Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Պէյթ Ճընի ուղղութեամբ իսրայէլեան ուժերու յառաջընթացի փորձը՝ 11 զինակառքերու եւ շուրջ 60 զինուորներու միջոցաւ: Դամասկոս դատապարտեց նաեւ Շէյխ լեռան ստորոտային Պաթ էլ-Ուարտէ բարձունքին գրաւումը, այդ համարելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան բացայայտ խախտում: Նախարարութիւնը իսրայէլեան նորագոյն ոտնձգութիւնները որակեց վտանգաւոր մագլցում, խաղաղութեան ու կայունութեան սպառնալիք եւ միջազգային բոլոր օրէնքներու խախտում: «Այս ոտնձգութիւնները կը խափանեն կայունութիւնը ամրապնդելու փորձերը եւ կը խորացնեն տարածաշրջանային լարուածութիւնը», ահազանգեց Դամասկոս, ՄԱԿ-էն պահանջելով յանձնառու մնալ իր պարտականութիւններուն եւ զսպել Իսրայէլը՝ գործադրելով միջազգային օրէնքը:
Սուրիոյ ներքին խնդիրներուն հարցով, սուրիացի տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Հիքմէթ էլ Հեճրի ազատ աշխարհին եւ պատուաւոր մարդոց կոչ ուղղեց աջակցելու իրենց՝ Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ յայտարարելու կեդրոնական իշխանութենէն անջատում: «Մեր երթը սկսաւ այլ ուղղութեամբ ընթանալ վերջին ճգնաժամի լոյսին տակ, որուն նպատակն էր բնաջնջել Սուրիոյ տիւրզի համայնքը» կարծիք յայտնեց շէյխը: Անոր խօսքով, ազգային պահակագունդը պիտի պաշտպանէ իրենց հողը, օգնութեամբ որոշ պետութիւններու: Նոյն ծիրին մէջ, Սուրիոյ հարցով միջազգային պատուիրակ Թոմ Պարրաք կարծիք յայտնեց, որ Սուրիան գուցէ կարիք ունենայ ոչ շատ կեդրոնական իշխանութեամբ համակարգի մը՝ հեռու իսլամական ուժերու սպառնալիքներէն:

