Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ»

August 26, 2025
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ներկայ գտնուած են օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան աշխատաժողովի մեկնարկին:

Վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով՝ կարեւորելով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առանցքային դերն ու նշանակութիւնը։ Իր խօսքին մէջ կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է կառավարութեան կողմէ իրականացուող հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութեան:

Երկրի ղեկավարը շեշտած է, որ անոր գործնական իրագործումը տեղի ունեցած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատմամբ:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ երկրի առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։

«Բոլոր այն աղէտները, որոնք մենք մեր պատմութեան ընթացքում ունեցել ենք, առանձնայատկութիւններն ուսումնասիրելիս եկել ենք մի արձանագրման, որ մենք որպէս կանոն այդպէս էլ չենք կարողացել մեր պատմութեան կշռոյթը համահունչ դարձնել միջազգային զարգացումների կշռոյթի հետ»,- աշխատաժողովի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ այն, ինչ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է, կը նշանակէ, որ ՀՀ քաղաքականութեան կշռոյթը դարձած է համահունչ միջազգային որոշակի գործընթացներու հետ, որ չափազանց կարեւոր է:

«Սա մեր, թերեւս, մի քանի հարիւրամեակների առաջին իրատեսական եւ իսկական հնարաւորութիւնն է դառնալ միջազգային զարգացումներին համահունչ, եւ սա չափազանց կարեւոր արձանագրում է»,- ըսած է ան:

Վարչապետի ելոյթին յաջորդած են արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերու շուրջ քննարկումներ՝ առկայ հիմնախնդիրներու եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆՈՐ ԹԱՓԱՆՑՈՒՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

«ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒՄԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Կ’ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Next Post
«ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒՄԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Կ’ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

«ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒՄԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Կ'ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.