Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶՄՄԱՌՈՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԻ ԵՐԵԿՈՅ

September 2, 2025
in Գաղութային
0
ԶՄՄԱՌՈՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ   ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԻ ԵՐԵԿՈՅ

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ դասական համերգի երեկոյ, որ նախաձեռնութիւնն էր Զմմառու Մայրավանքի վարչական հայրերուն։ Շաբաթ, 30 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 08։30-ին, Զմմառու վանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգի երեկոյ։

Համերգային ծրագիրը կ’ընդգրկէր հայ եւ աշխարհահռչակ դասականներու` Շուպերթի, Ճորտանոյի, Բուչչինիի, Վերտիի եւ այլոց… ինչպէս նաեւ Կանաչեանի եւ Տիգրանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները։

Ելոյթ ունեցան` Հայաստանէն ժամանած սոփրանօ Մէրի Մովսիսեանը եւ Լիբանանէն՝ թենոր Ճոնի Կէօքճեանը։

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Մարալ Հարպոյեանի բացման խօսքով։ Ան ընդհանուր ակնարկ մը ընելէ ետք երաժշտութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան մասին, պահ մը հրաւիրեց բոլոր ներկաները մուտք գործելու Մալոյեանի աշխարհ՝ ուր մշակոյթն ու հոգեւոր դաստիարակութիւնը հոգեւոր կոչման զուգահեռ ան վառ պահած է իր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ։

Ընթացքին, Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սան՝ եղբ. Փօլ Էմիշեան ընթերցեց Սուրբին խօսքերէն փունջ մը։ Իսկ Հայր Վարդան վարդապետը արաբերէնով տեղացի հանդիսատեսին համար հակիրճ ամփոփեց սուրբ Մալոյեանի կեանքին ազդեցիկ դրուագները։ Ապա, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբի անդամներէն քանի մը երիտասարդներ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար Նահատակ» հոգեւոր երգը երգեցին։

Ձեռնարկի աւարտին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց միջոցառումը կազմակերպողներն ու երգիչները, որոնք իրենց անզուգական, թովիչ եւ դիւթիչ ձայնով լիբանանահայ հանրութեան հրամցուցին բարձրորակ արուեստ։ Ան Զմմառու Մայրավանքի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ բացագանչելով կոչ ուղղեց հայ հանրութեան նոր սկիզբի մը՝ որ ըլլայ Սարդարապատի զանգերուն հետ միասին դէպի նոր յաղթական երթի։ Ան անդրադարձաւ նոր սերունդի ճիշդ դաստիարակութեան կարեւորութեան, որպէսզի հայ ազգի ապագայի պատմութեան էջերուն մէջ ոսկէ տառերով արձանագրուին այդ յաղթանակները։

Մեծաւոր հօր «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ երեկոն։

***

Նշենք, որ այս տարի 19 Հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, աշխարհի կաթողիկէ հաւատացեալները եւ հայ ազգը ականատես պիտի ըլլան հոգեւոր եւ պատմական մեծութեան իրադարձութեան՝ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս, երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման, որուն հանդի­սաւոր արարո­ղութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ։

Մալոյեանի սրբութեան ճանապարհը սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ անոր նահատակութեան՝ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական ճանաչմամբ։ 1915 թուականի Յունիսին, օսմանեան իշխանութիւնները զայն ձերբակալած, տանջած եւ մահապատիժի ենթարկած են։ Ան մերժած է իսլամը ընդունիլ՝ նախընտրելով նահատակութեամբ հաստատել իր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին:

 

 

Share68Tweet43
Previous Post

ԳՈՀԱՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ»-Ը

Next Post

ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ, ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ (ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post
ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝  ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ, ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ  (ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ, ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ (ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.