Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին հրաւէրով ու նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընթրիքը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին «ՀԿՄ Արարատեան» թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարին ներկայացուցիչ եւ «Թէլէ Լիպան»-ի տնօրէնուհի Էլիսար Նատաֆի, մամուլի սենտիքային նախագահ Աունի Քաաքիի, հանրապետութեան նախագահական պալատին լրատուական գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շլելայի, կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնի տնօրէն գերյ. Հ. Ապտօ Ապու Քասմի, «Սոթ Մահապպէ» եւ «Charity TV» կայաններու ընդհանուր տնօրէն Հ. Շարպէլ Թաննուս Ժաաժայի, «Նուր Սաթ» կայանի տնօրէն Ժագ Քալլասի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուութեան խորհրդական Ֆարէս Ժէմայէլի, խմբագիրներու սենտիքայի փոխնախագահ Սալահ Թաքիտտինի, պետական լրատուութեան կեդրոնի նախագահ Ռանա Շեհապի, գրաւոր թէ լսատեսողական, ինչպէս ալ լիբանանահայ մամուլի մէջ եւ ելեկտրոնային կայքերու եւ հաղորդամիջոցներու մէջ գործող բազմաթիւ լրագրողներու:

Ընթրիքը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրի խօսք առաւ ու ներկայացուց այս հանդիպումին նպատակը՝ պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու լիբանանեան մամուլին՝ իր բերած աջակցութեան ու ներդրումին համար պատրիարքարանին կողքին՝ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ պատրիարքական գահը ստանձնելէն ի վեր, մանաւանդ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնին Լիբանան փոխադրութեան առիթով կայացած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:
Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կենդրոնի տնօրէնը՝ գերյ. Հ. Ապտօ Ապու Քասմ ելոյթ ունեցաւ, որուն մէջ ընդգծեց, թէ այս աննախադէպ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ամենապատիւ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, որ լրատուութեան մասնագէտ է եւ նախապէս Լիբանանի, Սուրբ Երկրին եւ Վատիկանի մէջ հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուն էր։
Մամուլի սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի իր կարգին խօսք առաւ, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ լրատուամիջոցները եւ լրատուական մասնագէտները պատուելու առիթով այս առատաձեռն հրաւէրին համար:
Այս առիթով, Ամենապատիւ ու Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը տուաւ իր հետեւեալ պատգամը. «Մեծ ուրախութեամբ կ’ողջունեմ ձեզ մեր պատրիարքական համալիրէն ներս: Հակառակ անոր ընկերային համեստ շրջանակին, անոր սիրտը մեծ է եւ կը տրոփէ անկեղծ հայրենասիրութեամբ։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին խորապէս արմատացած է Լիբանանի պատմութեան մէջ: Անոր արմատները դարեր շարունակ մխրճուած են Քեսրուանի լեռներուն մէջ՝ իր դռները բանալով բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հոն դիմած են՝ հալածանքի օրերուն կամ ներքին ու արտաքին խնդիրներու ժամանակ, ինչպէս ալ խաղաղութեան ու համերաշխութեան սերմերը ցանելով Հայրենիքի զաւակներուն մէջ։
Այս դարաւոր պատմութեան ընդմէջէն, մենք այսօր կը հանդիպինք՝ նախապատրաստուելով Հոկտեմբեր 19-ին տօնելու համար 1915-ի Հայասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս արքեպիսկոպոս Մալոյեանի սրբադասումը, Վատիկանի մէջ, ուր արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապը։
Այսօր, մեր միասնական ներկայութիւնը այս օրհնեալ կառոյցին մէջ բացառիկ առիթ մըն է ինծի համար՝ իմ խորին երախտագիտութիւնս ու գնահատանքս արտայայտելու ձեր մասնակցութեան եւ ծառայութեան համար՝ Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Կարտինալ Աղաճանեանի մարմնին ժամանումին առիթով։
Հայրական շնորհակալութիւնս սրտանց կը յայտնեմ ձեզի՝ 12 Սեպտեմբեր 2024-ին ձեր գործակցութեան ու ժողովուրդներուն առջեւ ձեր տուած արձագանգին համար՝ որպէս Լիբանանի մէկ հայրենիքին հանդէպ ձեր սիրոյն ու միասնութեան արտայայտութիւնը, որ կ’ընդգրկէ անոր բոլոր համայնքները եւ զանոնք կը համախմբէ որպէս այն մէկ ընտանիքը, որ չի բաժնուիր որեւէ խռովութեան կամ անհամաձայնութեան հետեւանքով։
Մենք չենք ժխտեր, որ կան բաժանումներ, քաղաքական կամ կուսակցական տարաձայնութիւններ, որոնք մեզ կը բաժնեն, մեր մտքերը կը ցրուեն կամ մեզ կը հեռացնեն միասնութեան եւ իսկական հայրենասիրութեան ճանապարհէն, երբեմն մեզ մղելով կողք-կողքի ապրելու, բայց առանց համակեցութեան։ Այսուհանդերձ, իսկական հայրենասիրութեան ոգին կը գերիշխէ բոլոր հետապնդուած տարբեր շահերուն այս սիրելի Հայրենիքի հողերուն վրայ։ Ես չեմ ժխտեր քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը մեր երկրին մէջ, բայց անիկա ամբողջութեամբ պէտք է ծառայէ Լիբանանի շահին եւ անոր քաղաքացիներու բարիքին։
Դուք ազատ խօսքի տէրերն էք, եւ ձեր խօսքերը կը շրջանցեն բոլոր արգելքները՝ հասնելով մարդերու սրտերուն, որոնց միջոցաւ կը պտղաբերեն եւ կ’ամրապնդեն մեր Լիբանան Հայրենիքին նկատմամբ անոնց կապուածութիւնը։
Հակառակ պարագային, մենք կը զգանք հեռանալու եւ արտագաղթելու փորձանքը, որուն հետեւանքով Հայրենիքը կը կորսնցնէ իր քաղաքացիները։ Յոյսով եմ, որ դուք խաղաղութեան ու միասնութեան, յոյսի եւ նուիրումի կամուրջները կը հանդիսանաք՝ մէկ Հայրենիքի զաւակներուն միջեւ, անոնց համայնքային, կրօնական կամ քաղաքական պատկանելութիւններէն անկախ, որովհետեւ մենք բոլորս մէկ Հայրենիքի զաւակներն ենք, որուն առաքելութիւնը յաւերժական մայրիի դրօշին տակ է։
Խօսքս աւարտելէ առաջ, կրկին անգամ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ իմ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով իւրաքանչիւր լրատուականի կամ հաղորդամիջոցի, եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու ջանք թափեցին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք լուռ կամ յայտնապէս ներդրում ունեցան։
Դուք չորրորդ իշխանութիւնն էք եւ մեր գործընկերները՝ խաղաղութեան պատգամը հաստատելու գործընթացին մէջ ու ճշմարտութեան հիմնարար սիւնը՝ արդարութեան ու սիրոյ վրայ հիմնուած հասարակութեան իրագործումին մէջ։
Մեր աղօթքն է, որ Տէրը օրհնէ ու պտղաբերէ ձեր աշխատանքը, եւ դուք մնա՛ք ճշմարտութեան փարոսը, ինչպէս նաեւ բարձր ձայնը կենդանի խղճին։
Թող ձեր պատգամը կառուցողական երկխօսութեան, անկեղծ խաղաղութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշը դառնայ մեր սիրելի երկրին՝ Լիբանանի մէջ»:
Ստուգիւ, պատմական եւ աննախընփաց այս նախաձեռնութեան ոգին հանդիսացած Ամենպտ. կաթողիկոս-պատրիարքը, իր պարզութեան, համեստութեան մէջ ու հայրական ժպիտով, ընդունեցաւ բոլորին կողմէ արտայայտուած շնորհակալութիւնը ոչ միայն իր ըրած հրաւէրին, այլ նաեւ այս կայացած շատ ուրախ, ընտանեկան ու խանդավառող մթնոլորտին համար:
Ապա, անհատներու եւ խմբակներու հետ լուսանկարումներով, ինչպէս ալ իր հայրապետական օրհութեամբ ու մաղթանքով՝ գերերջ. Հոգեւոր Տէրը փակեց ոգեպնդիչ ձեռնարկը:
armeniancatholic.org’s post

