Խաչիկ, իր ծննդավայր Պէյրութի առօրեայ կեանքի կողքին, սիրած է որսորդութիւնը, եւ յաճախ ընկերներով Լիբանանի գիւղերուն մէջ անցուցած է իր ոչ-աշխատանքային օրերը, եւ այդ օրերուն է, որ զրոյցի մը ընթացքին շուն մը ունենալու փափաքը կ’արտայայտէ: Ի պատասխան այդ փափաքին, ընկերներէն մէկը, որ լապրատոր շուն մը ունէր, կը խոստանայ իր շան ձագերէն մէկը նուէր տալ Խաչիկին որպէս երախտագիտութիւն անոր կատարած բարիքներուն: Խաչիկին սկզբունքներէն էր «ԲԱՐԻՔ ԸՐԷ, ԾՈՎԸ ՆԵՏԷ»:
2013-ին, յարգելով իր խոստումը, Խաչիկին ընկերը երկուքուկէս ամսական լապրատոր շնիկ մը կը նուիրէ իրեն: Խաչիկ շնիկը կ’անուանէ Հաչիքօ: Եւ այդ օրէն սկսեալ, Խաչիկ կը խնամէ իր շունը ինչպէս իր տան մէկ անդամ-զաւակը ըլլար: Կեանքը բնական կ’ընթանար եւ Խաչիկ երբեք չէր մտածած Պէյրութէն հեռանալու եւ գաղթելու մասին: Սակայն 2016-ին Խաչիկ իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Լոս Անճելըս, բայց ան չի կրնար Հաչիքօն իր հետ տանիլ եւ այդ պատճաոով ալ զայն կը վստահի իր ընկերոջ, որ Այնճարի մէջ ամառանոց ունէր: Խաչիկ իր միտքը հանգիստ պահելու համար, ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէր Հաչիքոյի վիճակը հարցնելու, եւ միաժամանակ Հաչիքոյին լուսանկարները ստանալով ան կը մխիթարուէր: Որոշ ժամանակ Հաչիքոյի լուսանկարները կը դադրին, եւ Խաչիկ մտահոգուած կը հետաքրքրուի ու կ’իմանայ, որ ամառանոցի հիւրերուն կեցութեան հետ Հաչիքոյի անյարմարութեան պատճառով, Հաչիքօն յանձնուած էր մէկ այլ ընկերոջ: Խաչիկ անմիջապէս կը հեռաձայնէ եւ կը հարցնէ Հաչիքոյին վիճակը, եւ երբ կը տեսնէ, թէ ան շղթայով տանիքը կապուած է, Խաչիկին հոգին կ’ալեկոծի, խիղճը կը տանջուի՝ յիշելով, որ Հաչիքօն ի՜նչ յարմարաւէտ պայմաններու մէջ ապրած էր:

Հաչիքօն Լոս Անճելըս բերելու վճռականութեամբ, Խաչիկ անմիջապէս կը կապուի իր ընկերներուն, որ ճամբորդական գրասենեակի մը միջոցով կազմակերպէ Հաչիքոյին Լոս Անճելըս փոխադրութիւնը: Սկիզբը առաքման արժէքը 1500 ամերիկեան տոլար էր, բայց անվերջ ուշացումներէ յետոյ ճամբորդութեան սակը կը բարձրանայ մինչեւ 2500 ամերիկեան տոլարի, որուն Խաչիկ համաձայն կը գտնուի, բայց եւ այնպէս բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, գործը չի յաջողիր: Խաչիկ չի յուսահատիր եւ ի վերջոյ մէկ ուրիշ պէյրութահայ ընկերոջ մը միջոցով եւ գրասենեակի մը խոստումով, Խաչիկ 3000 ամերիկեան տոլար կը վճարէ եւ Հաչիքօն Qatar Airways-ի թռիչքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըսի օդակայան: Մէկուկէս ժամ տեւած փաստաթուղթերուն ստուգումէն ետք, Խաչիկ կը տեսնէ Հաչիքօն փոխադրական վանդակի մը մէջ: Հաչիքօ իսկոյն կը նկատէ իր տէրը, կը ցատկէ պոչը անընդհատ շարժելով ու արտասովոր մեղմ հաջոցներով… ուրախութիւնը անսահման էր:
Խաչիկ մեծ հոգատարութեամբ կը շարունակէ խնամել Հաչիքօն իր զաւկին նման: «Հաչիքօ արթուն պահակն է ու ամէն օր դռան առջեւ պառկելով կը սպասէ տան բացակայ անդամին վերադարձը»: «Շա՜տ ուշիմ է», — « Հաչիքօ՛, ներս եկուր, տեղդ պառկիր, Նարեկը պիտի չգայ այս գիշեր» — այս խօսք լսելով Հաչիքօ կ’անցնի ներս՝ իր տեղը, կը պատմէ Խաչիկ …Ի՜նչ հաւատարիմ ու հնազանդ է Հաչիքօն…
Հաչիքոյի սիրած ժամերն են Ipad-ի վրայ խաղ դիտելը:
Տարիքը ազդած է եւ Հաչիքոյի տեսողութիւնն ու լսողութիւնը տկարացած են. դեղորայքի եւ անսահման խնամքի շնորհիւ Հաչիքօն կը շարունակէ իր կեանքը այն մարդուն հետ, որ բնաւ չհրաժարեցաւ իրմէ:
2010-2016 տարիներուն, Խաչիկ Թաշճեան եղած է թիկնապահը Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի եւ լիբանանի խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Միշէլ Ֆարաոնի: Խաչիկ այդ տարիներուն ձեռք երկարած է հարիւրաւոր մարդոց եւ օգնած անոնց հարցերու լուծումներ գտնելու շնորհիւ իր ունեցած պաշտօնին:
Աղբիւր՝ Տարբերակ21

