Մատենագիտական ծաւալուն ոլորտ մը պրպտած է ծանօթ մատենագէտ, բանասէր Յովսէփ Նալպանտեան իր նոր հատորով: 246 էջէ բաղկացած նորատիպով, ան լուսարձակի տակ առած է հայկական բառարանները՝ ծննդեան օրէն (1621 թ.) մինչեւ 2024 թուականը: Ինչ խօսք, բառարանները բացի բանասիրական կարեւորութենէ, ունին գործնական եւ կիրառական նշանակութիւն: Անհնար է պատկերացնել որեւէ առարկայի մասնագիտացում կամ հմտութիւն՝ առանց բառարաններու: Աւելին՝ բառարաններու անխուսափելի կարիքը կը զգան աշակերտներէ եւ ուսանողներէ մինչեւ որեւէ նիւթի մասնագէտներ կամ հմտանալու ձգտող ժրաջան միտքեր:
Ահա այս նպատակով, գիրքին հեղինակը, մատենագիտական տուեալներով, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ հայկական բառարաններու երկար ցանկը (աւելի քան 1020): Նման մեծղի գործ մը ամբողջական չի կրնար ըլլալ՝ նկատի առնելով բազմաթիւ գաղութներ եւ տարբեր ժամանակներ ընդգրկող հանգամանքները. արդէն հեղինակն ալ կը խոստովանի այս փաստը իր գրած Յառաջաբանին մէջ՝ «Չնայած կատարուսծ պրպտուն աշխատանքին, յաւակնութիւն չունինք այն կատարեալ նկատելու»: Հոն կը գրուի նաեւ գիրքին օգտագործման ձեւի մասին:
Հեղինակը, առ ի հետաքրքրութիւն, էջ 12-40 մէջբերած է տարբեր հայ բառարանագիրներու գործերէն արժեւորման խօսքեր: Այս բաժնին մէջ կը տեսնենք ականաւոր դէմքերու անուններ, որոնք իրենց անգնահատելի ներդրումը ունեցած են հայոց լեզուին հարստացման եւ տարածման մէջ, ինչպէս՝ Հ. Մխիթար Սեբաստացի, «Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» կոթողային գործին հեղինակներ՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան, Հ. Մկրտիչ Աւգերեան, Հ. Խաչատուր Սիւրմէլեան, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Փէշտըմալճեան, Ճանիկ Արամեան, Մանուէլ վրդ. Քաջունի, Միհրան Աբիկեան, Մինաս Մինասեան, Յ. Գայաեան (Մխիթար Պոնտացի), Արմենակ Պետեւեան, Մեսրոպ Գույումճեան, Պետրոս վրդ. Ճիզմէճեան, Ժորժ Թազպազեան, Միհրան Յովհաննէսեան եւ Վահան վրդ. Օհանեան: Սրտառուչ են Սուրիա բնակած եւ հոն լոյս ընծայած երկհատորեայ հաստափոր բառարաններու հեղինակ Պետրոս վրդ.-ի խօսքերը բառարաններու մուտքին մէջ արձանագրուած, ուր կը կարդանք՝ «Սիրելի Հայ ընթերցող, դու պէտք է ըլլաս եւ ջանաս Հայկական միջնաբերդին քաջարի զինուորին պէս: Այս բառարանս քեզ յոյժ կարեւոր՝ իբր ջահ եւ զէնք ա՛ռ, քու Մայրենի լեզուդ պաշտպանելու, պահելու եւ կատարելապէս տիրապետելու համար անոր, արտայայտելով քու գաղափարդ ճոխ բառամթերքով». նաեւ՝ «Սիրէ՛ այս ջահը ու լուսաւորէ՛ անով:
Ա՛ռ այս զէնքը, զօրացիր ու պաշտպանէ՛ քու մեծասքանչ լեզուդ՝ Հայերէնը: Սիրէ՛ այս բառագանձը անվարան, վասն զի այսու պիտի սորվիս սիրել մայրենի լեզուդ ու պիտի պաշտպանես ու տեւականացնես քու բազմահազարամեայ Հայ Ազգդ, որ առաջին ջահակիրն է Արեւելքի հանճարեղ ու գործօն: Սիրէ՛ քու հանճարիդ ցոլքը, արձակէ՛ բիւր բոցեր եւ տոչորէ բիւր սրտեր: Օ՛ն, արի՛ հայ արծիւ, քալէ՛ միշտ առաջ, անվեհեր, քու քաջ նախնեացդ լո՛յս ուղիէն վազէ՛, ընթացի՛ր, սլացի՛ր»: Իր հերթին Հ. Մանուէլ վրդ. Քաջունի կ’անդրադառնայ իր նախաձեռնած գործին դժուարութեան՝ «…Թէ քանի՜ ծանր եւ յուսաբեկ աշխատութեանց հարկ եղեւ ինձ մաքառել եւ յաղթահարել, աւելորդ է ինձ աստ երկայնաբանել. մտացի ընթերցողք կարեն յինքեանց իսկ դատաստան առնել յակն արկանելով ի վաստակս:
Այնչափ ծանր էր գործն եւ ստուարակարկատ, մինչեւ ծնանել յիս բազում անգամ խորհրդոց ձեռնթափ լինելոյ» եւ այլն: Հետաքրքրական միտքեր կը յայտնէ հայերէն-ֆրանսերէն բառարանի հեղինակ Միհրան Յովհաննէսեան. «Արդարեւ, ամէն գիրք այդ գիրքը գրողին մտքի ծնունդն է, ի բաց առեալ Բառագիրքը որուն Հայրը եւ Հեղինակը ժողովուրդն է: Անոր պատրաստութեան մէջ ամէն մարդ իրեն վիճակուած բաժինն ունի, բառարան շինողը բառերը կը հաւաքէ, կը կոկէ եւ զանոնք իրենց բուն տիրոջ՝ ժողովուրդին կը վերադարձնէ:
Բառաշինութիւնը մէկ անձի մը մենաշնորհը եւ կամ մէկ գրական խնբակցութեան մը սեպհականութիւնը չէ, այլ ընդհանուրին անբռնաբարելի իրաւունքը: Միայն թէ առաջին հասնողը յանուն ժողովուրդին իր մտացածին բառերը չի կրնար պարտադրել: Բժիշկը կը խօսի առողջաբանութեան գիրքերու մէջ, իրաւագէտը իր ձայնը լսելի կ’ընէ դատաստանագիրքին մէջ, քահանան՝ քրիստոնէական վարդապետութեան գրոց մէջ, մանկավարժը՝ դաստիարակութեան վերաբերեալ հարցերը լուծելու պահուն»:
Այնուհետեւ, էջ 42-196 կրնանք հետեւիլ բառարաններու ցանկին՝ ժամանակագրական կարգով: Առաջին տպագիր բառարանը՝ 1621-ին՝ Բառգիրք հայոց. բառարան հայ լատինական, լոյս տեսած է Միլանօ. հեղինակն է Ֆրանչիսքօ Ռիվոլա, 487 էջ: Վերահրատարակուած է Փարիզ՝ 1633-ին: Կարծէք Իտալիան եղած է հայկական բառարաններու բնօրրանը, քանի յաջորդական բառարանները լոյս տեսած են Հռոմ, Վենետիկ եւ ապա Կ. Պոլիս, Ս. Փեթերսպուրկ, Նոր Նախիջեւան, Մոսկուա, Կալկաթա եւ այլն: Հետեւելով բառարաններու բովանդակութեան, ուշագրաւ է որ նախ անոնք կը վերաբերին լեզուներու եւ աւելի ետք կը ստանան բազմաբնոյթ ոլորտներ, նիւթեր եւ մասնագիտութիւններ: Յատկապէս խորհրդային օրերուն, տարբեր ճիւղեր եւ ասպարէզներ ունեցան իրենց յատուկ բառարանները եւ երբեմն իրենց տարբերակներով: Լեզուներու առումով բաւական ընդարձակ է ծիրը՝ հայերէնէ լատիներէն, իտալերէն, տաճկերէն (թրքերէն), ռուսերէն, անգլերէն, գաղղիերէն (ֆրանսերէն), պարսկերէն, յունարէն եւ փոխադարձաբար, աւելի ուշ՝ արաբերէն, սպաներէն, վրացերէն, ատրպէյճաներէն, պահլաւերէն, չեխերէն եւ անշուշտ՝ գրաբար-աշխարհաբար բառարաններ: Երբեմն կան երեքլեզուեան կամ չորսլեզուեան հետաքրքրական բառարաններ, որոնք օգտագործուած են հայկական տարբեր շերտերու կողմէ:
Անկէ ետք հպանցիկ ակնարկ մը նետելով տարուէ տարի լոյս ընծայուած բառարաններու վրայ, ապշիլ կարելի է թէ ինչպիսի պէսպիսուն բառարաններով ճոխացած է հայոց գրադարանը եւ ինչպիսի դիւրութիւններ ընծայուած են ուսումնասիրողներու՝ իրենց ձեռքին տակ ունենալով օգտաւէտ բառարաններ: Նաեւ ընդգրկուած են նոր օճախներ բառարաններու տպագրութեան՝ ինչպէս Վիեննա, Աթէնք, Էջմիածին, Հալէպ, Գահիրէ, Անթիլիաս, Պէյրութ, ԱՄՆ եւ աւելի ուշ տիրական դարձած է Երեւանը: Օրինակ՝ յիշարժան է Հայր Սուքիաս Էփրիկեանի Պատկերազարդ Բնաշխարհիկ Բառարան գործը (Վենետիկ- Ս. Ղազար, 1903-1905), որ ցաւալիօրէն մնաց կիսատ: Ահա կարգ մը վերնագրեր բառարաններու զանազանութենէն՝ Բառարան Սուրբ Գրոց, Քաղաքական Համառօտ Բառարան, Փիլիսոփայական Բառարան, Բարոյագիտական Բառարան, Դիցաբանական Բառարան, Աշխարհագրական Անունների Բացատրական Բառարան, Կենսագրական Բառարան, Հոմանիշների Բառարան, Գրականագիտական Բառարան, Ծիսական Բառարան, Դարձուածաբանական Բացատրական Բառարան, Աթեիստի Գրպանի Բառարան, Հոգեբանական Բառարան, Երաժշտական Բառարան (տարբերակներով), Հայ Կերպարուեստագէտներ. Համառօտ Բառարան, Ռատիոէլեկտրոնիկայի Բառարան, Ծիծաղի Բառարան, Հայոց Ազգանուններու Բառարան, Մարմնամարզական Տերմինների Տեղեկատու Բառարան, Լեռնատեխնիկական Տերմինների Ռուս-Հայերէն Բացատրական Բառարան, Էկոլոգիական Բացատրական Բառարան, Սահմանադրական Հասկացութիւնների Համառօտ Բառարան, Բուսաբանական Բառարան, Ապացուցողական Բժշկութեան Տերմինների Բացատրական Բառարան, Եկեղեցական Բառարան, Հայերէնի Ածանցներու Բառարան, Հայերէն Շրջասութիւններու Բառարան եւ այլն:
Այստեղ կ’արժէ առանձնացնել քանի մը անուններ, որոնք վիթխարի ներդրում ունեցած են հայկական բառարանաշինութեան մէջ, առաջինը հաստատապէս Հրաչեայ Աճառեանն է, որ, հակառակ միականի ըլլալուն, հայութեան նուիրեց երկու իւրայատուկ բառարաններ՝ Հայերէն Արմատական Բառարան (քառահատոր) եւ Անձնանունների Բառարան (հինգ հատոր). Ստեփան Մալխասեանց՝ Հայերէն Բացատրական Բառարան (քառահատոր). Էդուարդ Աղայեան՝ Արդի Հայերէնի Բացատրական Բառարան (երկու հատոր). Աշոտ Սուքիասեան՝ Հոմանիշների Բառարան. Արարատ Ղարիպեանի գործը. ինքնատիպ գործ է Պախտիար Յովակիմեանի Ծածկանուններու Բառարանը. Գառնիկ Ստեփանեան՝ Կենսագրական Բառարան: Վահան Արծրունիի Բժշկագիտական Բառարանը: Ակնածանօք պէտք է խոնարհինք այն պատկառելի գործին առջեւ, որ կը կրէ Հայաստանի Եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան (հինգ փորեղ հատորներ) խորագիրը, որուն հեղինակներն են Յովհաննէս Բարսեղեան, Ստ. Մելիք-Բախշեան եւ Թադէոս Յակոբեան: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Հայաստանի Ակադեմիոյ պատրաստած Հայոց Լեզուի Բացատրական ծաւալուն քառահատորեակը: Բազմազան են նաեւ հայոց բարբառներու բառարանները:
Բառարաններու երկար ցանկէն վերջ Յ. Նալպանտեան կազմած է նաեւ անթուակիր եւ անտիպ բառարաններու ցանկ մը: Գիրքին վերջաբանը գրած է բանասէր, դոկտ. փրոֆ. Վանօ Եղիազարեան: Ապա կը կարդանք Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշարին լոյս ընծայած հատորներուն անունները:

