Լիբանանեան բանակը յաջորդ փուլին կը պատրաստուի իրականացնելու իրեն վստահուած զգայուն առաքելութիւններ: Այս մասին յայտնեց բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ՝ Եարզէի մէջ գումարուած հրամանատարական արտակարգ ժողովին ընթացքին: Հայքալ վստահեցուց, որ բանակը պիտի կատարէ իրմէ պահանջուած առաքելութեան անհրաժեշտ քայլերը, միշտ նկատի ունենալով ներքին կայունութեան պահապանումը եւ ազգային անվտանգութեան ամրապնդումը: Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը բանակէն պահանջած է մշակել Լիբանանի մէջ գործող զինեալ կազմակերպութիւնները՝ ներառեալ Հըզպալլան ապազինելու ամբողջական ծրագիր մը:
Բանակին հրամանատարութիւնը հրապարակեց նաեւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յստակացուց, որ զինուորական հաստատութիւնը իր առաքելութիւնները կը կատարէ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ հայրենիքին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու մտադրութեամբ, հիմնուելով երկրին քաղաքական ղեկավարութեան կայացուցած որոշումներուն վրայ:
Ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի կանգնի լիբանանեան բանակի կողքին եւ տրամադրէ անհրաժեշտ աջակցութիւնը: Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, թէ Պէյրութ առած է իրմէ ակնկալուած բոլոր քայլերը, ուստի այժմ կարիք ունի արաբական եւ միջազգային աջակցութեան:

