Ռուսիա կը զօրակցի Երեւանին ու Պաքուին միջեւ համաձայնութեան՝ լուծելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ երկար տարիներ զբաղած էր արցախեան հարցը լուծելու դիւանագիտական ջանքերով: ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը յայտնեց, թէ կը նախատեսուի Մինսքի խմբակին աշխատանքը վերջնականապէս դադրեցնել յառաջիկայ Դեկտեմբերին: Լուծարումը կը վերաբերի Մինսքի խմբակին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին եւ բարձր մակարդակով ծրագրաւորումի խմբակին: Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակին լուծարումը ատրպէյճանական երկու նախապայմաններէն մէկն էր՝ բարեկարգելու յարաբերութիւնները Երեւանի հետ: Միւս նախապայմանն ալ կը վերաբերի Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան:

