Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ ցաւակցեցաւ հարաւի մէջ զինամթերանոցի պայթումէն զոհուած զինուորներէն երկուքին հարազատներուն: Ան մեծարեց զինուորներուն ծառայասիրութեան եւ զոհողութեան ոգին, վստահեցնելով որ զինուորական հաստատութեան անդամները Լիբանանի ամբողջ տարածքին կը գործադրեն զգայուն եւ բարդ գործողութիւններ, դիմագրաւելով զանազան վտանգներ՝ ներառեալ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները հարաւի մէջ: «Բանակը մեր ամրոցն է եւ բոլոր լիբանանցիներուն պաշտպանութեան առաջին գիծը: Բանակը կը հանդիսանայ երկրի դիմակայութեան գլխաւոր գործօններէն մէկը», շեշտեց զօրավար Հայքալ:

