Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ (HOMOLOGATION)

Աննախադէպ Նուաճում Հայ Սփիւռքի Մէջ․

September 2, 2025
in Գաղութային
0
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ (HOMOLOGATION)

 

 

Մեծ հպարտութեամբ կը հաղորդենք, որ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը 26 Յունիս 2025-ին պաշտօնապէս ստացաւ Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութեան ճանաչումը՝ homologation-ի վկայագիրը, այսպիսով բարեյաջող աւարտին հասցնելով երկար տարիներէ ի վեր այս նպատակի իրականացման համար տարուած հսկայական աշխատանքը։

«Այսօրուան ձեռքբերումը պատմական էջ մըն է Մեսրոպեանի կեանքին մէջ», նշեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։ «Ան կու գայ հաստատելու մեր վաղեմի տեսլականը՝ ապահովել բարձրորակ, քառալեզու կրթութիւն, որ միաժամանակ արմատաւորուած ըլլայ հայ ազգային ինքնութեան ու դաստիարակութեան մէջ եւ համապատասխանէ համաշխարհային չափանիշներուն», ըսաւ ան:

Այս յատուկ ու բարձրագոյն ճանաչումը աննախադէպ իրադարձութիւն մըն է ոչ միայն Մեսրոպեանի, այլ նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութեան կրթական պատմութեան մէջ, քանի որ մեր վարժարանը կը դառնայ առաջին հայկական վարժարանը հայ սփիւռքին մէջ, որ կը ստանայ այսպիսի պետական մակարդակի վաւերացում։

Homologation-ը առաջին հերթին կը վերաբերի Մեսրոպեանի մանկապարտէզին․ փուլ առ փուլ, անիկա պիտի տարածուի բոլոր բաժանմունքներուն վրայ՝ մինչեւ աւարտական դասարան, ամբողջ կրթութիւնը համապատասխանեցնելով Ֆրանսայի հանրապետութեան կրթական ծրագրերուն, չափանիշներուն եւ ուսումնական պայմաններուն։

Homologation-ը արդիւնք է երկար տարիներու անխոնջ աշխատանքին, որուն լծուած էին վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները՝ ծնողներու մշտական աջակցութեամբ։ Անոր իմաստն ու կարեւորութիւնը մեր աշակերտներուն համար հսկայական է։ Վարժարանին այս ճանաչումը անոնց համար կը բանայ նոր հորիզոններ՝ կրթական եւ մասնագիտական լաւագոյն ապագայի կազմաւորման, ֆրանսախօս համալսարաններ մուտքի դիւրացման, վկայականի միջազգային ճանաչման եւ կրթութեան որակի հաւաստիացման առումով ։

Այս նուաճումը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանը կը մնայ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ դաստիարակել կիրթ, բազմալեզու եւ պատասխանատու նոր սերունդ մը, որ ի վիճակի ըլլայ համադրելու իր հայ ու համամարդկային ինքնութիւնները յանուն արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ ապագայի։

Յիշեցնենք, որ 2025-2026 տարեշրջանին, Մեսրոպեանի մէջ նաեւ պիտի սկսի գործադրուիլ Ֆրանսական պետական պաքալորէայի ծրագիրը (Bacc․ Français, 10-րդ դասարանէն սկսեալ), որ ինքնին մաս կը կազմէ Ֆրանսայի կրթական նախարարութենէն բոլոր բաժիններուն համար homologation ստանալու վարժարանի ծրագիրին։

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԳՈՀԱՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ»-Ը

Next Post
ԳՈՀԱՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ»-Ը

ԳՈՀԱՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ»-Ը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.