Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ շարք մը գործողութիւններ կատարած է Սուրիոյ մէջ, ուր ձերբակալած է «ահաբեկչական գործունէութեամբ զբաղող անձեր»: Ըստ իսրայէլեան կողմին, զինուորները տակաւին տեղակայուած են Սուրիոյ հարաւային շարք մը շրջաններու մէջ՝ կանխելու համար հակառակորդ ուժերուն տեղաշարժը: Նշենք, որ նախանցեալ արեւածագին, իսրայէլեան ուժերը ուղղաթիռներով վայրէջք կատարեցին Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Քիսուայի մէջ, ուր աւելի քան երկու ժամ շարունակ մանրազննեցին սուրիական զինուորական կեդրոն մը, որ օր մը առաջ ենթարկուած էր հրթիռային հարուածներու: Պաշտօնական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան ռմբակոծութեան հետեւանքով ինկած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Քաղաքական առումով, Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք վստահութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Ահմար Շարաայի, դիտել տալով, որ ան կը պատրաստուի բանակցելու Իսրայէլի հետ եւ յանգելու պատմական համաձայնութիւններու:

