Գործը կէս մնաց…: Որո՞ւ եւ ի՞նչու:
Զօրավար Անդրանիկի թեւաւոր այս խօսքը, մահիճին մէջ մերձ ի մահ ըսուած, կը մնայ դրոշմուած պատմութեան մէջ, որպէս պատգամ այն սերունդներուն, որոնք կը հաւատան Անդրանիկ փաշայի գծած, քալած եւ հարթած ուղիին:
31 Օգոստոս 1927-ին, հեռաւոր ԱՄՆ-ի մէջ, իր աչքերը յաւերժօրէն կը փակէր այն ազգային հերոսը, որուն կենսագրութեան իւրաքանչիւր էջը եղաւ սերտօրէն կապուած հայութեան պայքարին ու ոգորումներուն հետ: Ան հարուածող թուր էր եւ հայատրոփ սիրտ միաժամանակ: Ոսոխին համար սարսափ էր ու հատու սուր, բայց իր ժողովուրդին համար բարեխիղճ պահապան էր եւ յուսալի ապաւէն: Փոթորկայոյզ կեանք մը ապրած հերոսը կը հանգէր տխրօրէն՝ մեծ գործ մը կիսատ թողած ըլլալու կսկծալի տագնապանքով, մեղապարտ ապրումով թոթովելու համար՝ գործս կէս մնաց…:
Անդրանիկի ֆիզիքական մահը սգաց բովանդակ հայութիւնը: Բոլո՛ր շերտերով սգաց, որովհետեւ ազգային հերոսին ընդմէջէն ուզեց անմահացնել հայոց մարտական ոգին, առնականութիւնը եւ ազգին յարատեւութիւնը: Զօրավարը դեռ նորահաս երիտասարդ, կարծէք ի վերուստ տրուած առաքելութեամբ մը, հետամուտ էր այնպիսի հեռագնայ ծրագիրի մը, որ պիտի զօրաշարժէր հայութիւնը սերունդէ-սերունդ: Երեւի Նախախնամութեան մեծագոյն պարգեւն էր որ Օզանեան Անդրանիկը պիտի օժտէր զօրավարական տաղանդով, ղեկավարի ձիրքով, առաջնորդի շնորհքով: Պարգեւ մը, որ հայութիւնը կը սպասէր անհամբերօրէն եւ ակնդէտ կերպով:
Շապին Գարահիսարէն Ֆրեզնօ (25 Փետրուար 1865- 31 Օգոստոս 1927) մարտական կեանքի մը տարեգրութիւնն է Անդրանիկի կենսապատումը, ուր կարելի է գտնել այնպիսի դրուագներ, խօսքեր, դէպքեր, հերոսական եւ զայրոյթի պահեր, վկայութիւններ, յուշեր, որոնք ուղղակի դաստիարակիչ եւ խորհրդաւոր պատգամներ ունին իրենց մէջ: Այս է պատճառը անոր անմահութեան, քանզի նորածաղկ սերունդներ կարիքն ունեցան դիմելու անոր, օգտուելու անորմէ. զայն դարձնելու մտատիպար մը՝ որ մագնիսի պէս իրեն կը հրապուրէր, կ’առինքնէր, կը հմայէր հայրենիքի ցաւով տառապողները, մաքառելու պատրաստակամ զինակիրները, ազատութեան խօլ զինուորները, սուրի եւ հուրի մարտիկները, եւ վերջապէս հայրենազուրկ զանգուածներն ու տակաւին թոթովախօս հայորդիները: Անդրանիկի տիպարը տիրական դարձաւ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան մէջ: Ան մնաց սիրելի եւ պաշտելի առաջնորդ ե՛ւ իր կենդանութեան ե՛ւ յետմահու: Ան իր հմայքը բնաւ չկորսնցուց ե՛ւ հողի մարդոց մօտ ե՛ւ արտերկիր տարտղնուած հայաբեկորներուն համար: Եղաւ ապրո՛ղ ու շնչո՛ղ ներկայութիւն անդրանիկեան շքեղութեամբ:
Իրաւացի էր Զօրավարը, երբ դառնակսկիծ աւաղումով կ’ափսոսար իր կիսատ ձգած գործի մասին: Երկարաշունչ եւ արիւնալի գուպար կը պահանջէր այդ գործը. գերագոյն զոհաբերութեան եւ ինքնամոռաց նահատակութեան ճանապարհն էր այդ գործը. անհաւասար ու անկոտրում գուպար էր այդ, որուն միացան բազում գինակիցներ, պայքարի ուխտեալներ եւ անձնդիր հերոսներ: Մեծաւ մասամբ անոնք ինկան ճակատներու վրայ, որոնք փառքով կերտեցին մեր հերոսապատումին փայլուն եւ պատուաբեր էջերը: Անոնք չտեսան ու չապրեցան ազատութեան քաղցրութիւնը, սակայն հաւատացած էին իրենց գործին նուիրականութեան եւ արդարացիութեան: Արդարեւ, Անդրանիկ իր փառահեղ գործի ընթացքին իր շուրջ կոփեց ու կերտեց զօրականներու եւ մարտիկներու պատկառելի փաղանգ մը, որոնք իրենց հերթին կռուեցան տարբեր պատնէշներու վրայ կամ խրամատներու ետին:
Գործը կէս մնաց… իրօք, սակայն այն հունտերը որ Անդրանիկ սերմանեց աջ ու ձախ, օրին ու ժամանակին, պարզուեցաւ, որ պիտի ծլին եւ մնան անմոռանալի հայոց սրտերուն մէջ անխտիր: Այո՛, Անդրանիկի գործը համազգային գործ էր, չի կրնար սահմանափակուիլ ու պարփակուիլ տեղի ու ժամանակի պարունակին մէջ: Պիտի ըլլան շատեր որ պիտի կառչին այդ գործին: Եւ եղան իհարկէ:
Գործը կէս մնաց… բայց փոքրեր ու պատանիներ բամբ ձայնով տակաւին կ’երգեն՝ «իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ձոր», կամ՝ «սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար». կ’երգեն որովհետեւ Անդրանիկի գործը անաւարտ է:
Ի՜նչպիսի աղերսանքով եւ բոլորասիրտ թախանձանքով կ’երգենք՝ «վե՛ր կաց գերեզմանից Անդրանիկ փաշա»: Ուրիշ որո՞ւ կը դիմենք՝ որ գերեզմանէն դուրս գայ յանուն հայրենիքի ու հայութեան: Նոյնիսկ, գերեզմանէն կ’ակնկալենք յարութիւնը Զօրավարին: Իրօք առեղծուած մը՝ խոկումի արժանի:
Ո՞վ այսքան շատ մեծարանքի է արժանացած հայութեան կողմէ: Ո՞վ այսքան ներկայութիւն եղած է հայութեան մէջ: Ո՞վ սպեղանիի ու քաջութեան դեր կատարած է հայ մարդուն համար՝ եթէ ոչ Զօրավարը, Սասնոյ Արծիւը, ազգային հերոսը, աներկրորդ մարտիկը, հայութեան խիղճն ու որձութեան իտէալը:
Բոլոր ժամանակներուն եւ յատկապէս այս օրերուն, հայ սերունդները, հոս թէ հոն, պիտի որոնեն Զօրավարը: Կարիքն ունին Զօրավարին: Եւ իրաւամբ պիտի խնդրեն՝ ե՛լ գերեզմանէդ Անդրանիկ փաշա:
Զօրավարը զէն ի ձեռին սլացաւ գրեթէ բոլոր ճակատներուն ուղղութեամբ, թափառեցաւ ու փնտռեց ելքեր եւ լուծումներ ազգափրկութեան գործին: Անկոտրում ոգիի եւ անդուլ կռիւի այս տիտանը կծկուած սիրտով հեռացաւ հայրենի հողէն, վիշտը կուրծքին ծուարեցաւ ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքը եւ սրաբիբ աչքերը յառած բռնագրաւեալ Արարատի ուղղութեամբ՝ դառնօրէն շշնջաց՝ «գործս կէս մնաց…»:
Այսօր, մեծապէս երախտապարտ ենք այն Զօրավարին, որ Եռաբլուրի բարձունքէն ամէն օր կը հսկէ Հայաստանին ու հայութեան:
Ազգովին խոնարհո՛ւմ անկրկնելի Զօրավարի նուիրական յիշատակին:
Փա՛ռք ազգային հերոսին:

