Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կը հաստատուի ռազմավարական գործընկերութիւն, Չինաստանի մէջ յայտնած են այդ երկրի նախագահ Սի Ծինփինը եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպման արդիւնքներով: Փաշինեան մեկնած էր Չինաստան՝ մասնակցելու այնտեղ կայանալիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովին: Ծինփինի հետ զրոյցին ան վերահաստատած է Երեւանի ցանկութիւնը՝ անդամակցելու ՇՀԿ-ին: Անոնք պայմանաւորուած են խորացնել համագործակցութիւնը ՇՀԿ-ի շրջանակին մէջ: Սի Ծինփին շեշտած է, որ Չինաստանը անվերապահօրէն կ’աջակցի Հայաստանի քաղաքական անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան: Միաժամանակ, Չինաստանի նախագահը շեշտած է, որ իր երկիրը կ’աջակցի ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:

