Լիբանանի կողքին, իսրայէլեան հարուածները շարունակուեցան նաեւ Կազայի եւ Եմէնի մէջ: Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ Եմէնի վարչապետը եւ շարք մը նախարարներ մահացած են քանի մը օր առաջ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի ծանր ռմբակոծութեան հետեւանքով: Ուստի Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութեան քաղաքական գերագոյն խորհուրդը երէկ կատարեց շարք մը նոր նշանակումներ՝ փոխարինելու ահաբեկուած նախարարները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, թէ Կազայի ուղղութեամբ գործուած յարձակումներէն մէկը ահաբեկած է Համասի զինեալ թեւի բանբեր Ապու Ուպայտան: Պաղեստինեան առողջապահական մարմինները հաղորդեցին, թէ շաբաթավերջին աւելի քան 65 մարդ զոհուած է Կազայի մէջ իսրայէլեան գործողութիւններուն հետեւանքով՝ ներառեալ 35 մարդ Կազա քաղաքին մէջ: Միջազգային մեկնաբանութիւններուն մէջ, Գերմանիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ որոշած է առկախել Կազայի պատերազմին հետ առնչուած զէնքերուն մատակարարումը Իսրայէլին: Որպէս հակադարձութիւն, Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարար Մանուէլ Ալպարես յայտնեց, թէ ժամը հասած է վերջ տալու խօսքերուն եւ անցնելու գործի: Ան պահանջեց առկախել Իսրայէլի հետ կնքուած եւրոպական համաձայնագիրին գործադրութիւնը:

