Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ տեսակցելէ ետք, ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք նախանցեալ օր յայտնուած էր լրագրողներուն առջեւ, պատասխանելու անոնց հարցումներուն: Ի տես հարցումներու տարափին, Պարրաք լրագրողներէն պահանջած էր յարգել կարգն ու կանոնը եւ զերծ մնալ անասնական վերաբերմունքէն: Ամերիկացի պատուիրակին այս խօսքերը յառաջացուցին լիբանանցի լրագրողներուն եւ մամուլի աշխատակիցներուն զայրոյթը: Խմբագիրներու սենտիքան Պարրաքէն պահանջեց ներողութիւն խնդրել լրագրողներէն, սպառնալով այսուհետեւ չհետեւիլ անոր գործունէութեանց: Հանրապետութեան նախագահութիւնը ցաւ յայտնեց Պաապտայի պալատ այցելած պատուիրակի մը լրագրողներուն ուղղուած անարգանքներուն համար եւ դրուատեց լիբանանցի լրագրողներուն գործունէութիւնը նախագահական պալատին մէջ: Տեղեկատուութեան նախարարին գրասենեակը եւս ցաւ յայտնեց լիբանանցի լրագրողներուն նկատմամբ օտարազգի պատուիրակներէն մէկուն անարգական խօսքերուն համար:

