Քրիստոնեայ մարդը հա՞րկ է որ թլփատուած ըլլայ, թէ՞ ոչ։
Ահա՛ հարցում մը եւս, որ կ՛իյնայ աստուածաբանութեան ծիրին մէջ եւ որուն պատասխանը, քննարկուող գիրքին էջերուն, բաւական հետաքրքրական է։
Նախ կը շեշտուի, թէ Հին Կտակարանի «Գիրք ծննդոց»ին մէջ Աստուած հրահանգեց Աբրահամին, որ ամէն արու զաւակ իր ծնունդէն ութ օր ետք պէտք է թլփատուի։ Յիսո՛ւս ալ թլփատուեցաւ։ Զանց կ՛առնենք այս հրահանգին աստուածաբանական բացատրութիւնները ու միայն կարեւորութեամբ կ՛ընդգծենք հետեւեալ հաստատումը. «Քրիստոնէական կեանքին մէջ թլփատութիւնը փոխարինուեցաւ մկրտութեամբ։ Այն՝ ինչ որ Հին Կտակարանին մէջ թլփատութիւնը իբրեւ խորհուրդ իր մէջ կը կրէր, նոյն խորհուրդը կը պարփակուի մկրտութեան մէջ։ Եւ այդ պատճառով ալ, Քրիստոսով մարմնական թլփատութիւնը իբրեւ օրէնք իր վախճանին հասաւ եւ մկրտութիւնը իբրեւ հոգեւոր եւ ճշմարիտ խորհուրդ փոխարինեց զայն» (էջ 149-150)։ Այլ խօսքով՝ «մկրտութիւնը սրտի հոգեւոր թլփատութիւնն է» (էջ 156)։
Կարդալէ ետք այս յստակ տողերը, ակամայ կ՛ափսոսաս, թէ որքա՜ն սին ու փուճ վէճերու անձնատուր եղեր են մեր հանրապետութեան եկեղեցական ու քաղաքական վերին իշխանաւորները, անցեալները, նոյն այս թլփատութեան հարցով զիրար ամբաստանելով…։
Առանձին գլուխ մը յատկացուած է այն հարցումին, թէ «մարդիկ ինչո՞ւ անհաւատ են»։ Ինչպէ՞ս բացատրել վերջին 100-150 տարիներու շարք մը երեւելի դէմքերուն անհաւատութիւնը։ Զորօրինակ, Հիթլէր, Նիցչէ, Շոփընհաուըր, Տարվին, Ժան-Փօլ Սարթր, Մարքս։ Այս վերջինը որդեգրած էր այն գաղափարը, թէ «մարդը ի՛նքն էր որ ստեղծեց զԱստուած եւ ոչ թէ Աստուած էր որ ստեղծեց մարդը»։ Մարքսի համար «Կրօնքը ժողովուրդին թմրանիւթն էր»։ Միւս անունները եւս, սա կամ նա ձեւով, չէին հաւատար Աստուծոյ, կ՛ուրանային անոր գոյութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Երեւոյթը կը բացատրուի անոնց հոգեբանական վերիվայրումներով, պատանեկութեան շրջանին ապրուած ցնցումներով։
Իսկ այսօ՞ր։ Ինչո՞ւ մեծաթիւ երիտասարդներ, համալսարանականներ չեն հաւատար Աստուծոյ։ Պատասխանը կ՛ամփոփուի այն գաղափարին մէջ, թէ երիտասարդներուն միտքը տանջող հարցումները շատ յաճախ կը մնան անպատասխան. մեր եկեղեցականները գոհացուցիչ պատասխաններ չեն տար անոնց (ինչո՞ւ…, թերեւս կարգ մը եկեղեցականներու բաւարար զարգացում ձեռքբերած չըլլալուն պատճառով), եւ ուստի՝ դուրսը բազմաթիւ մոլորեցուցիչ եւ կործանարար տեսութիւններու կամ թիւր ուսուցումներու զոհ կ՛երթան անոնք…։ Եւ հոս ալ՝ բարերար դեր կրնայ խաղալ մի՛միայն այն հոգեւորականը, որուն խօսքը, վարքն ու կենցաղը ներդաշնակ են իրարու…։ Նիւթը նորատիպ հատորին մէջ քննարկուած է լայնօրէն, շուրջ 60 էջերու երկայնքին։ Սեւեռումի ենթարկուած են անհաւատութեան ամէն տեսակի դրդապատճառները։ Նոյնիսկ պատասխան տրուած է անհաւատներու կողմէ շատ յեղյեղուած այն հարցումին, թէ «Եթէ Աստուած կայ եւ ան բարի է, հապա ինչո՞ւ այսքան չարիք, նեղութիւն ու տառապանք կ՛արտօնէ»…։
Ահա՛ ուրիշ հարցում մըն ալ. «Միթէ գիտութիւնը կը հակադրուի՞ Աստուծոյ գոյութեան»։ Այս հարցումը կը միտի կրօնքն ու գիտութիւնը հակադրել իրարու։ Բայց «իսկական գիտնականը որքան գիտութեան մէջ յառաջանայ՝ ա՛յնքան աւելի կը խոնարհի եւ Աստուծոյ մեծութեան դիմաց երկիւղ կը ցուցաբերէ։ Ի՛նչքան աւելիով ուսանիս, զարգանաս ու հասկնաս, այնքան աւելիով պիտի բացայայտես, որ տակաւին շատ փոքր ես եւ գրեթէ ոչինչ ես մեծ ու հզօր, անմահ ու անվախճան յաւիտենական Աստուծոյ առջեւ» (էջ 253-254)։
Դեգերեցանք աստուածաբանական հարց պատասխաններու շուրջ ու հասանք գիրքին վերջին բաժնին։ Այս բաժինը, որ կ՛ընդգրկէ ութ կարճ յօդուածներ, ունի ընկերաբարոյական բնոյթ։ Ասոնք թարգմանութիւն են անգլերէնէ։
Երբեւիցէ մտածե՞ր էք «լեզուի մեղքեր»-ուն մասին…։ Մեր բերնին մէջ գտնուող սա փոքրիկ միսի կտորը` լեզուն, կրնա՞յ մեղքեր գործել։ Անշո՛ւշտ։ Ստախօսութի՜ւն, վատաբանութի՜ւն, հայհոյա՜նք, անէ՜ծք, անհակակշիռ բարկացայտ խօսքե՜ր, նոյնիսկ՝ շատախօսութիւն եւ ինքնամեծարում…։
Հետաքրքրական նիւթ մըն է «Ազատութեան ուղիղ ըմբռնումը», մանաւանդ որ կ՛ապրինք բացարձակ ազատութեան դարաշրջանի մը մէջ, զերծ՝ ամէն տեսակ կաշկանդումներէ եւ կապանքներէ։ Բայց այդ «ազատութիւն»-ը ուրկէ՞ կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ։ Քրիստոնէական տեսաբանութիւնը կ՛ըսէ եղեր. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ ինծի»։ Կամ՝ «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց պէտք չէ որեւէ բանի գերին դառնամ»։ Իմաստուն խորհուրդ։
Կը փակենք գիրքը գոհունակութեամբ։
Մեր ընթերցողներն ալ հաստատեցին հաւանաբար, թէ աստուածաբանութիւնը այնքան ալ անմատչելի կամ խրտչեցնող գիտութիւն չէ։ Ա՛ն ալ ունի իր փիլիսոփայական հետաքրքրական երեսները, որոնք հարկ է բացատրել ու մեկնաբանել պարզօրէն։
Մակար սրբազանի հայացումները օգտաւէտ են եւ ուսանելի։ Բայց մենք այսուհետեւ պիտի ակնկալենք, որ մեր սիրեցեալ սրբազանը,- որ կը գտնուի իր մտաւորական եւ իմացական բարձրակէտին վրայ,– փակէ հայացումներու էջը ու ձեռնարկէ ինքնուրոյն, ինքնաստեղծ գործերու, որոնք ըլլան ո՛ւղղակի բխումները իր մտքին ու հոգիին…։ Գիտենք, որ իր ներսիդին կան զանակներու եւ ոսկի շիթերու մեծ կուտակումներ…

