Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ

August 26, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կարեւորեց Լիբանանի պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ արտերկրին վստահութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը: «Լիբանան այս ուղղութեամբ սկսաւ ձեռնարկել որոշ քայլերու, որոնք դանդաղ են, սակայն կ’ընթանան ճշգրիտ ուղղութեամբ, նկատի առնելով խորհրդարանական սահմանափակումները», ըսաւ Աուն՝ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունած պատուիրակութիւններուն հետ զրուցած ատեն: Նախագահին խօսքով, միայն պետութիւնը կրնայ պահպանել Լիբանանն ու բոլոր յարանուանութիւնները, ուստի պէտք է յառաջ ընթանալ պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու ջանքերով:

Խօսելով հարաւի վիճակին մասին, Աուն ամերիկացի ծերակուտական Տէրին Լահուտը ընդունած ատեն դիտել տուաւ, որ Պէյրութ այժմ կը սպասէ միջնորդ Թոմ Պարրաքի առաջարկներուն լիբանանեան մեկնաբանութիւններուն իսրայէլեան վերջնական պատասխանները: Աունի համաձայն, ամերիկացի միջնորդը Լիբանան պիտի այցելէ յառաջիկայ Երեքշաբթի եւ փոխանցէ իսրայէլեան որոշումները: Նախագահը կարեւորեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանցի գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը եւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայումին ամբողջացումը:

Share63Tweet40
Previous Post

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ» (Բ. ՀԱՏՈՐ) – 2

Next Post

ԲԱՆԱԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄՐՈՑՆ Է

Next Post
ԲԱՆԱԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄՐՈՑՆ Է

ԲԱՆԱԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄՐՈՑՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.