Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերը շարժած են Սուրիոյ հարաւային Քընէյթրա գաւառի էլ-Տաուայա փոքր գիւղին ուղղութեամբ: Ըստ դիտարանին, իսրայէլացի զինուորները հեռացած են, գիւղին մերձակայ այգիներուն մօտենալէ շուրջ ժամ մը ետք: «Այս մաս կը կազմէ Սուրիոյ սահմանային գօտիին վրայ իսրայէլեան զինուորական շարունակական շարժումներուն, որոնց հետեւանքով կը սրի լարուածութիւնը այդ շրջանին մէջ», ահազանգեց դիտարանը:

