Զգայարաններու միջոցաւ ի գործ դրուած ծանօթութիւնը իրերու հեռաւորութեան, մեծութեան եւ ձեւին նկատմամբ սխալելու առիթ կը ստեղծէ յաճախ։ Մեր դատողութիւնը շատ անգամ բացայայտ է, սակայն փորձառութենէ ետք կը սրբագրենք զայն, ուրիշ խօսքով՝ մեր դատողութիւնը կը վերարթննայ։ Իսկ արուեստի ոլորտին մէջ խաբկանքը պատրանքի կը վերածուի: Բացատրենք օրինակով մը․ երբ վարպետօրէն նկարուած տեսարան մը կը դիտենք, կը հաւատանք հեռաւոր տուներն ու իրեղէնները իրենց խորութեանը մէջ ընկալած ըլլալ։ Երկրաչափական եւ լուսային որոշ հնարքներ պատրանքի աղբիւրներ են նմանապէս։ Կայ նաեւ իրերու զանգուածին եւ ծաւալին առթած խաբկանքը․ մենք ընդհանրապէս հակում ունինք հաւատալու, որ խոշոր ծաւալով առարկաները միշտ աւելի ծանր կը կշռեն քան աւելի փոքրերը, առանց նկատի ունենալու իրեղէնի տեսակարար ծանրութիւնը։
Հոս թիւրիմացութիւն մը պէտք է լուսաբանել․ մարդիկ հակում ունին հաւատալու, թէ զգայարաններով կառուցուած ծանօթութիւնը գիտական հիմք ունի, մինչդեռ իւրաքանչիւր գիտութիւն իրերու աւելի ճշգրիտ ընկալումը կ՛ապահովէ։ Ամենացնցիչ օրինակը աստղագիտութեան մէջ է, ուր այս վերջինն է, որ կը ճշդէ երկնային առարկաներու ճշգրիտ տեղը։ Լուսնի խաւարումը հետաքրքական օրինակ մըն է։ Երբ առաջին անգամ յոյն գիտնական եւ փիլիսոփայ Թալես (ապրած` Ք․Ա․7-6-րդ դարերու միջեւ), հանդարտօրէն կը յայտարարէր «Լուսնի խաւարում» ը, խառնաշփոթ ստեղծած էր բանակներու միջեւ։ Նոյն գիտնականն է որ պիտի յայտնէր հետեւեալ նշանաւոր ճշմարտութիւնը․ «Այն ժամուն երբ մարդու շուքը կը հաւասարի իր հասակին, բուրգին շուքը կը հաւասարի իր հասակին»:
Շարժումին կապուած զգայական խաբկանքը ծանօթ է բոլորիս․ զորօրինակ բաւական է, որ դիտարկողը շարժման մէջ գտնուի, որպէսզի առարկաները թուին շարժիլ հակառակ ուղղութեամբ։ Նոյնպէս, առարկաներու անհաւասար շարժումի պայմաններուն հետեւանքով, որոշ բաներ կը թուին սուրալ աւելի արագ քան ուրիշներ, ինչպէս լուսինը երբ ծագի, ճամբորդին հետ միասին քալելու կամ միաժամանակ յառաջանալու սխալ տպաւորութիւնը կը թողու։ Հոս կը կայանայ շարժումի յարաբերականութեան գաղտնիքը։ Շարժումը փոփոխականութեան ձեւն է։ Սակայն չմոռնանք, որ փոփոխականութիւնը որակական է, մինչդեռ շարժումը` քանակական։
Հիմնական է այն իրողութիւնը, որ ընկալումը եւ արժեւորումը տարբեր բաներ են։ Ընկալումը որ տեղի կ՛ունենայ զգայարաններու միջոցաւ մեզ կրնայ սխալեցնել։ Երբ որոշ հեռաւորութենէ ընկալուած կամ դիտարկուած առարկաներու կը մօտենանք յաճախ անակնկալ մըն է, որ մեզ կը սպասէ, նախ տարածութեան մէջ չափերու սխալ կամ մօտաւոր գնահատումով․ ինչպէս որոշ հեռաւորութեան մէջ գտնուող հիւղակի մը իսկական մեծութիւնը կամ հեռաւոր փողոցի մը իրական լայնքը։ Իսկ այս արժեւորումի սխալները ահաւոր համեմատութիւններու կը հասնին աստղագիտութեան մէջ , ուր մեր զգայարանները անբաւարար են գնահատելու իսկական հեռաւորութիւնները։ Երբ Լուսինը կամ Արեգակը կը տեսնենք ամէն օր, ո՞վ կարող էր գուշակել որ առաջինը մեզմէ 384.000 քիլոմեթր, իսկ Արեւը 149 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ Հոս ի հարկէ գիտութիւնն է, որ կը հասնի մեր օգնութեան։ Աստղագիտութեան մէջ հեռադիտակը եւ աստղադիտակն են որ սկիզբները գիտնականներու օգնութեան հասած են, փոխարինելով աչքը։ Հետեւաբար չմոռնանք յիշեցնելու․ գիտութիւնը անհրաժեշտ է յաճախ ճիշդը ընկալելու համար։
Իսկ մեզմէ շատերուն առօրեային մաս կազմող արուեստական բանականութիւնը (intelligence artificielle) նոր էջ մը կը բանայ զգայարաններու խաբկանքի տեսակէտէ։

