Համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան հսկաներ՝ Հոմերոս, Տանթէ, Միլթըն, Պորխէս, Ճոյս նաեւ Սարամակօ – տարբեր պատճառներով, կեանքի տարբեր փուլերուն զուրկ կամ զրկուած եղած են տեսողութենէ եւ կամ իրենց երկերուն մէջ պարսաւած են հոգեւոր կուրութիւնը եւ կրցած են պատկերել այնպիսի հարուստ, խորունկ ու բազմաշերտ աշխարհներ, որոնք մինչ օրս կը շարունակեն սնունդ տալ ընթերցողներու երեւակայութեան։
Խորունկ, խորհրդանշական կապ մը կայ իրական եւ ներքին տեսողութեան միջեւ։ Վերոյիշեալ հեղինակները մեզի համար ոչ միայն ոգեշնչումի աղբիւր, այլեւ վկայութիւն են, որ հանճարին լոյսը չի կրնար կասեցնել խաւարի ոչ մէկ տեսակ, ան կը փայլատակէ հակառակ բոլոր օրէնքներուն։ Մարմնական սահմանափակումը կրնայ ընկճել սովորական մարդը, բայց ոչ հանճարը։
Այս հպանցիկ ակնարկով պիտի անդրադառնամ վեց մեծանուն գրողներու՝ Հոմերոսի, Տանթէի, Միլթընի, Պորխէսի, Ճոյսի եւ Սարամակոյի ստեղծագործութեան՝ պարզելու համար, թէ ինչպէս տեսողութեան կորուստը (ոչ բոլորին) փոխակերպուած է ներքի’ն տեսողութեան, խորիմաստ միտքի եւ մաքրագործուած գրական ոճի։
Ըստ աւանդոյթի դարերու խորքէն մեզի հասած Հոմերոս բանաստեղծը աչազուրկ էր։ Գրական յուշարձաններ Իլիական-ը եւ Ոդիսական-ը ժողովուրդներու յիշողութիւն են ու հոգեւոր կառուցուածք։
Ոեւէ մէկուն միտքէն չ’անցնիր Հոմերոսի կուրութիւնը ընկալել որպէս թերութիւն։ Այդ մասին հազուադէպ կը յիշատակուի ու թերեւս ալ ա’յդ է պատճառը, որ ան դարձած է գուշակ, բանաստեղծ, իմաստուն…
Մարդիկ դարերով հաւատացած են, որ երբ չկայ տեսողութիւն, տասնապատիկ յստակ կը տեսնեն հոգիի աչքերը։ Ապացոյցը հոմերոսեան վիպերգերուն մնայուն հետքն է մարդկութեան պատմութեան մէջ, անոնց անմահութիւնը։
Իլիական-ը հերոսական ողբերգութիւն է պատերազմի, պատուի, ճակատագրի եւ մարդկային ցասումի մասին։ Հոն մեզի կը ներկայացուի Թրոյական պատերազմի վերջին տարին, ուր մարդկային կիրքերը մրցակցութեան մէջ են աստուածային կամքին հետ։
Ոդիսական-ը այդ պատերազմէն ետք տունդարձի դժուարին, մարտահրաւէրներով լեցուն ճամբուն պատմութիւնն է։ Ոդիսեւսեան ճամբորդութիւնը ձեւով մը մարդկային փորձառութեան եւ ներքին հասունացումի այլաբանութիւն է։ Հոս պայքարը ոչ միայն տուն դառնալու, այլեւ ինքզինք ճանչնալու եւ նոր աշխարհ հասնելու մասին է։
Հին յոյն քերթողին գործերը մերթ կը պատմեն, մերթ կը խոկան, արտայայտուած են հանճարեղ բանաստեղծականութեամբ, ուր կոյր բանաստեղծը ներկայ է որպէս հոգեւոր հեռատեսութեան խորհրդանիշ։
Այդ վիպերգերը համամարդկային մշակոյթի հիմնասիւներէն են։
Հոս չեմ կրնար զանց առնել եւ չնշել այն փաստը, որ Ոդիսականը առաջին անգամ հայերէնի թարգմանուած է 1848-ին՝ գրաբարով, իսկ արեւելահայերէնի երկրորդ թարգմանութիւնը կատարուած է 1958-ին, Համազասպ Համբարձումեանի կողմէ (Վիքթոր Համբարձումեանի հայրը)։
Տանթէ Ալիկիերի
Իրականութեան մէջ Տանթէ չունէր տեսողութեան խնդիր, սակայն իր գրականութեան մէջ շատ անգամ կը գործածէ «կուրութեան» գաղափարը՝ որպէս հոգեւոր կամ մտաւոր կուրութեան խորապատկեր։ Աստուածային կատակերգութեան վերջին էջերուն, երբ Տանթէ կը հասնի աստուածային լոյսի սահմաններուն, Պեաթրիչէ կ՛ըսէ՝ «Սորվիր լսե’լ, որովհետեւ հիմա դուն քեզ տեսնել չես կրնար»։
Այս խորհրդանշական կուրութիւնը մարմնական չէ, հոգեւոր է եւ բանաստեղծը կը մղէ արտաքին աշխարհէն վերանալու եւ թափանցելու ինքն իր խորքերը՝ մաքրելու ներաշխարհը եւ տեսնելու աստուածային ճշմարտութիւնը։ Իրականութեան մէջ Տանթէի դժոխքէն դրախտ սրբազան ճամբորդութիւնը ներքին տեսողութեան ուղի է. անցում՝ խաւարէն լոյսին, եւ շփոթէն՝ ըմբռնումին։
Հոս տեսնելը մեր պատկերացուցած գործողութիւնը չէ, հոգիի խորազգացութիւն է։ Մինչդեռ կուրութիւնը ժամանակաւոր վիճակ է, որ կը տանի դէպի պայքար ու… ելք։
Տանթէ չունի տեսողութեան խնդիր, ան ճշմարտութի’ւնը կը ներկայացնէ, այսինքն այն փաստը, որ միայն «կո’յր» աչքերով կարելի է տեսնել այն, ինչը շօշափելի տեսողութիւնը յաճախ կ’արգելակէ ընկալել։ Այդպիսով, Տանթէ կ՛ընդարձակէ տեսողութեան գաղափարը՝ զայն վերածելով հոգեւոր պատուհանի եւ փրկութեան միջոցի։
Ճոն Միլթըն
Միլթըն, անգլիական գրականութեան այդ հսկան, իր ամէնէն նշանաւոր գործը՝ Կորուսեալ դրախտը, գրած է երբ արդէն ամբողջովին կոյր էր։ Ծաօթանանք իր խորհրդածութեան՝
«Երբ կը խորհիմ, թէ կէս օրն իսկ չամբողջացած ինչպէ՜ս կը սպառի լոյսս այս մութ ու լայն աշխարհին մէջ…»…
Այս տողը ճոն Միլթընի` Անոր կուրութեան մասին (On His Blindness) սոնեթին առաջին տողն է եւ կ’արտայայտէ իր տեսողութեան վատթարացման ողբը, միաժամանակ խորհրդանշելով հոգիի աչքերով տեսնելու ունակութիւնը եւ անշուշտ՝ բանաստեղծական տաղանդը։
Միլթընի հոգեւոր եւ մտաւոր լոյսը վե’ր կը դասուի մարմնականէն։ Կուրութիւնը կը դառնայ ոչ թէ սահմանափակում, այլ՝ կեդրոնացում։ Անոր տողերը թափանցիկ են եւ լուսաւոր խորհուրդ կը պարունակեն։
Խորխէ Լուիս Պորխէս
Պորխէս աչազուրկ դարձաւ տարիներու ընթացքին՝ ոչ յանկարծական, աստիճանաբար, իւրաքանչիւր օր քիչ մը աւելի զգալով մութը։ Բայց այդ կորուստը ան երբեւէ չընկալեց որպէս ողբերգութիւն։
«Տեսողութեանս կորուստը չընկալեցի որպէս պատիժ, այլ աստիճանաբար մաքրագործուելու ուղի»,- կը գրէ ան։
Այս միտքը կը բացայայտէ Պորխէսի աշխարհայեցողութիւնը, ուր մարմնաւոր սահմանափակումները կը վերածուին հոգեւոր ու մտաւոր խորացումի կարելիութիւններու։
Կուրութիւնը Պորխէսի գրականութեան մէջ վերածուած է ոչ միայն կենսագրական, այլեւ գեղարուեստական ու փիլիսոփայական առանցքի։ Անոր վիպակներն ու էսսէները կուրութիւնը փոխակերպած են լաբիւրինթոսային տարածքի՝ խորհրդաւոր, բազմաշերտ, յաճախ անհասանելի, ուր ճշմարտութիւնը պէտք է փնտռել ոչ թէ տեսանելիութեան, այլ՝ իմացութեան մէջ։
Պորխէս չի ձգտիր իրականութիւնը վերարտադրելու տեսողական յստակութեամբ։ Ընդհակառակը՝ ան կը մերժէ տեսանելիին գերակայութիւնը, տեսածին փոխարէն ընտրելով երեւակայութիւնը։ Ան իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը գրած է այն տարիներուն, երբ տեսողութիւնը գրեթէ ամբողջովին մարած էր, սակայն այդ տարիները եղած են աւելի արգասաւոր եւ այդ տարիներուն գրուած են անոր ամէնէն խորունկ գործերը։
Այսպէս, կուրութիւնը Պորխէսի պարագային կը դադրի անձնական ողբ ըլլալէ եւ կը դառնայ գրական տեսլական՝ յղի ճշմարտութեան որոնումներով, ձեւի ու բանականութեան փորձարկումներով։
Ճէյմս Ճոյս
Ճոյս ամբողջովին կոյր չէր, սակայն ամբողջ կեանքի ընթացքին տառապած է տեսողութեան հետ կապուած լուրջ եւ յաճախ անտանելի խնդիրներէ։ Թէեւ աչքերը գրեթէ չեն ծառայած իրեն, բայց միտքը մշտապէս մնացած է պայծառ ու յղի՝ փայլատակումներով։ Անոր գրականութեան մէջ լեզուի, ձեւի եւ ժամանակի փորձարկումները անբաժան են իր մարմնական տառապանքէն։
Ուլիսես-ը, որ շատերու կողմէ գնահատուած է որպէս 20-րդ դարու վէպի գագաթնակէտ, շատ անգամ գրուած է, երբ Ճոյս կը տառապէր աչքի սուր ցաւերով, բարդ գործողութիւններու եւ յետվիրահատական ցաւոտ ընթացքով։ Սակայն ընդունինք, որ այդ մեծածաւալ գործը նշանաւոր է ոչ թէ իր մութով, այլ անսպառ ու աներեւակայելի մանրամասներով, ներքին մենախօսութիւններով ու մարդկային գիտակցութեան լոյսով։
Ճոյս կարծես պայքարած է, որպէսզի թոյլ չտայ արտաքին աշխարհի մութին ներթափանցումը իր ներաշխարհ եւ ստեղծած է լեզուի ու միտքի փայլատակումներով լեցուն իրականութիւն։
Այս գործը թարգմանուած է 20 լեզուներու. հայերէնը 21-րդն է, եւ մենք այդ հրաշալի թարգմանութեան համար պարտական ենք գրող, իրա’ւ մտաւորական ու թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեանին։
Ճոյսի վերջին գործը՝ Finnegans Wake-ը, կարելի է ընկալել որպէս տեսողութեան հակադարձ վկայութիւն։ Անոր չափազանց բարդ ընթերցումը կը պահանջէ ոչ թէ աչքեր, այլ բաց միտք ու խորունկ զգացողութիւն։ Հոն լեզուն լոյսի աղբիւր է։ Պատումը, բառերը եւ միտքերը կարծես կը սահին երազային հոսանքի մը մէջ՝ ընթերցողը հրաւիրելով ոչ թէ տեսնելու, այլ՝ ներթափանցելու։
Ճոյսին համար գրելը չէ եղած արտաքին իրականութեան պատկերման միջոց։ Ան իր տառապանքը փոխակերպած է ներհայեցողութեան շարժիչի։ Տեսողութեան սահմանափակումը պատճառ դարձած է, որ իր լեզուն երեւակայութեան թեւերով սաւառնի իր սահմաններէն դուրս, իր սահմաններէն անդին…
Լոյսը կը բխի ներսէն։
Խոսէ Սարամակօ
Սարամակօ աչազուրկ չէր, թէեւ կեանքի վերջին շրջանին կը դիմէր խոշորացոյցի օգնութեան, եւ այդ տարիներուն է, որ գրեց իր ամէնէն նշանակալի ստեղծագործութիւններէն մին՝ Կուրութիւն վէպը։
Այդ գործին մէջ հեղինակը կուրութիւնը վերածած է համաճարակի՝ մարդկութեան բարոյականութեան փորձութեան։
Սարամակօ կը գրէ՝ «Եթէ կարենաս նայիլ, տես։ Եթէ կարենաս տեսնել, նկատէ»։
Այստեղ կուրութիւնը ոչ թէ հիւանդութիւն, այլ հոգեւոր եւ բարոյական մթագնում է։ Անոր լեզուն պարզ է, բայց ներթափանցող, կարծես ինք կը տեսնէ այն, ինչ ուրիշներ ի վիճակի չեն տեսնելու։
***
Այս հեղինակներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով ցոյց կու տայ, որ մարդու մէջ կայ լո’յս մը, որ չի խամրիր նոյնիսկ այն ատեն, երբ կը մթագնին աչքերը։ Անոնց տեսողութեան սահմանափակումը կամ կորուստը ոչ միայն չէ խանգարած ստեղծագործել, այլ դարձած է ներշնչում՝ բացայայտելու համար լեզուի, հոգեւորի եւ երեւակայութեան նոր տարածքներ։
Անոնք գործնականօրէն հաստատած են, որ հոգիի աչքերը շատ աւելի խորունկ ու յստակ կը տեսնեն, քան իրական աչքերը։
Կարդալ անոնց երկերը կը նշանակէ անցնիլ տեսանելիի սահմաններէն անդին, մտնելու համար աշխարհ մը, ուր լոյսը կը բխի ներսէն, հետեւաբար ճշմարտութիւնը պէտք է փնտռել խորհուրդի, ձայնի ու լռութեան ընդերքին մէջ։
Ասիկա յստակ հաւաստիացում է, որ մարդու ստեղծագործ ոյժը կախեալ է ոչ թէ արտաքին պայմաններէն, այլ ներքին տեսողութենէն՝ այն լոյսէն, որ չի մարիր։

