Կապանի մէջ դեսպանաժողովի աշխատանքները շարունակուած են արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ քննարկումով։
Նախարար Միրզոյեան անդրադարձ կատարած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներու արդիւնքներով ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն։
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան նախաստորագրուած համաձայնագրին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է հաստատուած խաղաղութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանին համար, ներկայացուցած է այս նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ ՀՀ արտաքին քաղաքական տեսլականը, ձեւաւորուած նոր հնարաւորութիւններն ու անոնց իրացման նպատակով իրականացուելիք աշխատանքները։
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգի շարունակական կեանքի կոչումը եւ ՀՀ քաղաքացիներուն համար կայուն, անվտանգ ու բարեկեցիկ միջավայրի ապահովումը կը հանդիսանայ ՀՀ կառավարութեան, այդ մարքին՝ դիւանագիտական ծառայութեան առաջնային նպատակ։
Արարատ Միրզոյեան անդրադարձ կատարած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միջոցով ընձեռուող հնարաւորութիւններւոն, միջազգային կապուղիներու ընդլայնուող զանցին ՀՀ արդիւնաւէտ ներգրաւուածութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն եւ այդ նպատակով Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմ հռչակագրի կեանքի կոչման ուղղութեամբ յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Արձագանգելով արձանագրուած յաջողութիւններուն՝ միտքեր փոխանակուած են տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին նաեւ ռազմավարական գործընկերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ընթացող աշխատանքներուն շուրջ։

