Կառավարութիւնը վաղը Պաապտայի պաալտին մէջ սկզբունքով կը գումարէ զէնքի մենաշնորհի հարցին վերաբերող զգայուն հերթական նիստը, որուն ընթացքին պիտի բացայայտուի լիբանանեան բանակին մշակած ծրագիրը՝ զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու եւ պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու առնչութեամբ: Նշեալ թղթածրարին կողքին, վարչապետութիւնը երէկ յայտարարեց կենսոլորտային, ուժանիւթային ու ելեւմտական ոլորտներուն վերաբերող չորս նիւթեր օրակարգին վրայ աւելցնելու որոշումը: Այսուհանդերձ, տակաւին յայտնի չէ, թէ Հըզպալլան ներկայացնող նախարարները պիտի մասնակցին նիստին կամ ոչ: Աշխատանքի նախարար Մոհամմատ Հայտար նշեց, թէ Հըզպալլայի եւ Ամալի նախարարները դէմ չեն Ուրբաթ օրուայ նիստին մասնակցելու գաղափարին՝ հետեւելու համար բանակի հրամանատարին ծրագրին: Ան սակայն միաժամանակ պնդեց, թէ կարելի չէ ճշդել զէնքերը յանձնելու ժամանակացոյց մը: Կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ալի Մոքտատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալի երեսփոխանները տակաւին վերջնական որոշում չեն կայացուցած նիստին մասին, այլ կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները: Հըզպալլա միաժամանակ առաջարկած է գերիշխանական նման ծանրակշիռ նիւթերու արծարծումը յետաձգել մինչեւ ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումը: Կուսակցութեան «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը իր հերթական նիստին ընթացքին քննարկեց Լիբանանին ու Պաղեստինին վերաբերող նորագոյն թղթածրարները: Հըզպալլայի երեսփոխանները գործադիր իշխանութեան կոչ ուղղեցին «վերջ տալու թշնամիին անվճար նուէրներ տրամադրելու քաղաքականութեան եւ չեղարկելու զէնքի մենաշնորհին հարցով կայացուած ոչ-համախոհական որոշումները»:

Յիշեցնենք, որ 5 եւ 7 Օգոստոսի նիստերուն ընթացքին, կառավարութիւնը որոշած էր ապազինել զինեալ կազմակերպութիւնները՝ ներառեալ Հըզպալլան, բանակէն պահանջելով մշակել ապազինումի ծրագիր մը: Այս որոշումը օրին յառաջացուցած էր Հըզպալլայի եւ Ամալի զայրոյթը, առաջնորդելով նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմէ զգուշացնող յայտարարութիւններու:

