Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԿԲՄ-Ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ 7-ՐԴ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

August 30, 2025
in Գաղութային
0
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԿԲՄ-Ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ 7-ՐԴ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) կազմակերպեց կրթանպաստներու ամէնամեայ 7-րդ բաշխումը Շաբաթ, 23 Օգոստոս 2025-ին, Փասատինայի իր  կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ընթրիքի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին համայնքային առաջնորդներ, հովանաւորներ, ընտանիքներ եւ ուսանողներ, նշելու համար խումբ մը ուսանողներու ձեռքբերումները` կրթական մարզէն ներս:

Երեկոն սկսաւ դոկտ. Ռոզին Տէր Դաւիթեանի ողջոյնի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց շարունակական  աջակցութեան համար ու յատուկ գոհունակութիւն արտայայտեց Կրթանպաստներու յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն, որոնց շարքին էին յանձնախումբի ատենապետ` Վազգէն Խոտանեան, եւ անդամներ՝  Ժիրայր Կիրակոսեան, Թալին Քէշիշօղլեան, Խաչիկ Քէչեան եւ Կարինէ  Քոճապապեան:  Ան նաեւ յիշատակեց Թադէոս Քորօղլեանը եւ Լուսինէ Պոյամեանը, որոնք չէին կարողացած ներկայ գտնուիլ` ճամբորդութեան պատճառաւ:

Երեկոն վարեց Էլեն Վարդանեանը, քաղաքական գիտութիւններու ուսանող եւ գործունեայ անդամ հայ համայնքէն ներս: Վարդանեան վերջերս աւարտեց իր փորձաշրջանը Ուաշինկթընի մէջ` Հայկական համագումարի եւ Osgood Center-ի հետ: Ան ընդգծեց երիտասարդութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը` գիտելիքի, ծառայութեան եւ պահանջատիրութեան միջոցով:

Հանդիսավարուհին յայտնեց, որ 2017-էն ի վեր, ՀԿԲՄ-ը անցնող եօթը տարիներու ընթացքին յատկացուցած է աւելի քան 150 հազար տոլար` աջակցելով աւելի քան 70 ուսանողներու` Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: «Այս տարի, մրցանակներ ստացան հայ ուսանողներու նոր խումբ մը, որոնք կը հետապնդեն բարձրագոյն կրթութիւն տարբեր ոլորտներու մէջ` ներառեալ քաղաքական գիտութիւն, մաթեմատիկա, միջազգային յարաբերութիւններ, հասարակագիտութիւն եւ կենդանաբանութիւն»,- ըսաւ ան:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Թալին Կրիկոր, Գալիֆորնիոյ Տէյվիս համալսարանի Գեղարուեստի եւ Ճարտարապետական Պատմութեան բաժնի դասախօս: Որպէս յետգաղութային եւ ֆեմինիստական գեղարուեստի եւ ճարտարապետական պատմութեան առաջատար գիտնական, ան ներկայացուց իր նոր հրատարակուած գիրքը` «The Armenian Woman, Minoritarian Agency, and the Making of Iranian Modernity, 1860-1979», հեղինակուած դոկտ. Հուրի Պերպէրեանի հետ միասնաբար: Կրիկոր ընդգծեց հայ կիներու կարեւոր դերը Իրանի արդի պատմութեան մէջ եւ շեշտեց կրթութեան ուժը` իբրեւ հզօրացման միջոց:

Երեկոյի ամենաոգեւորող պահերէն մէկը եղաւ Մհեր Պապիկեանի ելոյթը: Ան որպէս  աւագ կառավարիչ Ernst & Young ընկերութեան մէջ, իր ծննդեան բոլոր նուէրները փոխանցեց ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու հիմնադրամին ի յիշատակ իր տատիկին` տիկ. Արաքսի Պապիկեանի: Ան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն հետամուտ ըլլալու բարձրագոյն կրթութեան` անկախ բոլոր խոչընդոտներէն:

2025-ին Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներէն կրթանպաստներու արժանացող ուսանողներն էին․

Սոֆիա Գէորգեան, Էլեն Յովհաննիսեան, Սամանթա Քէլէճեան, Սուզան Լաչինեան, Օհան Սէմիրճեան, Վերժին Շաղրիկեան եւ Սարգիս Սիմոնեան:

Շահողները կիսեցին իրենց ուսումնական եւ անձնական պատմութիւնները` ընդգծելով ՀԿԲՄ-ի աջակցութեան խորքային ազդեցութիւնը իրենց ակադեմական եւ համայնքային նպատակներու իրագործման մէջ:

Երեկոյի աւարտին դոկտ. Տէր Դաւիթեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն, որոնք այս միջոցառումը հնարաւոր դարձուցին:

«Ձեր ներդրումները` մեծ թէ փոքր, իսկապէս փոփոխութիւն կը բեռեն: Միասին մենք կը ներդրենք մեր երիտասարդութեան եւ մեր համայնքի ապագային մէջ»,- ըսաւ դոկտ. Ռոզին Տէր Դաւիթեան:

Share65Tweet41
Previous Post

ՇՈՒՏՈՎ՝ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԼՈՒԾԱՐՈՒՄ

Next Post

«ԳՈՐԾՍ ԿԷՍ ՄՆԱՑ…» (ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Next Post
«ԳՈՐԾՍ ԿԷՍ ՄՆԱՑ…»  (ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

«ԳՈՐԾՍ ԿԷՍ ՄՆԱՑ...» (ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.