Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

August 28, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչ Թոմ Պարրաքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Նախագահական պալատէն հրապարակուած յայտարարութիւնը նշեց, թէ Աուն վերահաստատած է թշնամական գործողութիւնները դադրեցնելու համաձայնութեան Լիբանանի ամբողջական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան աշխատանքային փաստաթուղթի գործադրութեան կառչածութիւնը: Ամերիկացի պատուիրակին տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս Պաապտայի պալատէն յայտնեց, թէ Իսրայէլ պատրաստ է քայլ մը առնելու լիբանանեան կառավարութեան առնելիք իւրաքանչիւր քայլին դիմաց: «Լիբանանի մէջ ժամը հասաւ գործնական քայլերու, իսկ մենք պատրաստ ենք օգնելու», շեշտեց Օրթէյկըս: Տեսակցելէ ետք լիբանանցի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ, ամերիկեան պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց հարաւային որոշ շրջաններ: Պարրաքն ու ընկերակիցները նախ ուղղաթիռով հասան Մարժաայունի զօրամաս, ուրկէ պիտի ուղղուէին Խիամ եւ Սուր: Պարրաքի այցելութենէն դժգոհ քաղաքացիներ փակեցին Խիամի հրապարակն ու բարձրացուցին Հըզպալլայի դրօշներ՝ դատապարտելով ամերիկեան քաղաքականութիւնը: Նոյնպէս հարաւի մէջ, իսրայէլեան ուժերը երէկ բացիկներ նետեցին Ատէյսէի ուղղութեամբ, որուն մէջ քաղաքացիները զգուշացուցին Հըզպալլայի հետ գործակցողի մը հետ որեւէ կապ ունենալէ: «Հեռացէք անկէ, այլապէս պիտի տուժէք դուք եւ ձեր ընտանիքները», նշուած է բացիկին մէջ:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆԵՐՔԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔ ՊԱՐՐԱՔԻ ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐԷՆ

Next Post
ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔ ՊԱՐՐԱՔԻ ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐԷՆ

ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔ ՊԱՐՐԱՔԻ ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.