Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զէնքը համարեց Լիբանանի պատիւը, զգուշացնելով այսպիտի զգայուն նիւթ մը լիբանանեան բանակին վրայ նետելու հետեւանքներէն: «Սատանայական միտքերը Լիբանանին համար աւելի վտանգաւոր են քան Դիմադրութեան զէնքը», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: Իմամ Մուսա Սատրի անհետացման 47-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդարտ երկխօսութեամբ քննարկելու զէնքին ճակատագիրը՝ յանգելու համար ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Այն Թինէի մէջ Պըրրիին տեսակցելէ ետք շեշտեց լիբանանցիներուն միասնութեան կարեւորութիւնը, յիշեցնելով որ վտանգը արտաքին է, ոչ թէ ներքին: «Խնդիրները լուծելու համար պէտք է նկատի առնենք, որ արտաքին սպառնալիքները տակաւին առկայ են, ներքին միասնականութիւնն ալ՝ անհրաժեշտ: Պէտք է երկխօսութեամբ գործադրենք Թայէֆի համաձայնութեան բոլոր կէտերը՝ ներառեալ ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը մշակումը», շեշտեց Խորհրդարանի նախագահը:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին շեշտեց, թէ կառավարութիւնը չէ որդեգրած ամերիկեան փաստաթուղթը, այլ միայն անոր գլխաւոր նպատակները: Ան սակայն դիտել տուաւ, թէ ամերիկացի բանբեր Թոմ Պարրաքի վերջին այցելութեան ընթացքին որեւէ յառաջընթաց չէ եղած, որովհետեւ իսրայէլեան կողմը չէ համաձայնած խնդիրներու լուծումի «քայլ քայլի դիմաց» հոլովոյթին, փոխարէնը որպէս նախապարման առաջադրելով Հըզպալլայի ապազինումը: Սալամ նաեւ յայտնեց, որ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս խոստացած է յառաջիկայ շաբաթներուն լիբանանեան բանակին յանձնել նաեւ մնացեալ գաղթակայաններուն զէնքերը:

