Յունաստանի Վոլոս քաղաքը դարերէ ի վեր կապուած է կիթառի արուեստին հետ։ Դիցաբանութեան մէջ կը յիշատակուի «Գիրօլ Փէթակոս»՝ առաջին կիթառահարն ու ուսուցիչը։ Այսօր նոյն քաղաքը դարձած է համաշխարհային կիթառի կազմակերպութեան կեդրոն, որ հիմնադրուած է Եորկոս Ֆուտուլիսի կողմէ՝ 130 երկիրներու համագործակցութեամբ։ «Կիթառի ողիմպիական»-ը ոչ միայն կը տարածէ կիթառի մշակոյթը, այլ նաեւ կը միաւորէ աշխարհի ժողովուրդները՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշի շուրջ։
Այս միջազգային շարժումին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի նաեւ Լիբանանը։ Երեւանի պետական երաժշտանոցը ուսանած, դասական կիթառի մագիստրոս, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի դասախօս եւ Բարսեղ Կանաչեան վարժարանի կիթառի բաժնի պատասխանատու, նաեւ Համազգայինի «Տաւիղ» անսամպլի եւ «Արարատ» հնգեակի հիմնադիր-ղեկավար Մկրտիչ Միքայէլեան երեք տարի առաջ նշանակուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպան այս կազմակերպութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով ան նախաձեռնեց «Կիթառի Ողիմպիական»-ի մրցոյթը Լիբանանի մէջ։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Օգոստոսին, «KOHAR GALLERY»-ի մէջ, Մկրտիչ Միքայէլեանի, երաժշտագէտ Էտի Թորիկեանի եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներու ներկայութեամբ։ Միջոցառումը կը հովանաւորէր համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող հաստատութիւններ։ Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց տիկին Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ հայերէն եւ անգլերէն ներկայացուց ձեռնարկը ու շեշտեց. «Այսօր մենք ԳՈՀԱՐ կալերիին մէջ համախմբուած ենք այն գործիքին պատճառով, որ եղած է Սպանիոյ ազգային երաժշտական գործիքը: Անոր երաժշտական վայելքները ըմբոշխնելու եւ զայն իրենց կեանքի անբաժան մասնիկը եւ ընկերակիցը դարձնողները քաջալերելու համար…»։
Տիկին Նալպանտեան նաեւ ընդգծեց նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը․ «Կիթառի միջազգային ողիմպիականը ունի բացառիկ նշանակութիւն թէ՛ հայկական եւ թէ՛ լիբանանեան արուեստի գործունէութեան տեսանկիւնէն… այս նախաձեռնութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ ոչ միայն կիթառ նուագողներուն համար, այլեւ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին… դառնալով նոր կամուրջ միջազգային երաժշտական աշխարհին հետ»։
Ցերեկոյթը շարունակուեցաւ մրցանակակիրներու ելոյթներով։ Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Նաժի Ֆարահ, Փօլ Արնելեան, Թրէյսի Քֆուրի, Նարօտ Քէյմէթլեան, Ժոզէֆ Եունէն, Սարգիս Եթէրեան, Գրիգոր Տիշչէքէնեան եւ Ժան-Փիեր Վարդանեան, հանդիսատեսին պարգեւելով համաշխարհային եւ հայկական կիթառի ստեղծագործութիւններ։

Այնուհետեւ Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարած սենեկային անսամպլը ներկայացուց փունջ մը երաժշտական կտորներ՝ Ծավի Թորիկեան, Կալի Թորիկեան եւ Սելին Վարդանեան (ջութակ) իսկ Հրակ Մոմճեան, Նարօտ Քէյմէթլեան, Ժան-Փիեր Վարդանեան, Սարգիս Եթէրեան եւ Գրիգոր Տիշչէքէնեան (կիթառ):
Աւարտին մասնակիցներուն մրցանակները բաշխուեցան Մկրտիչ Միքայէլեանի եւ Էտի Թորիկեանի ձեռամբ։ Այսպիսով, Լիբանան առաջին անգամ դէպի իր հիւրասէր կեդրոնը դարձուց համաշխարհային կիթառի ողիմպիականը՝ իր բաժինը ներդնելով համամարդկային երաժշտական ժառանգութեան զարգացման մէջ:

