Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի մէջ տեսակցեցաւ նախագահ Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսիի ու շարք մը նախարարներու հետ: Սալամ մեծապէս գնահատեց Եգիպտոսի ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին զօրակցութիւնը Լիբանանին, ընդգծելով երկու երկիրներուն պատմական յարաբերութիւնները: Վարչապետը Լիբանանի եղբայրական ու բարեկամական պետութիւններուն կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Թել Աւիւի նկատմամբ՝ ապահովելու համար լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն ամբողջական նահանջ եւ միջազգային աջակցութիւն լիբանանեան հաստատութիւններուն: Ան առաջարկեց նաեւ արաբական ջանքերու մէկտեղում՝ դիմագրաւելու համար արաբական ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները:

