Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը երէկ յետմիջօրէին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը յետաձգեցին բողոքի հանրահաւաքը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար վաղը երեկոյեան՝ Պէյրութի Ռիատ Սոլհի անուան հրապարակին վրայ, դատապարտելու համար զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու վերաբերեալ կառավարութեան կայացուցած որոշումները եւ զօրակցութիւն յայտնելու Դիմադրութեան ու անոր զէնքին:
Իրանի յեղափոխական պահակագունդի «Երուսաղէմ» գումարտակի հրամանատարի տեղակալներէն զօրավար Ըրժ Մեսճիտի ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիր համարեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլային ապազինումը պահանջող կոչերը, վստահեցնելով որ այդ երբեք պիտի չիրականանայ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ շեշտեց, թէ լիբանանցիներուն դիմագրաւած խնդիրներուն պատճառը իսրայէլեան բռնագրաւումն է եւ ոտնձգութիւնները, ուստի հարցերը լուծելու հարմար պէտք է նախ վերականգնել երկրին գերիշխանութիւնը, որուն պատասխանատուն կառավարութիւնն է եւ պէտք է մշակել յատուկ ծրագիր մը՝ ապահովելու իսրայէլեան ամբողջական նահանջը, գերիներուն ազատ արձակումը եւ երկրին վերականգնումը: «Կայունութիւն եւ բարգաւաճում չկայ առանց գերիշխանութեան», ըսաւ Քասէմ եւ կառավարութեան կոչ ուղղեց գումարելու վստահութեան վերականգնումի նիստեր, «վերնախաւի ներկայացուցիչներէն» խնդրելով օգնել կառավարութեան, որպէսզի վերականգնէ երկրին գերիշխանութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան, հանրահաւաքին յետաձգումը կը բխի լիբանանեան ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութենէն, ազգային միասնականութեան յանձնառու մնալու առումով որոշ հեղինակութիւններու մաղթանքներէն եւ կառուցողական երկխօսութիւն կատարելու մտադրութենէն: «Այս որոշումը կը խափանէ Լիբանանի ներքին համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգելու փորձերը», նշեցին Հըզպալլան ու Ամալը, վերահաստատելով որ դատը չէ յետաձգուած, Դիմադրութեան ու անոր զէնքին արժանապատուութեան պահպանումը չէ թուլացած, այլ պիտի շարունակէ անհրաժեշտութեան պարագային աղաղակել:
Նշենք, որ Հըզպալլան ու Ամալը երէկ առաւօտեան հրապարակուած կոչով մը իրենց հետեւորդներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանցիներուն կոչ ուղղած էին վաղը յետմիջօրէին հաւաքուելու վարչապետարանին կից՝ Ռիատ Սոլհի անուան հրապարակին վրայ, դատապարտելու համար Հըզպալլան եւ զինեալ այլ կազմակերպութիւնները ապազինելու մասին կառավարութեան կայացուցած որոշումը:

