Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿԷՆ ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ

August 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿԷՆ ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ

Լիբանանեան բանակը նախանցեալ օր հարաւի մէջ տուաւ երկու նահատակ եւս: Հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ տասնապետ Մոհամմէտ Իսմայէլ եւ զինուոր Ռիֆաաթ Թուայմի նահատակուած են սահմանային Նաքուրա շրջանին մէջ, երբ պայթած է մանրազննումի ենթարկուող իսրայէլեան անօդաչու սարք մը, որ կարճ ժամանակ առաջ ջախջախուած էր նոյն շրջանին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ցաւակցեցան բանակի հրամանատարութեան եւ նահատակներու ընտանիքներուն, դիտել տալով, որ բանակը անգամ մը եւս արիւնով կը վճառէ հարաւին կայունութիւնը պահպանելուն գինը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը միւս կողմէ յայտնեց, թէ Նաքուրայի մէջ ջախջախուած անօդաչու սարքին թիրախը լիբանանցի զինուորները չէին, այլ կը փորձէր հարուածել ի նպաստ Հըզպալլայի ամրաշինական աշխատանքներ կատարող բեռնակառք մը: Ըստ Աւիխայ Ատրահիի, իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորած է Հըզպալլային պատկանող հրթիռային շարք մը դիրքեր ու ենթակառոյցներ, որոնց առկայութիւնը կը համարուի զինադադարի համաձայնութեան խախտում:

Իսկ երէկ, առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Նապաթիէ գաւառին ուղղութեամբ անօդաչու սարքի հարուածէն մահացած է մարդ մը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քննադատեց իր համաձայնութեամբ 2024-ի Նոյեմբերին Իսրայէլի հետ կնքուած զինադադարի պայմանաւորուածութիւնը: «Մեզի հետ կ’ուզեն վերաբերիլ որպէս պարտուած կողմ, սակայն այսուհետեւ մենք կը մերժենք պարզապէս որեւէ սակագին վճարել», պնդեց խորհրդարանի նախագահը:

Share64Tweet40
Previous Post

ԲԱՆԱԿԸ ԶԳԱՅՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

Next Post

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.