Հակադարձելով ընդդիմութեան ամբաստանութիւններուն, Հայաստանի կառավարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած յուշագրերը, որունք կը վերաբերին ուժանիւթային անվտանգութեան եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ հայ-ամերիկեան փոխըմբռնումի յուշագրին մէջ եւս չկայ դաւադիր միջացքի մասին որեւէ նշում:
Իրանի խորհրդարանը մինչ այդ ահազանգեց, թէ «սահման փոխելու, պարտադրուած միջանցքներ ստեղծելու կամ «Զանգեզուրի միջանցք»ին նման նախագիծեր իրականացնելու գործողութիւնները անհամատեղելի են տարածաշրջանի երկիրներու շահերուն հետ եւ պիտի դառնան հաւաքական անվտանգութեան սպառնալիք»: Խորհրդարանը յիշեցուց, թէ առաջնորդուելով իր անսասան սկզբունքներով, Թեհրան միշտ ձգտած է տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու ուղիղ երկխօսութեամբ, առանց արտաքին ուժերու մասնակցութեան: «Իրան իրաւունք կը վերապահէ իրաւական եւ օրինական բոլոր միջոցները գործածելու՝ պաշտպանուելու համար որեւէ յարձակումի պարագային», յայտարարեց Իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանը, շրջանի բոլոր երկիրներէն պահանջելով պահպանել բարիդրացիական յարաբերութիւնները եւ ընդլայնել համագործակցութիւնը:
Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, թէ միջանցքին հռչակումը կը նշանակէ ատրպէյճանական պահանջներու ճանաչում: «Երեւանի ու Պաքուի միջեւ կնքուած համաձայնագրերը տարածաշրջանային խաղաղութեան հիանալի պատկեր կը ստեղծեն», ըսաւ Ֆիտան: Անոր համաձայն, միջանցքին հարցը առաջին օրէն կը լուծուէր Անքարայի հետ համաձայնութեամբ:

