Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ 14 Օգոստոսին ձերբակալուած լիբանանցի կասկածելիի մը հարցաքննութեամբ եւ հետախուզական տուեալներու ստուգումով ի յայտ եկաւ, թէ ան 7 Ապրիլ 2024-ին մասնակցած էր լիբանանցի Փասքալ Սլէյմանի առեւանգումին եւ սպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր ինքնաշարժի գողութեան: Ձերբակալուած լիբանանցին մաս կը կազմէր թմրանիւթերու վաճառականութեամբ եւ ինքնաշարժներու գողութեամբ զբաղող ամէնէն վտանգաւոր աւազակախումբերէն մէկուն: Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժըպէյլ գաւառի համակարգող Փասքալ Սլէյման աւելի քան տարի մը առաջ անհետացաւ գաւառի Հաքէլ գիւղէն, ապա մահացած գտնուեցաւ:

