Ելեւմուտքի նախարարութիւնը Միջազգային դրամատան հետ կնքեց 250 միլիոն տոլարի վարկ ստանալու համաձայնութիւն մը: Գումարը պիտի յատկացուի պատերազմական գործողութիւններու ականատես դարձած շրջաններուն մէջ վնասուած ենթակառոյցները վերականգնելու աշխատանքներուն:
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, թէ 2026-ի պետական ամավարկը պիտի ըլլայ եկամուտի աղբիւրներու եւ ծախսերու հաւասարակշռութիւն, առանց նիւթական յաւելեալ վնաս պատճառելու լիբանանեան գանձարկղին: Ըստ Ժապէրի, պետութեան եկամուտը բարձրացած է շնորհիւ նախարարութեան գործադրած բարեկարգումներուն՝ պայքարելու տուրքերէն խուսափելու երեւոյթին դէմ եւ բարելաւելու հարկային ու մաքսային ծառայութիւններուն աշխատանքը: Խօսելով պատերազմին հետեւանքները վերացնելու աշխատանքին մասին, ելեւմուտքի նախարարը յայտնեց, թէ ցարդ 1500 միլիառ լիրա փոխանցած է Հարաւի խորհուրդին եւ 200 միլիառ լիրա՝ Օգնութիւններու գերագոյն խորհուրդին՝ աւերակները վերացնելու եւ վնասուած ենթակառոյցները վերականգնելու համար:

