Գրե՞մ, թէ՞ չգրեմ:
Պիտի գրեմ:
Կրնայ չհրապարակուիլ, բայց որպէս խղճի պարտականութիւն, ես պիտի գրեմ:
Պատուարժան խմբագիրը կրնայ յարմար չտեսնել հրատարակութիւնը: Ինք անձամբ եթէ յօժար եղաւ, թերեւս թերթը հովանաւորող կազմակերպութիւնը համամիտ չըլլայ կամ չհանդուրժէ գրութիւնը:
Ոչի՛նչ, ես պիտի գրեմ: Հրատարակուեցաւ՝ լա՛ւ, չհրատարակուեցա՞ւ՝ ոչինչ, անտիպ թող մնայ ցնոր տնօրինութիւն:
Քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս, բայց մասնաւորաբար միջազգային քաղաքականութիւնը կեղտոտ խաղ է, ուստի եւ կեղտոտներուն խաղը: Եթէ միացնենք երկուքը, կը ստանանք կեղտոտներուն կեղտոտ խաղը:
Ես քաղաքականութեան մասին չէ՛ որ պիտի խօսիմ: Խաղ մը, որմէ երբեք ալ չեմ հասկնար: Արդէն աւելի քան 20 տարիէ առօրեայ լուրերուն կամ զարգացումներուն անգամ չեմ հետեւիր:
Բայց չեմ կրնար հաւկուր ձեւանալ եւ ըսել թէ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր եղած անցուդարձերուն չհետեւեցայ, ըլլայ Լիբանանէն ներս եղածներուն, ըլլայ քանի մը հարիւր մղոն հարաւը գտնուող Կազայի մէջ պատահածներուն:
Պատճառ մը աւելի ունէի հետեւելու Կազայի մէջ եղածներուն, որովհետեւ նմանութիւն մը սկսած էի տեսնել կազայաբնակ պաղեստինցիներուն եւ մե՛ր՝ հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Կրկնակի տեղահանութիւն, գաղթականութիւն:
Անօթութիւն եւ սով:
Անջրդի, պապակած մանուկներ եւ ժողովուրդ:
Անխնայ սպանութիւն եւ ոճիր նորածին երեխաներու, մանուկներու, կին թէ ալեհեր ծերունիներու:
Իմ գործը չէ՛ քաղաքական վերլուծում մը ընելը: Թէ ո՞վ ինչ է կամ թէ ով պէտք է նկատել պատասխանատու: Բա՜յց, բա՛յց, ահա ձեզի մեծղի՛, խոշոր բայց մը:
Հարիւրաւոր գիրքերու, տասնեակ հազարաւոր էջերու, անհատական պատմութիւններու, անհամար որբերու միջոցաւ լա՛ւ գիտենք թէ ինչպիսի տառապալից վիճակ մըն է որ ապրեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զո՛հ հայ ժողովուրդը:
Առանց դադարի, աւելի քան 140 տարիէ (նկատի ունենալով Ատանայի սահմռկեցուցիչ ջարդը), բայց մանաւանդ 110 տարիէ ի վեր կը խօսինք, կը բամբասենք, կը շեփորենք, կը քարոզենք: Կ’այպանենք նոյնիսկ մեզի օգնութեան չհասնողները կամ մեզ դաւադրաբար լքողները:
Շա՜տ բարի, այս բոլորը լա՛ւ:
ԲԱՅՑ… ահա՛ մեծղի, խոշոր Բայցը:
Ի՞նչ կ’ընենք այսօ՛ր:
Ընդունելի չէ՛, որ սնանկացած վաճառականի մը նման հպարտանանք միայն մեր հի՛ն տետրակներով: Այո՛, ճիշդ է, լաւ է որ վառ պահենք պատմութեան էջերը, բայց բա՛ւ է որ հպարտանանք մի՛ միայն մեր հին սխրագործութիւններով:
Կրկնելու գնով ըսեմ. ի՞նչ կ’ընենք այսօ՛ր:
Ի՞նչ ըրինք, օրինակ, ցեղասպանութեան զոհ կազացիներուն համար: Քաղաքականութենէն բոլորովին հեռո՜ւ, ի՞նչ ըրինք մարդկայնօրէն:
Կարծեմ ոչինչ:
Այդքա՞ն քաղքենիացած ենք, որ կ’անտեսենք աւելի քան 60-70 հազար զոհերը, որոնց 35 առ հարիւրը անմեղ մանուկ, երեխայ եւ նորածին են, կամ հարիւր հազարաւոր անկարները, անօթութիւնն ու սովը , պապակած մանուկները եւ իրենց ընտանիքները, կրկնակի տեղահանութիւնն ու գաղթը:
Ա՞յս աստիճան ենթակայ դարձած ենք ծայրայեղ եւ ցնորամիտ քաղաքագէտներուն եւ զիրենք հովանաւորող սիոնիզմին կամ այլ համաշխարհային կազմակերպութիւններուն: Այդքա՞ն ստորակայ եղած ենք «կանաչ մամոնայի» հայրենիքին, թէ՞ կը սարսափինք իրենց շահերուն հակառակ «խօսք» մը կամ «կեցուածք» մը որդեգրելէ, նոյնիսկ եթէ մի միայն մարդասիրական զգացումներէ մղուած ըլլայ այդ:
Ի՞նչ սխրանք, այդ մամոնային (դրամանիշին) կանաչ գոյնի գիւտարարն անգամ հայ ժողովուրդի գաղթական մէկ զաւակն է:
Այսքան քաղքենիութիւն շատ չէ՞ ջարդերէն հրաշքով ճողոպրած հայերուս համար:
Հայկական քաղաքական հոսանքներու հերթական միացեալ ժողովներէն բողոքի կամ առնուազն աջակցութեան ձայն մը բարձրացա՞ւ:
Եթէ եղած է ու ես տեղեակ չեմ, կանխայայտ ներողութիւն կը խնդրեմ բոլորէն: Եթէ նոյնիսկ եղած է՛, բայց միայն «չոր խօսքի» սահմաններուն մէջ մնացած, այդ ալ ուրիշ բացասականութիւն մը:
Բարձրաձայն մտածելով հարց կու տամ: Արդեօք չէ՞ր արժեր հանգանակութիւն մը կազմակերպել, պարզ խորհրդանշական ռատիոթոն մը, պարզապէս ցոյց տալու համար թէ կար ժամանակ երբ մենք ալ նոյն «արիւնալի, աղիտալի ապուրը» ճաշակած էինք…
Սո՞ւտ է, սխա՞լ է, մոռցուա՞ծ է «նմանն զնմանն գտանէ»ն:

