Սփիւռքահայու մտասլաքը բութ ժամացոյցի պէս թեքած է հայաստանեան խամ ու խոպան հողերուն: Այս այսպէս է հազարամեակներէ ի վեր: Այս է եւ սփիւռքահայը. կը հնձէ ու կը մշակէ «ո՛չ-սեփականը». որո՞ւ հաշուոյն,– անշուշտ «սեփականին», որ նոյնքան ուշադրութեան կը կարօտի:
Սա «հայրենասիրութի՜ւն» պիտի վերնագրէին Սփիւռքի նաւթալինոտ խելապատակները, ի հարկէ միաժամանակ նզովելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Հայաստանը «ոչ-սեփական» համարել:
Բայց մարդուս աշխարհագրական տեղադրութիւնը որոշիչ գործօն է այստեղ:
Հայաստան «սեփական» կը դառնայ, միմիայն երբ նոյնինքն սփիւռքահայը ճամպրուկը վերցնելով որոշէ բնակութիւն հաստատել հայրենիք, աւելի ճիշդը՝ «հոգեւոր հայրենիք», արարէ ու ստեղծագործէ այնտեղ՝ իր ամբողջ կենսագործունէութիւնը նուիրելով այն բուռ մը հողին, ուր ոտքը խրած է ան ու կոչուած՝ երաշխաւորելու անոր ըղձալի պարարումը եւ բերքաւորումը:
Մարդուս տեղակայումը կ’որոշէ անոր գոյութեան նպատակը, ուստի եւ՝ աշխարհագրական տարածութիւնը, ուր պիտի կայանայ նիւթական ու հոգեմտաւոր առք ու վաճառքը: Այս այսպէս է ո՛չ միայն հայուն, այլեւ արաբին, պարսիկին, յոյնին, ամերիկացիին, ֆրանսացիին, ափրիկէցիին, չինացիին ու ճափոնցիին համար:
Սփիւռքը՝ որպէս ինքնաբաւ միաւոր, կրնայ զարգացման ու բարգաւաճման շրջադարձային փուլ մտնել, եթէ վերջապէս համոզուի, որ ինք Հայաստանի լծորդը կամ լրացուցիչը չէ: Ան եղած է ու կայ իբրեւ առանձին գոյակ, որ կը բնորոշուի իւրայատուկ օրակարգով, բայց եւ այնպէս անով երբեք չ’առաջնորդուիր, քանի որ աւելի քան պարտաւոր կը զգայ ինքզինք հայաստանեան թնճուկները լուծելու իր երկարաձիգ կնճիթով:
Եթէ միջամուխ չըլլայ, մէկէնիմէկ ինքնութենական բա՜րդ խնդիրներու դէմ-յանդիման կրնայ գտնուիլ: Ներքին խուճապներու կը մատնուի ու կը խնդրականացնէ սեփական գոյութիւնը՝ Կիրակի յետմիջօրէին խաղահրապարակը կորսուած ու ծնողը փնտռող խղճուկ մանուկի պէս:
Ուղղակի կը մոռցուի մէկ պարզ ճշմարտութիւն. այնքան ատեն որ Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ առկայ է տարածական հեռաւորութիւնը,– ընդամէնը տարածական, ո՛չ ուրիշ,– վերջինս կամայ թէ ակամայ պիտի շարունակէ «անհասանելի» մնալ սփիւռքահայուն:
«Անհասանելի»՝ իր նիստուկացով, հոգեկերտուածքով ու մտածողութեամբ: «Անհասանելի»՝ իր ոլորուղիներով ու արահետներով:
«Անհասանելի»՝ ամէն ինչով:
Ուստի հեռուներէն հնչող ամէն խօսք անհեթեթ պիտի հնչէ, անգիտակից ու վերացական:
Արդ, ինչո՞ւ չհնձել ու չմշակել «սեփական» խամ ու խոպանը: Այնքան աշխատանք կայ ընելու, եւ ակնկալել, որ Հայաստան ինքնակամօրէն իր ճկած ուսերուն պիտի բեռցնէ այդ հսկայական աշխատանքը, առնուազն տղայութիւն է, եթէ ոչ անմտութիւն:
Հայաստան՝ ինքն իր ճամբով, Սփիւռքը՝ ինքն իր ճամբով: Պէտք է գաղափարական հասկէտ դառնայ այս մէկը, որպէսզի Սփիւռքը իմաստաւորուի, շարժականանայ ու տեւականանայ: Ի հարկէ արգիլուած չէ, որ անոնք ցերեկն ի բուն ինքնօգուտ աշխատելէ ետք գիշերը միանան խաչմերուկին, որուն համար, սակայն, լծորդի կարգավիճակ ստացած «ոմն» Սփիւռքի միակողմանի ցանկութիւնը, միակողմանի սիրոյ նմանող բան մը, բաւարար չի կրնար ըլլալ երբեք ու երբեք:
Քանի դեռ միակողմանի է, ուղղութիւնը կը մնայ նոյնը՝
Դէպի այս կողմ, եթէ կը բարեհաճիք:

