրներ կ՛երթային համերգներու համար եւ հոն բարեկամութիւններ կերտած են: Այս բարեկամութիւնները շարունակուած են մինչեւ այսօր, եւ հայ երաժիշտները իրենց այս բարեկամներուն միջոցով աշխատանք գտած եւ հաստատուած են Կեդրոնական Ամերիկա, ինչպէս` Մեքսիքա:

Կարէնը կու գայ Հայաստանէն: Ան Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիքին մէջ քոնթըրպաս նուագած է: 2006  թուականին եկած է Մեքսիքա եւ հաստատուած` Հեմոսիլօ քաղաքը: Ունի երկու զաւակ: «Հայ մնալու համար տունը հայերէն կը խօսինք,- ըսաւ Կարէն,- այս է մեր գիտակցութիւնը»:

Կարէն իր երաժշտութեամբ նոյնքան նաեւ հայութիւնը կը ծանօթացնէ Մեքսիքայի ժողովուրդին: «Հայութիւնը իմ ինքնութիւնս է: Ես զաւակներուս ալ կ՛ըսեմ՝ դուք հայ էք, նոյնիսկ եթէ Մեքսիքա կ՛ապրիք: Երկու զաւակներս ալ Լոս Անճելըս մկրտեցի, որովհետեւ հոս հայկական եկեղեցի չկայ», շարունակեց Կարէն:

Ալեքսանտր Նազարեանը Երեւան ծնած է: Փոքր տարիքէն եկած է Չիուաուա, Մեքսիքա: Ծնողքը երաժիշտներ են եւ ինք ալ ժառանգած է անոնցմէ արուեստի տաղանդը: Հայաստան ջութակ սորված է եւ ներկայիս վիոլա կը նուագէ: Ան կը նուագէ Մեքսիքօ քաղաքի օփերայի նուագախումբին, ինչպէս նաեւ պետական համալսարանի նուագախումբին մէջ:

Ալեքսանտր Մեքսիքայէն ետք անցած է Միացեալ Նահանգներ եւ հոն շարունակած իր ուսումը: Վերադարձած է Մեքսիքա եւ այժմ կ՛ապրի հոն: «Հայութիւնը ժառանգութիւն է ինծի համար: Պատմութիւն, մշակոյթ, արուեստ»: Ալեքսանտր հպարտ է իր հայկական ժառանգութեամբ եւ նախանձախնդիր` անոր պահպանման:

Ալեքսանտրին մեծ ծնողքը եղած են Վանէն: Ցեղասպանութենէն ետք անոնք հասած են Պաքու,  հոնկէ ալ` Հայաստան: «Ցեղասպանութեան հատուցումը անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ Ալեքսանտր:

Ալեքսանտր նոյնքան իր մէջ կը կրէ Արցախի ցաւը: «Արցախը ինչո՞ւ չմիացաւ Հայաստանին, երբ պատերազմը յաղթեցինք 1992-ին», շարունակեց ան: Արցախի կորուստէն ետք «ինչո՞ւ»-ներու այս տարափը`  տարբեր բովանդակութիւններով, կը չարչրկէ իւրաքանչիւր հայուն միտքն ու հոգին, ամէն տեղ: Ալեքսանտրն ալ կը կրէ այս ցաւը:

Ալեքսանտր եւ ես կեցանք Մեքսիքօ քաղաքի հանրային պարտէզին մէջ զետեղուած ժամացոյցին առջեւ, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Երկու սփիւռքահայեր` տարբեր երկիրներէ, մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցէինք մեր նահատակներուն, Մեքսիքօ քաղաքին մէջ, որովհետեւ կը կրենք նոյն ցաւը:

Դարձեալ Վաչէն. «Մեծ արուեստագէտ մը չեմ: Պարզ անձ մըն եմ եւ համեստ կեանք մը կ՛ապրիմ: Բայց կ՛ուզեմ յոյսը արտայայտել»:

Գարլոսը. «Ես հարիւր առ հարիւր մեքսիքացի եմ եւ նոյնքան նաեւ` հայ»:

Հերմինէն. «Մենք հայեր ենք եւ իրարու հետ պիտի ապրինք»:

Իսկ Կարէնը. «Մի օր Հայաստան պիտի երթանք»:

Ու Ալեքսանտրը. «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները երկու տարբեր աշխարհայեացքներու վրայ են: Հայաստանը մէկ ձեւով կը նայի աշխարհին, Սփիւռքը` ուրիշ»:

Մեքսիքայի մէջ թէ՛ տեսայ եւ թէ՛ ալ ապրեցայ Վաչէին հոգիին կրակը, որ նոյնքան նաեւ կրակն էր իւրաքանչիւր հայու, որուն հանդիպեցայ հոն: Հայը կ՛ապրի հայուն հոգիի կրակով` տարբեր երանգներով, բայց նոյն ուժականութեամբ: Այս այն կրակն է, որ հայուն կեանքին մէջ պիտի դնէ յոյսը: Յոյսը` ապրելու համար հայօրէն, միասին եւ միաւորուած: Մեր տարբեր աշխարհայեացքները պիտի բերենք իրար մօտ` զօրացնելու համար հայու հոգիին այս կրակը:

Հայուն հոգիին կրակը:

Այս այն կրակն է, որ հայը պիտի ապրեցնէ:

 

 

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ, ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ (ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post

ԳՐԱԳԷՏ ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ  100-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post
ԳՐԱԳԷՏ ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ   100-ԱՄԵԱԿԸ

ԳՐԱԳԷՏ ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ  100-ԱՄԵԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.