Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԵՐՔԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

August 28, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԵՐՔԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան այցելած ամերիկացի պատուիրակութիւնը դրժած է նախկին խոստումները եւ Իսրայէլի հետ «քայլ քայլի դիմաց» լուծումին փոխարէն վերստին պահանջած է Հըզպալլայի ապազինումը, որպէս իսրայէլեան կողմէն որեւէ քայլ առնելու նախապայման: Անոր համաձայն, ամերիկեան նորագոյն յայտարարութիւններու լոյսին տակ իրավիճակը վերստին բարդացած է: Խօսելով Հըզպալլան ապազինելու մասին լիբանանեան բանակին ծրագիրը քննարկող՝ կառավարութեան 2 Սեպտեմբերի նիստին մասին, Պըրրի դատապարտեց երկրին մէջ տարակարծութիւններու առաջնորդող որեւէ որոշում:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հուսէյն Խալիլ դատապարտեց տարածաշրջանային եւ ամերիկացի պատուիրակներուն աշխուժութիւնը Լիբանանի մէջ, դիտել տալով, որ անոնց նորագոյն առաջարկները հակասական են  անցեալ տարուայ Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնութեան եւ ամերիկեան կողմին ստանձնած պարտականութիւններուն՝ Իսրայէլին վրայ ճնշում բանեցնելու եւ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջը ապահովելու առումով: Ըստ Հըզպալլայի պատասխանտաուին, ամերիկեան վարչակազմը կը փորձէ տապալել լիբանանեան դիմակայումի բոլոր հնարաւորութիւնները, երկիրը մղելով Իսրայէլի հետ բնականոնացումի ընթացքին, հասնելով մինչեւ Աբրահամեան համաձայնութիւններ: «Ամերիկեան եւ տարածաշրջանային իշխանութիւնները յաջողեցան Լիբանանի կառավարութիւնը մղել թերի որոշումներու, որպէս վերջնական խոնարհումի առաջին քայլ», ցաւով նշեց Խալիլ եւ ահազանգեց լիբանանեան բանակը Դիմադրութեան եւ ժողովուրդին դէմ-յանդիման դնելու ամերիկեան դաւէն: «Լիբանանցի պատասխանատուները վերստին կը զուշացնենք այսպիսի մահացու թակարդներէն եւ հանրապետութեան նախագահէն ու պատուաւոր գործիչներէն կ’ակնկալենք վերջ տալ կառավարութեան այս զիջողական քաղաքականութիւններուն եւ բանակը զերծ պահել երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վտանգող ներքին խռովութիւններէն», ահազանցեց Հուսէյն Խալիլ, մտավախութիւն յայտնելով երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մղելու փորձերէն:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-28 ԶԳԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒ  ԽԱԲԿԱՆՔ

Next Post

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.