Պիտի յիշեն ընթերցողներս, թէ անցեալները խօսեցանք դպրոցական հանդէսներու, պարբերաթերթ-հանդէսներու եւ եկեղեցական արարողութեանց հանդիսապետելու մասին։ Քիչ մը բառագիտութիւն սերտեցինք, քիչ մըն ալ վերյիշեցինք քերականական օրէնքներ։
Այսօր կը շարունակենք պտտկիլ նոյն նիւթերուն շուրջ, եւ անմիջապէս հարց կու տամ.
— Հանդէսներուն առանձի՞ն կ’երթաք, թէ՞… հանդերձ ընտանեօք։
Շատ պիտի զարմանաք, եթէ փորձէք սա «հանդերձ» բառին այլազան իմաստները ստուգել։ Սկսինք մի առ մի։
ա) «Հանդերձ ընտանեօք»…։ Այսինքն՝ «ընտանիքին հետ միասին»։ Օրինակ՝ «Հանդերձ ընտանեօք Հայաստան մեկնեցան»։ «Հանդերձ ընտանեօք ճաշի հրաւիրուեցանք»։
Ուրեմն, «հանդերձ» կը նշանակէ հետ, միասին, մէկտեղ։ Կու տամ քանի մը օրինակ եւս.
–– Աղքատութեան դառնութիւնը ճաշակելով հանդերձ՝ բնաւ զիջում չըրաւ իր արժանապատուութենէն։
— Ժողովասրահ մտաւ՝ գիտնալով հանդերձ, որ մուտքը արգիլուած էր։
Ունինք «այսուհանդերձ», «այդուհանդերձ» եւ «այնուհանդերձ» բառերն ալ, որոնք կը գործածուին «հակառակ անոր» իմաստով.
— Թէեւ դժգոհ էր կացութենէն, այնուհանդերձ զսպեց իր զգացումները ու որոշեց չխօսիլ։
— Թէեւ մեղաւոր էր, այսուհանդերձ փորձեց արդարացնել ինքզինք։
բ) «Հանդերձ» կը նշանակէ զգեստ, հագուստ, տարազ.
–– Տօնական օր էր։ Կիներն ու երեխաները աչքի կը զարնէին իրենց շքեղ հանդերձներով։
Այս իմաստէն թելադրուած՝ ունինք բարդ կամ ածանցաւոր շարք մը բառեր, ինչպէս` հանդերձանք (հագուստեղէն), հանդերձատուն (հանդերձանք պահելու սենեակ), հանդերձարան (հագուստի պահարան), հանդերձակալ (հագուստի կախիչ), հանդերձապահ (հանդերձանքի պատասխանատու պաշտօնեայ)։
Վերոնշեալ բոլոր բառերն ալ անմիջականօրէն կ’առնչուին մեր այն մշակութային միութիւններուն, որոնք պարախումբ կը պահեն։ Բայց հայկական պարախումբերու մեր բարեհասակ տղաքն ու նազելաճեմ աղջիկները կը գործածե՞ն այս սիրուն բառերը, ծանօ՞թ են անոնց իմաստին…
Ի դէպ, «հանդերձ» բառը, իր «տարազ» իմաստով, հայերէնի մէջ ունի հոմանիշներ՝ ըստ տեսակի եւ գործածութեան։ Զինուորներու, ոստիկաններու կամ դպրոցականներու միագոյն ու միաձեւ տարազը կը կոչենք համազգեստ, կրօնաւորներու տարազը՝ սքեմ, հարս ու փեսայի տարազը՝ հալաւ (հոսկէ ալ՝ «հալաւօրհնէք» բառը, որ Ս. Պսակի նախապատրաստուող հարսնցուին ու փեսացուին պաշտօնական տարազի օրհնութիւնն է՝ քահանային կողմէ)։
Եթէ մնամ եկեղեցական շրջանակին մէջ, դեռ կրնամ յիշեցնել, որ «հանդերձ» բառով մեր եկեղեցին նկատի կ’ունենայ իր սպասաւորներուն բոլո՜ր տեսակի տարազները, ժամերգութեանց ընթացքին գործածուող դպրաց շապիկէն ու քահանայից փիլոնէն սկսեալ մինչեւ պատարագի գեղահիւս ու ծանրածանր զգեստները՝ իրենց շուրջառով, փորուրարով, եմիփորոնով, խոյրով կամ սաղաւարտով, բազպանով ու վակասով, գօտիով ու հողաթափով, հայրապետական կոնքեռով…։
Չեմ ուզեր շրջանցել գեղեցիկ բառ մը եւս, որ «զրահանդերձ»-ն է։ Ասիկա հին դարաշրջաններու յատուկ զինուորական մետաղեայ տարազներուն տրուած անունն է։ Ճակատ մեկնող բանակային զինուորը եթէ զրահ հագած էր՝ պաշտպանած կ’ըլլար ինքզինք թշնամիին նիզակներէն…։ Կ’ենթադրեմ որ Թէքէեանէ՛ն սորված եւ իւրացուցած ենք այս բառը.
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
ԶՐԱՀԱՆԴԵՐՁն է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն, եւ երգն է միշտ Յաղթութիւն։
գ) «Հանդերձանք» բառը իր հիմնական (հագուստեղէն) իմաստին առընթեր կրնայ նշանակել նաեւ զարդարանք, շքեղ յարդարանք, կահաւորում։ Կը գործածուի սենեակներու, դահլիճներու կամ թատերասրահներու համար։ Օրինակ`
— Առաջնորդարանի դահլիճը ի հիմանէ վերանորոգուած էր ու ամբողջովին նոր հանդերձանքով մը կը ներկայանար մեզի։
— Իջեւանեցանք պանդոկ մը, որուն սենեակներուն հանդերձանքը արեւելեան շունչով ու ճաշակով էր։
դ) Բառարանները ունին «հանդերձել» բայը, որ կը նշանակէ «պատրաստուիլ՝ բանի մը համար»։ Ես տրամաբանական կապ ու սերտ առնչութիւն մը կը տեսնեմ «հանդերձ» (հագուստ) եւ «հանդերձել» (պատրաստուիլ) բառերուն միջեւ, որովհետեւ բանի մը պատրաստուելու համար նախ պէտք է… հագուիլ։ Մեր եկեղեցական գրականութեան մէջ ատեն-ատեն այս բայը կը գործածուի «հանդերձեալ է» ձեւով, որմէ պէտք է հասկնալ «պատրաստ է» իմաստը։ Օրինակ՝
— «Մխիթարեան Ուխտիս նորընտիր աբբահայրը հանդերձեալ է իր անդրանիկ պատարագը մատուցելու վաղը՝ Կիրակի օր, Ս. Ղազարու մայրավանքին մէջ»։
— «Վեհափառ հայրապետը հանդերձեալ է սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն կատարելու յառաջիկայ Մայիսին»։
ե) «Հանդերձեալ կեանք»։ Մեր եկեղեցականները շարունակ մեզի կը խօսին «հանդերձեալ կեանք»-ի մը մասին, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ անդենական կեանքը, յաւիտենական կեանքը, երկնային կեանքը։
Այստեղ, «հանդերձեալ» բառը իր ներքին խորունկ ու նրբին իմաստը ունի։ Կը տարուիմ մտածելու, որ քրիստոնէութեան ջատագոված այդ անդրերկրային կեանքը ,– հանդերձեա՛լ կեանքը,– իր դռները մեր առջեւ կը բանայ՝ եթէ մենք զմեզ «պատրաստած» ենք ատոր (հանդերձել = պատրաստուիլ)։ Կամ ըսենք՝ եթէ «բարի վարուց» վկայագիր մը ունինք մեր գրպանին մէջ…։ Այլապէս՝ Վերջին Դատաստանը կրնայ անողոք գտնուիլ մեզի նկատմամբ ու մեր առջեւ կրնան բացուիլ… գեհենի դռները։

