Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՐԱՐԱՏ» ՀՆԳԵԱԿԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ. ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«Ա.»

August 28, 2025
in Այլազան
0
«ԱՐԱՐԱՏ» ՀՆԳԵԱԿԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԿԻԹԱՌԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ.  ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Դասական կիթառի մագիստրոս (Երեւանի Կոմիտասի պետական երաժշտանոց), դասախօս Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ եւ կիթառի բաժնի պատասխանատու «Բարսեղ Կանաչեան» վարժարանին։ Հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավարն է «Համազգային»ի կիթառի անսամպլին, «Տաւիղ» նուագախումբին եւ «Արարատ» հնգեակին։

Ան մենահամերգներով ելոյթ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ Շուէտ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա (Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Վենքուվըր, Քէմպրիճ), Լիբանան, Հայաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ֆրանսա եւ Յունաստան։ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Ան ներկայացած է միջազգային փառատօններու եւ մրցոյթներու եւ տիրացած է առաջին մրցանակին։ Վերջերս ան արժանացաւ նաեւ Յունաստանի «Եորկօս Ֆուտուլիս»ի բարձրագոյն պարգեւին։ 2019-ին անոր ղեկավարած անսամպլը առաջին մրցանակ շահած է Երեւանի Միջազգային Կիթառի մրցոյթին։

Միքայէլեան հեղինակ է «Հայկական պատարագ եւ հայկական երգեր կիթառի համար» գիրքին (2002), չորս ձայնասկաւառակներու եւ մէկ տեսասկաւառակի։ Անոր կատարումները եւ մշակումները անդրադարձ գտած են միջազգային մամուլին մէջ, ներառեալ Ճափոնի «Gendai Guitar Magazine»ին մէջ։

Շաբաթ օր, ԳՈՀԱՐ Gallery-ին մէջ պիտի կայանայ կիթառի միջազգային մրցումի ողիմպիականը՝ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ։ Այս բացառիկ մշակութային իրադարձութեան առիթով, «Արարատ» շահեկան հարցազրոյց մը իրականացուց տաղանդաշատ արուեստագէտ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ։

 

Հ.- Ձեր կեանքի ո՞ր շրջանն էր, որուն ընթացքին առաջին անգամ զգացիք, թէ կիթառը պիտի դառնայ ձեր կեանքի ուղեկիցը եւ մասնագիտութիւնը։

Պ.- Կանուխ տարիքիս, ուսանողական ժամանակ, մօտաւորապէս 17 տարեկան էի երբ մեծ վարպետ՝ մայեսթրօ հայ ազգի երգահան Երուանդ Երկանեան Լիբանան գալով առաջարկեց միասին կիթառի եւ ջութակի տիօ մը կատարել: Այդպէս սկսանք եւ հետագային փայլուն նուագահանդէսներ տուինք: Սա պատճառ հանդիսացաւ մղուելու դէպի մասնագիտական աշխարհ: Ուրեմն կը կարեւորեմ մայեսթրօ Երուանդ Երկանեանի խորհուրդը՝ զիս մղելու դէպի մասնագիտական աշխարհի մէջ լրջօրէն շարունակելու:

Հ.- Ինչքա՞ն ազդեցութիւն ունեցած է լիբանանահայ մշակութային միջավայրը ձեր երաժշտական ձեւաւորման վրայ։

Պ.- Փոքր տարիքէս Լիբանանի հայկական մշակութային ձեռնարկներուն եւ համերգներուն մէջ ներկայութիւնս պատճառ հանդիսացաւ որ տարածեմ իմ մշակած գործերս Լիբանանի եւ միջազգային բեմերու վրայ: 2002-ի Անթիլիասի մայրավանքէն լոյս տեսած է իմ առաջին հայկական մշակումներու գիրքս՝ «Pieces from the Armenian Lithurgy and Armenian songs» խորագրով: Իմ համեստ կարծիքով երաժիշտը ուր որ ալ գտնուի պէտք է ազդուի իր միջավայրէն եւ ինքն ալ պէտք է ազդէ իր արուեստով եւ երաժշտական յարմար մթնոլորտ ստեղծէ եկող սերունդներուն համար:


Հ.- Երբ բեմ բարձրանաք, ի՞նչ զգացում կը տիրէ ձեր մէջ՝ հպարտութի՞ւն, լարուածութի՞ւն, թէ՞ այլ բան։

Պ.- Երբ բեմ բարձրանամ առաջին զգացումս եւ մտածմունքս կ’ըլլայ, որ հանդիսատեսին հետ միասին պիտի վայելենք իմ ներկայացուցած երաժշտութիւնս:

Հ.- Ի՞նչ առանձնայատկութիւններ ունին ձեր մշակած գործիքային տարբերակները, որոնք կը տարբերեն զանոնք այլ կիթառիստներու կատարումներէ։

Պ.- Իմ մշակած հայկական գործերս շատ յատուկ են եւ պահանջուած՝ հայ եւ օտար հանդիսատեսին կողմէ: Իմ մշակումներս առաջին անգամ ըլլալով է որ կը կատարուին կիթառի վրայ, ասկէ առաջ նուագուած չեն, ոչ ալ կիթառի համար գրուած են: Անոնք առաջինն են կիթառի ծնունդի համար: Ասոր համար կը ջանամ լաւագոյնս կատարել որպէսզի տարածուի Կոմիտասի, Կանաչեանի, Տիգրանեանի, Սայաթ Նովայի գործերը եւ զանազան այլ երաժշտական գանձեր, որոնք  տակաւին նուագուած չեն կիթառով: Շատեր կը կարծեն թէ դժուար է կիթառով դասական հայկական գործեր նուագել: Սակայն այժմ իրենց ձեռքին մէջ ունեցան նօթագրուած մշակումներս: Նշեմ, որ Ճափոնի եւ Շուէտի շատ մը յայտնի ամսաթերթերու մէջ լոյս տեսած են իմ հայկական մշակումներս: Իմ մշակումով եւ կատարողութեամբ Մակար Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»ը դասական կիթառի վրայ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի թանգարանին մէջ նկարահանում արձանագրուեցաւ Cilicia TV-ի էջին հարթակով, որուն տեսերիզները հասանելի են համացանցին վրայ:

Հ.- Դուք ներկայացուցած էք Հայաստանը եւ Լիբանանը միջազգային կիթառի ողիմպիականին եւ արժանացած ոսկէ մետալի։ Այս յաղթանակը ի՞նչ տուաւ ձեզի:

Պ.- Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր երբ Յունաստանէն նամակ ստացայ, ուր զիս կը հրաւիրէին որպէս ոսկէ մետալ նուաճող արուեստագէտ: Միեւնոյն կարգի այդ նուաճումը հասանելի էր միայն երեք կիթառիստներու, որոնցմէ մէկը ես էի: Նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ զիս նշանակած են Հայաստանի եւ Լիբանանի կիթառի դեսպան:

 

Հ.- Որպէս «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի կիթառի ամպիոնի վարիչ, ի՞նչ սկզբունքներու վրայ կը հիմնուիք ուսուցման ընթացքին։

Պ.- Որպէս ե՛ւ Բարսեղ Կանաչեանի ամպիոնի վարիչ, ե՛ւ պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի կիթառային անսամպլի բաժնի վարիչ, հետեւողականօրէն կը ջանամ աշակերտներուն մղել դէպի նուագի արհեստավարժ բարձրագոյն մակարդակի:

Հ.- Դուք բազմիցս մշակած էք հայկական երաժշտական գոհարներ՝ դասական կիթառի համար։ Ի՞նչ է ձեր նպատակը այս մշակութային աշխատանքով՝ պահպանում, արդիականացում, միջազգային ներկայացում։

Պ.- Հայկական մշակումներս որպէս նորութիւն նկատի առնուած են միջազգային դասական կիթառի երգացանկին մէջ եւ կը պահպանուին որպէս կիթառի տեղեկատու: Անոնք կը կատարուին նաեւ միջազգային բեմերու վրայ, ե՛ւ երիտասարդ ե՛ւ արհեստավարժ արուեստագէտներու կատարողութեամբ:

Հ.- Որքանո՞վ տարբեր է միջազգային բեմերէն ստացած արձագանգը հայկական գործերու նկատմամբ՝ համեմատած տեղականին հետ։

Պ.- Միջազգային բեմերուն վրայ կատարած հայկական մշակումներուս դրական անդրադարձները բնականաբար կ’ուրախացնեն զիս: Սակայն երբ անոնք կը նուագուին օտար կիթառիստներու կողմէ, ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն կը պարգեւէ:

 

Հ.- Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք ճափոնական Gendai Guitar Magazine-ին հետ ունեցած ձեր համագործակցութիւնը եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի նման հրապարակումը ձեզի համար։
Պ.- Ճափոնի ամենահեղինակաւոր մասնագիտական կիթառի ամսագրերէն Gendai Guitar Magazine-ը լայնածաւալ հարցազրոյց մը ունեցաւ ինծի հետ եւ հրապարակեց իմ մշակած հայկական գործերէս։ Այս յատկանշական քայլը կարեւոր դեր ունի հայկական երաժշտութեան տարածման գործին մէջ միջազգային շրջանակներու մէջ։ Բացի ասկէ, հարցազրոյցներ ունեցած եմ այլ մասնագիտական ամսաթերթերու հետ ալ, որոնցմէ ամենայայտնին Շուէտի Gitarr och Luta-ն է։

Հ.- Որքանո՞վ ձեր ներքին զգացական աշխարհը կ’ազդէ ստեղծագործական որոշումներուն վրայ։
Պ.- Երաժիշտի զգացական աշխարհը անփոխարինելի է։ Ես մեծ կարեւորութիւն կու տամ ոչ միայն զգացական մօտեցման, այլեւ ակադեմական աշխատանքին։ Միայն երկուքին միահիւսումով կարելի է արժէքաւոր արուեստի գործ մը ստեղծել։

Հ.- Կարելի՞ է պատմել ձեր վերջին երկու ձայնասկաւառակներուն մասին։
Պ.- Վերջին երկու ձայնասկաւառակներս լոյս ընծայուեցան ԳՈՀԱՐ-ի հովանաւորութեամբ, որ մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար։ Առաջին սկաւառակիս խորագիրն է «Օրօր»․ այն կը պարունակէ 15 ստեղծագործութիւն՝ Piazzolla, Tárrega, Turina, Villa-Lobos, Կանաչեան-Միքայէլեան, Lauro, Ponce, Sor, Falla, Narváez եւ Եկմալեան-Միքայէլեան։ Երկրորդը՝ «Արարատ», կուտակուած է կենդանի նուագահանդէսներէս, որոնք ներկայացուցած եմ «Արարատ» հնգեակին հետ։

Հ.- Ապագային հնարաւո՞ր կը տեսնէք համագործակցութիւն այլ ազգութեանց երաժիշտներու հետ՝ հայկական գործերու համաշխարհային տարածման նպատակով։
Պ.- Վստահաբար, այո՛։ Վերջերս ունեցայ բացառիկ համագործակցութիւն մը ֆիլմերու համբաւաւոր երգահան՝ շուէտուհի Փարնիլա Ըսթէրպարկի (Pernilla Österberg) հետ, որ արդիւնաւորուեցաւ հրաշալի երաժշտական գոհարով մը՝ Armenian Lullaby անունով: Այս ստեղծագործութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ հայկական ֆիլմ պատրաստող բեմադրիչի մը համար: Զայն կարելի է լսել «Spotify» եւ «iTunes»-ի հարթակով։ Այս աշխատանքը երաժշտական գանձ մըն է, որովհետեւ զայն կիսեցին նաեւ միջազգային վարպետներ։

Հ.- Կա՞յ բեմ կամ փառատօն, ուր միշտ երազած էք ելոյթ ունենալ։
Պ.- Մասնակցած եմ բազմաթիւ միջազգային փառատօներու եւ հրաւիրուած տարբեր բեմերու։ Յատուկ «երազային» վայր չունիմ․ ինծի համար ամէն բեմ, ուրկէ երաժշտութիւնս կը տարածուի եւ ունկնդիրներէն գնահատանք կը ստանամ, իմ բեմս է։

Հ.- Որպէս փորձառու երաժիշտ, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք երիտասարդ կիթառահարներուն։
Պ.- Շատ աշխատեցէք եւ երբեք ձեզ ուրիշներու հետ մի՛ համեմատէք։ Միայն քաջալերանքով եւ հետեւողական աշխատասիրութեամբ կարելի է հասնիլ բարձրունքներու։

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր դերը հայ մշակոյթի եւ դասական կիթառի միջազգային տարածման մէջ։
Պ.- Իմ նպատակս եղած է կիթառի թեքնիքը տարածել Լիբանանի մէջ, իսկ հայկական մշակումներս՝ միջազգային բեմերու վրայ։ Կը զգամ, որ այսպէս կ’օգնեմ հայկական մշակոյթի համաշխարհային տարածման։

Հ.- Կարելի՞ է ներկայացնել 30 Օգոստոսին ԳՈՀԱՐ գրադարանին մէջ կայանալիք միջոցառումը։
Պ.- Շաբաթ, 30 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 11-ին, ԳՈՀԱՐ Gallery-ին մէջ պիտի կայանայ առաջին անգամ Լիբանանի մէջ World Guitar Competition-ը՝ կիթառի ողիմպիականը, որուն ներկայացուցիչն ու դեսպանն եմ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:

Հ.- Որպէս Լիբանանի եւ Հայաստանի «Կիթառի Ողիմպիական»-ի դեսպան, ի՞նչ հիմնական ուղերձ կամ մշակութային կամուրջ կը փափաքիք ստեղծել ԳՈՀԱՐ-ի մէջ կայանալիք միջոցառման միջոցով։

Պ.- Կիթառի միջազգային ողիմպիականը, որուն իրականացումը Լիբանանի մէջ յաջողեցանք ապահովել, ունի բացառիկ մշակութային նշանակութիւն թէ՛ հայկական եւ թէ՛ լիբանանեան մշակութային գործունէութեան տեսանկիւնէն։ Այն յատկապէս խորհրդանշական է, որ մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ ԳՈՀԱՐ Gallery-ին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ ոչ միայն կիթառ նուագողներուն համար, այլեւ ընդհանրապէս Լիբանանի մշակութային կեանքին ներկայ եւ գալիք սերունդներուն համար՝ դառնալով նոր կամուրջ միջազգային երաժշտական աշխարհի հետ։

Աւարտական խօսք. Այս հարցազրոյցի գեղեցիկ առիթը ստեղծելու համար կը փափաքիմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Արարատ» օրաթերթի անձնակազմին, որ տարիներ շարունակ նուիրեալ կերպով իր էջերուն մէջ տարածած է մեր մշակութային ու արուեստական կեանքը։ Մասնաւոր շնորհակալութիւնս կ’ուղղեմ յարգելի տնօրէն պրն. Նազօ Ճէրէճեանին, որ մշտապէս յառաջդիմութեան ոգիով կը խրախուսէ եւ կը նպաստէ հայ արուեստի ու մշակոյթի ներկայացման։ Իր հովանաւորութեամբ եւ «Արարատ»-ի յարատեւ նուիրումով կարելի կ’ըլլայ մեր ձայնը աւելի հեռու հասցնել եւ սերունդներուն մէջ շարունակաբար սերմանել ազգային ու մշակութային արժէքները։

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱԳԱՊԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՀԱՆԴԵՐՁ ԵՒ… ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵԱՆՔ

Next Post

ՀԱՆԴԵՐՁ ԵՒ... ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵԱՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.